Վեց տարիներու բացակայութենէ ետք, Քեսապը կրկին պատանիներու կանչերուն ճռուողումով լեցուեցաւ: Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան 2017ի տարեկան բանակումը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 26էն Սեպտեմբեր 3, Քեսապի Կազդուրման Կայանէն ներս, մասնակցութեամբ 206 պատանիներու՝ Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մասնաճիւղերէն։
Օգոստոս 26ի առաւօտեան մեկնումն էր Հալէպէն ու թէեւ ճամբորդութիւնը հեզասահ չընթացաւ, սակայն պատանիները անփորձանք հասան Քեսապ ու միացան Քեսապի եւ Լաթաքիոյ պատանիներուն: «Նեմեսիս» բանակումը ընթացք առաւ Օգոստոս 27ին, պատանիները տարիքային խումբերու բաժնուելով կազմեցին 8 խումբեր՝ կրելով «Նեմեսիս» գործունէութեան գործիչներուն անունները: Ամէնօրեայ օրակարգը կը սկսէր առաւօտեան ժամը 6:00ին, մարզանքէն ետք, աշխոյժ ու կայտառ պատանիները կ’անցնէին դրօշակի արարողութեան, ու Հայաստանի եւ ՀՅԴի դրօշները բարձրացնելով, «Մշակ Բանուոր» քայլերգի երգեցողութեամբ կը սկսէին իրենց օրը: Անոնց կը մատուցուէին դաստիարակչական յատուկ դասախօսութիւններ՝ ՀՅԴ պատմութեան, Հայ Դատին, Հայաստանի ու Արցախի մասին, տեղի կ՛ունենային ազգային նիւթերով զրոյցներ, ուր պատանիները անկեղծօրէն կ’արտայայտուէին ու կարծիքներ կը փոխանակէին: Հաճելի պահերէն մէկն ալ Հայ Յեղափոխութեան պատմութենէն դրուագներու պատմումն էր, որոնց մեծ հետաքրքրութեամբ կը սպասէին պատանիները՝ ծանօթանալու ֆետայիի տիպարին, ներշնչուելու անոր արիութենէն: Հարց-պատասխանի մրցումներն ու դաշտային-մարզական խաղերը մրցակցութեան ոգին եւ ընկերասիրութիւնը կը խթանէին: Այս բոլորին կողքին պատանիները մասնակցեցան ծովագնացութեան, արշաւի, երգի ուսուցման, ազգային-յեղափոխական երգերու ճոխ ու խանդավառ խրախճանքներու: Կազմուեցան յանձնախումբեր՝ պատի թերթի, բանակավայրի բարեկարգման, մարզանքի ու խարուկահանդէսի պատրաստութեան:
Վերջին օրը ծնողներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ խարուկահանդէսը, որուն ընթացքին պատանիները ներկայացուցին բանակումի իրենց ողջ աշխատանքը, գեղարուեստական կոկիկ յայտագրի մը կողքին:
Մէկ շաբթուան ընթացքին պատանիները կը սորվին իրարու հետ գործակցիլ, մտածել հայօրէն։ Դաստիարակչական ծրագիրը, ընկերային զրոյցները կարեւոր տեղ կը գրաւեն անոնց առօրեային մէջ, որովհետեւ կ‘ընդգրկեն Հայ Դատին, Հայաստանին եւ Արցախին ու Սփիւռքին առնչուող հարցեր։