“Նայիրի” երգչախումբի վերջին ելոյթէն պահ մը:
Ապրելով հայրենիքէն հեռու, սփիւռքահայը ունի առաւելութիւնը իր ազգի պատմութիւնն ու մշակութային ժառանգը օտարին ծանօթացնելու, փոքր ճիգով օգտուելով անմիջական շրջապատի հաղորդականութենէն: Կարեւոր է օգտուիլ որեւէ ստեղծուած առիթէ այդ առաքելութեանը ծառայեցնելու համար:
Ահա, այդպիսի առիթ մըն է Singing Together ամէնամեայ համերգային նախաձեռնութիւնը, որ իրարու մօտ կը բերէ տասնեակ եւ աւելի թորոնթոբնակ ազգային համայնքներու երգչախումբեր մէկ եկեղեցւոյ գմբեթի տակ եւ մէկ բեմի վրայ, միասին ներկայացնելու եւ ըմբոշխնելու ethnic մշակոյթներու երգ երաժշտութեան նմոյշ պատառիկները: Singing Together-ը 1995-էն ի վեր ամէն տարի անընդմէջ յաջողութեամբ կը կազմակերպուի Ապրիլ կամ Մայիս ամիսներուն:
Շաբաթ՝ 4 Մայիսի 2019-ի երեկոյեան, St. Paschal Baylon Church, Thornhill, ON եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան համերգային հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ բազմազգ համայնքներու զաւակներուն, որոնք եկած էին վայելելու տարբեր մշակոյթներու երգչախմբային կատարումները, ի շարս այլոց նաեւ՝ հայկականը: Մօտ եօթ հարիւր հանդիսատեսներու ներկայութեան ելոյթ ունեցաւ ՙՆայիրի՚ երգչախումբը: Ասիկա ՙՆայիրի՚ի 21-րդ ելոյթն էր:
Թորոնթոյի եւ շրջակայքի Հայ համայնքը հետեւողականօրէն իր բաժինն ու մասնակցութիւնը կը բերէ այս միջէթնիք համայնքային մշակութային ձեռնարկին, շնորհիւ ՙՆայիրի՚ երգչախումբին: Արդարեւ,1998էն սկսեալ մինչ օրս ՙՆայիրի՚ երգչախումբը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Singing Together-ին:
Մայիսի 4-ին կայացած համերգին երգչախումբը Հայ եւ օտար հանդիսատեսին ներկայացուց չորս երգեր՝ ՙԵրգ Բարեկամութեան՚ երժշ. Կէօզէլեան, ՙՈվ Հայոց Աշխարհ՚ երժշ. Ս. Տարօնցի, ՙԱրփա Սեւան՚ երժշ. Է. Յովհաննէսեան, ՙՀայրենիքիս Հետ՚ Յովհաննէս Թումանեան` երժշ. Ա. Յարութիւնեան։
Մայիսի 4-ին ՙՆայիրի՚ն բեմ բարձրացաւ հետեւեալ կազմով՝
Սոփրանօ՝ Մարինա Տորնա, Ամալիա Գաբրիէլեան, Անահիտ Քէրքէզեան, Ալիս Տէօքմէճեան, Աստղիկ Այնթապլեան, Սիլվա Շամլեան, Սոնա Պետիկեան:
Ալթօ՝ Հաբրուկ Արսլանեան, Զուարթ Փափազեան, Ասիք Այվազեան, Յասմիկ Աբրահամեան, Սոնա Գալճեան Տոլապճեան:
Թենօրª Միհրան Ճիզմէճեան, Լեւոն Քալէմքէրեան, Մովսէս Հայիթեան, Մհեր Մինասեան:
Պաս՝ Հայկ Ակոբեան, Գէորգ Ալաճաճեան, Գէորգ Ճիզմէճեան, Գուրգէն Մանկասարեան։ Խմբավար՝ Վազգէն Գալճեան եւ դաշնամուրի ընկերակցութիւն՝ Սոնա Յովսէփեանի:
Նախորդ տարիներու համերգներուն մասնակից երգչախումբերու թիւը հասած է 14ի: Այս տարուան համերգին մասնակցեցան եօթը երգչախումբեր: Իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Օքվիլ/Միսսիսակա շրջանէն Հայկական մանկապատանեկան ՙՆուռ՚ երգչախումբը ղեկավարութեամբ՝ ՙՆայիրի՚ երգչախումբի նախկին անդամ Ֆրանք Փէթիզեանի:
Անցնող տարիներու նման այս տարի ալ ՙՆայիրի՚ի երգի կատարումները մեծ խանդավառութիւն ու համակրանք ստեղծեցին օտար հանդիսատեսին մօտ: Երգչախումբի անդամները այս ելոյթին պատրաստուած էին երկու ամսուան ընթացքին, շաբաթը մէկ անգամ փորձերով:
ՙՆայիրի՚ն ներկայիս կը հաշուէ երեսունէ աւելի անդամներ, որոնք ձմրան ձիւնն ու ցուրտն իսկ անտեսելով շաբաթը մէկ կը հանդիպին երգի փորձերուն համար: Քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք անցեալին մաս կազմած են այս երգչախումբին, սակայն այսօր անհատական յարգելի պատճառներով անոնք դադրած են:
Երգչախումբին անդամակցութեան համար սահմանափակումներ չկան Թորոնթոյի եւ շրջակայքի Հայ գաղութի զաւակներուն առջեւ: Հայ երգն ու երաժշտութիւնը գնահատող ամէն անձ կրնայ անդամակցութեան վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ կապ հաստատելով Մարինա Տորնայի հետ: