Աշխարհահռչակ Հայեր Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանի Յարձակումը եւ Կը Զօրակցին Հայաստանի


ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ,- Վերջին օրերուն, Տաւուշի սահմանային գօտիին վրայ Ազրպէյճանի յարձակումներուն եւ գիւղերու ռմբակոծութեան անդրադարձան աշխարհառչակ հայեր՝ քննադատելով Ազրպէյճանը եւ զօրակցութիւն յայտնելով Հայաստանին։  

Ամերիկահայ յայտնի հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան Tweeter-ի իր էջին վրայ գրած է․ «Հակառակ շարունակուող համաշխարհային համավարակին` Ազրպէյճան խախտած է համաշխարհային հրադադար հաստատելու ՄԱԿի կոչը` յարձակումներ գործելով Հայաստանի վրայ: Հայաստանի մէջ քաղաքացիական կառոյցներ թիրախաւորուած են եւ Ազրպէյճան այժմ սպառնացած է հարուածել Հայաստանի մէջ գտնուող կորիզային ելեկտրակայանը։

«Ես իմ հայրենակիցներուս հետ եմ եւ կ՛աղօթեմ անոնց համար, որոնք երկրին մէջ վերջին լարուածութեան ընթացքին սահմանին են: Ես կոչ կ՛ընեմ խաղաղօրէն հանգուցալուծել այս չհրահրուած յարձակումները համավարակի այս արդէն իսկ բարդ պայմաններուն մէջ»։ Ան իր հետեւորդներուն դիմելով խնդրած է կոչ ընել ծերակուտականներուն եւ ներկայացուցիչներուն՝  աջակցելու Հայաստանին։

Ազրպէյճանական յարձակումներուն անդրադարձաւ նաեւ System of a Down խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան։ Երաժիշտը «Instegram-ի իր պաշտօնական էջին վրայ հրապարակած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիևի լուսանկարը, որուն կից գրած է, թէ Հայաստանի և Ազրպէյճանի միջև երբեք խաղաղութիւն չ՛ըլլար, քանի դեռ ազրպէյճանցիները չունին ճիշդ ղեկավար:

«Reddit» կայքի եւ«Initialized Capital» ընկերութեան համահիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան Instegram-ի իր story-ի բաժինին մէջ տեղադրեց Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին գրութիւնը՝ «Ազրպէյճան տարածաշրջանային պատերազմ կը սկսի համաշխարհային  համավարակի պայմաններուն մէջ»:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ «Ռոմա»ի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց սահմանին կանգնած զինուորին: «Մեծագոյն անհանգստութեամբ կը հետեւիմ վերջին օրերուն մեր հայրենիքի սահմաններուն վրայ տեղի ունեցող լարուածութեան, թիրախաւորուած բնակավայրերու մասին լուրերուն եւ կը ցանկամ զօրակցութիւնս յայտնել մեր քաջ զինուորներուն, որոնք կեանքի գնով կը պաշտպանեն մեր հայրենիքը իրենց հերոսական գործողութիւններով:

Խորին վիշտով կը ցաւակցիմ մեր հերոս նահատակներու ընտանիքներուն ու կ՛աղօթեմ վիրաւոր զինուորներու շուտափոյթ ապաքինման համար: 

Խաղաղութիւն կը մաղթեմ մեր հայրենիքին: Ձեզի հետ եմ», գրած է Մխիթարեան:

Ողիմպիական խաղերու, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթիւր Ալեքսանեան եւս իր աջակցութիւնը յայտնած է սահմանապահ զինուորներուն:

«Հրաւիրում եմ միջազգային բոլոր կառոյցների ուշադրութիւնը ՀՀ Տաւուշի մարզում ադրբեջանական զինուած ուժերի կողմից իրականացուող գործողութիւններին, ադրբեջանական իշխանութիւնների կողմից հնչող սպառնալիքներին: Հայ-ադրբեջանական պետական սահմանագծում հաւաքական եկուորների կողմից բազմիցս խախտւում է անդորրը, վախկոտները հազիւ էլ գաղտնի ու գիշերով համարձակուեն յարձակուել: Բանակը քանակով չի որոշւում, այլ հայրենիքին զինուորագրուած երդուեալ, անզիջում պայքարող և հակահարուած տուող փառապանծ զինուորներով: Ես ձեզ հետ եմ, տղե՛րք։ Ես ձեզանից մէ՛կն եմ։ Ես ի՛մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ զինուորն եմ…», Instegram-ի իր էջին վրայ գրած է Ալեքսանեան:

Իսկ Շէր գրեց. «Ազրպէյճան կը սպառնայ պայթեցնել հայկական աթոմակայանը: Պէտք ունինք ձեր օգնութեան՝ կոչ ըրէք, որ Ազրպէյճան դադրեցնէ իր յարձակումը. սանձեցէք Ազրպէյճանը, փրկենք Տաւուշը», ըսած է ան իր խօսքը ուղղելով Քոնկրէսի անդամներուն: