“Արմենփրես”,- Լիբանանի մէջ Մայիս 6ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները դեռ կ՛ամփոփուին, սակայն նախնական տուեալներով արդէն պարզ է, թէ հայ համայնքին յատկացուած վեց պատգամաւորական աթոռէն 5ը որոնք պիտի զբաղեցնեն:
«Լիբանանի խորհրդարանի պատգամաւոր ընտրուած է ՀՅ Դաշնակցութենէն Յակոբ Բագրատունին, Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանդր Մաթոսեան, ինչպէս նաեւ Ժան Թալուզեան, որ առաջադրուած է «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութենէն, եւ Փօլա Եագուպեանը` առաջադրուած քաղաքացիական շարժման կողմէ», տեղեկացուած «Ազդակ»ի խմբագիր Շահան Գանտահարեան:
Ռամկավար ազատական եւ Հնչակեան կուսակցութիւններու առաջադրած թեկնածուները չեն ընտրուած:
Լիբանանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութիւնը առաջարկած էր 4 թեկնածու, Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը` 3, Հնչակեանը` 1:
Նշենք, որ 9 տարի ետք, Լիբանանի մէջ ի վերջոյ կատարուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններ, համաձայն ընտրական նոր օրէնքին, այլ խօսքով` համամասնական եւ նախընտրութեան քուէի դրութեամբ օժտուած ընտրական օրէնքին: