«Ասիկա Հայու Հող Է… Եւ Այդպէս Ալ Պիտի Մնայ», Կ’ըսէ Արցախի Աղաւնոյի Գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեան


Աղաւնոն կը գտնուի Լաչինի միջանցքէն անմիջապէս ետք։ Ան Արցախը Հայաստանի կապող ռազմավարական ճամբու կարեւոր բնակավայրերէն է, որ 2013-ին հիմնուած է ԱՌԻ կազմակերպութեան կողմէ: Իբրեւ Արցախի Քաշաթաղի շրջանի բնակավայր` 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի համաձայնութեամբ պիտի անցնէր ազերիական տիրապետութեան տակ։ Սակայն, բնակիչները մերժեցին լքել իրենց տուները եւ, հակառակ խիստ անապահով կացութեան, կը շարունակեն ապրիլ եւ արարել իրենց հայրենի հողին վրայ։

Կը զրուցենք Աղաւնոյի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեանի հետ՝ մօտէն ծանօթանալու գիւղին կացութեան եւ դժուարութիւններուն մասին։