Ակնարկ՝ Քեսապի Ապահովական Իրավիճակին, Բնակչութեան Դժուարութիւններուն եւ Համաճարակի Միջոցառումներուն Մասին


Քեսապէն համայնապատկեր մը

“Քեսապցին, որ տեսաւ տեղահանութիւն, անկասկած պիտի յաղթահարէ նաեւ աննախընթաց տնտեսական ճգնաժամը եւ պսակաձեւ ժահրին բերումով յառաջացած դժուարութիւնները՝ իր լաւատեսութեամբ, իր ժուժկալ կենցաղով եւ յամառ աշխատանքով”

«Թորոնթոհայ» Քեսապի ներկայ ապահովական իրավիճակին, բնակչութեան դիմագրաւած ընկերա-տնտեսական դժուարութիւններուն եւ համաճարակի գծով միջոցառումներուն մասին տեղեկութիւն ստանալու նպատակով դիմեց գիւղի ազգային մարմիններուն եւ ստացաւ հետեւեալ բացատրականը․

Տեղահանութենէն վեց տարի անց, Քեսապցին տակաւին չէ գտած իր նախկին բարեկեցիկ վիճակը: Տնտեսական սուր տագնապը եւ համաճարակը կանխարգիլելու պայմանները խանգարիչ ազդեցութիւն ունեցած են ինչպէս գաղութին այնպէս ալ քեսապահայութեան անհատական, ընտանեկան եւ հաւաքական կենանքին վրայ: Ասով մէկտեղ քեսապցին թէեւ սահմանափակ կերպով բայց կը շարունակէ իր նիւթական եւ ոգեղէն կենսագործութիւնը:

Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւնները կը շարունակուին տակաւին: Բախումներուն թէժ գօտին երկրի հիւսիս արեւելքն է: Քեսապին ամենէն մօտիկ շրջանը, ուր յաճախակի կ’ընթանան զինուորական  ծանր ու թեթեւ բախումներ, Իտլէպ քաղաքն է, որ  համարեա թրքական ազդեցութեան տակ անցած է:  Զինուորական ընդհարումներուն արձագանգը  կը լսուի Քեսապ: Սուրիոյ պետական բանակը կը հսկէ Սուրիա-Թուրքիա սահամագիծին Քեսապի  հատուածին: Այնպէս որ ներկայ իրադրութեամբ շրջանը խաղաղ է, մտահոգիչ ապահովական հարցեր չկան:

Ներկայիս, ժողովուրդին մտահոգողը ապրուստի հարցն է: Արեւմուտքի կողմէ Սուրիոյ դէմ շղթայազերծած եւ երկարաձգուող զինուորականէն բացի տնտեսական պատերազմը ստեղծած է տնտեսական սուր ճգնաժամ: Յունիս 16-էն գործադրութեան դրուած «Կայսեր Օրէնք»ը ալ աւելի պիտի ծանրացնէ այս վիճակը: Արտարժոյթի դիմաց սուրիական լիրային արագընթաց անկումն ու սղաճը ստեղծած են ապրուստի լուրջ տագնապ, ինչ որ աննախընթաց է Սուրիոյ տագնապին սկսելէն ի վեր: Կառավարութիւնը, համագործակցաբար երկրի կեդրոնական դրամատան հետ, որոշ քայլերու դիմած է մեղմելու համար ապօրինի պատժամիջոցներու հետեւանքները: Սակայն դեռեւս այդ նախաձեռնութիւներուն դրական արդիւնքը զգալի չէ գետնի վրայ:

Նախորդ տարուան հետ բաղդատած՝ այս տարի Քեսապի պարտէզները աւելի բերքառատ են: Սակայն դժուարութիւն կայ միջատասպան դեղեր ապահովելու: Բերքին առատութիւնը բաւարար երաշխիք չէ լաւ եկամուտ ապահովելու: Այդ մէկը պայմանաւորուած կը մնայ այլեւայլ ծախսերով: Պարագայական դարձած է ժողովուրդին սննդամթերքի նպաստաբաշխումը:

Քեսապցիները գիւղատնտեսութենէն բացի եկամուտ կ’ապահովեն ամառուան եղանակին տուներ վարձու տալով, ճաշարան եւ պանդոկ աշխատցնելով: Կ’ակնկալուի որ ներքին զբօսաշրջութիւնը ամառուան երկու ամիսներուն աշխուժանայ: Բացի մէկ երկու պարագաներէ, Քեսապի գրեթէ բոլոր ճաշարանները եւ պանդոկները բաց են: Սակայն բնակչութեան գնողական կարողութեան ահաւոր անկում կրած է եւ առեւտուրի շրջանառութեան ծաւալները զգալիօրէն նուազած:

Վերջին երկու երեք տարիներուն Քեսապ լքելով ընտանեօք այլ երկիրներ արտագաղթելու միտումը զգալիօրէն նուազած է: Դժբախտաբար նոյնը կարելի չէ ըսել երիտասարդ սերունդին մասին: Անոնք Քեսապէն եւ երկրէն կը մեկնին հիմնականին մէջ ուսանելու եւ աշխատելու նպատակով, երբեմն նաեւ այլ պարագաներու բերումով:

Համաճարակը եւ անոր տարածումը կանխարգիլելու նպատակով կառավարութիւնը եւ առողջապահական նախարարութիւնը ժամանակին դիմեցին կտրուկ որոշակի քայլերու: Արգիլուեցան համախմբումները, դադրեցան նահանգէ նահանգ երթեւեկութիւնը, փակուեցան կրթական  հաստատութիւնները, ներառեալ Քեսապի դպրոցները, որոնք անկէ ետք օրը օրին հետեւեցան նախարարութեան ցուցմունքներուն եւ զանոնք գործադրեցին լիուլի:

Ամէն տարի Մարտի կիսուն արդէն գրեթէ ամբողջացուցած կ’ըլլանք կրթական ծրագիրը: Այս տարի ալ այդպէս էր: Նախարարութեան որոշումով փոխադրական դասարանները անցան յաջորդ կարգ` ստանալով իրենց վիճակացոյցները: Իսկ պետական միասնական քննութիւն յանձնող դասարաններուն (Թ. եւ ԺԲ. կարգեր) համար նախարարութիւնը, նախապէս ըստ ճշդուած ժամանակացոյցի եւ նիւթերու, լաւագոյն ուսուցիչներու մասնակցութեամբ առցանց կենդանի դասաւանդութիւն կազմակերպեց, դասերը youtube-ի վրայ ալ զետեղելով: Մեր աշակերտները հետեւեցան այդ դասերուն, ոմանք ալ անձնական ուսուցիչներու քով յաճախելով ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները,որպէսզի լաւապէս պատրաստուած ըլլան պետական միասնական քննութեանց: Փոխադրական կարգերու պարագային բաց մնացած գիտելիքները պիտի ամբողջացուին եկող տարեշրջանի առաջին երկու շաբթուան ընթացքին:

Բերիոյ Թեմի Ազգ . Առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդը, նախակրթարանի դպրոցականներուն համար կը պատրաստէ գիտելիքներ զարգացնող մրցումներ, որոնց մեծ հետաքրքրութեամբ եւ մրցակցային ոգիով կը մասնակցին հայկական դպրոցներուն նման Քեսապի աշակերտները:

Սուրիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը չափազանց քիչ է, համեմատած բնակչութեան ընդհանուր թիւին: Յունիս 16-ի դրութեամբ պաշտօնական տուեալներու համաձայն ամբողջ Սուրիոյ տարածքին թիւերը այսպիսին են. վարակուած՝ 177 փաստացի բուժուած՝ 78, մահացած՝ 6: Քեսապցիները կը հետեւին առողջապահական նախարարութեան նախազգուշական բոլոր ցուցումներուն: Այդ շրջագիծին մէջ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան Քեսապի մասնաճիւղի երիտասարդները հականեխեցին ազգային բոլոր կառոյցները, եկեղեցիները, հանրային հաւաքավայրեր, փողոցներ եւ գիւղերու ճամբաններ:

Համաճարակը կանխարգիլելու եւ տարածումը սահմանափակելու նախազգուշական ծիրին մէջ միութիւնները սահմանափակած են իրենց հաւաքները, չեղեալ նկատած են իրենց շատ մը ծրագիրներ եւ դադրած են կազմակերպելէ հանրային մեծ ձեռնարկներ: Այսուհանդերձ, բոլոր կառոյցները, եկեղեցիները, միութիւնները կը շարունակեն իրենց  կենսագործութիւնը, սակայն նուազագոյն ձեւով եւ թիւով:

Քեսապցին, որ տեսաւ տեղահանութիւն եւ ինչպէս նախապէս կարեւոր չափով յաղթահարեց անոր հոգեբանական եւ նիւթական հետեւանքները, բնականաբար դժուարութեամբ, բայց անկասկած պիտի յաջողի յաղթահարել նաեւ աննախընթաց տնտեսական ճգնաժամը եւ  պսակաձեւ ժահրին բերումով բոլոր տեսակի սահմանափակումներուն պատճառած անդրադարձները՝ իր լաւատեսութեամբ, իր ժուժկալ կենցաղով եւ յամառ աշխատանքով:

Հականեխելու աշխատանքներէն պատկեր մը։

 

Երեք համայնքներու ներկայացուցիչները Ապրիլ 24-ին՝ Քեսապի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին յարգանքի տուրք կը մատուցեն։

 

Մայիս 28-ի առիթով Դրօշակի օրհնութիւն, Գարատուրանի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

9-րդ եւ 12-րդ դասարաններու աշակերտները հաղորդութիւն կը ստանան՝ պետական քննութիւններու մեկնելէն առաջ, 18 Յունիս 2020, Քեսապի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։