Արցախեան Շաբաթ


Մարտակերտի Առաջաձոր գիւղէն տեսարան մը

Արցախի Ապահովական Վիճակը

«Արցախփրես», «Թորոնթոհայ»- Ինչպէս անցեալ շաբաթ նշած էինք՝ Մարտ 24-ի գիշերը եւ 25-ին Արցախի Մարտունի շրջանի Փառուխ գիւղի ուղղութեամբ Ազրպէյճանի բանակը յարձակում գործեց՝ օգտագործելով տարբեր զէնքեր եւ անօդաչու թռչող սարքեր(Bayraktar)։ Յարձակման պատճառով Արցախի բանակը ունեցաւ 3 զոհ եւ 14 վիրաւոր։

Ռուս խաղաղապահներու եւ ազերիներու միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք Մարտ 27-ին թշնամին քաշուեցաւ Փառուխ գիւղէն, սակայն չհեռացաւ գիւղի յարակից տարածքներէն եւ Քառագլուխ բարձունքէն։ Այժմ գիւղին մէջ տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները։

  • Ապրիլ 2-ին Արցախի կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնը ահազանգեց, որ  Ազրպէյճան կ’ոչնչացնէ Փառուխի ու Քարագլուխի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։ Ըստ յայտարարութեան՝ շրջանը բացի ռազմավարական նշանակութիւն ունենալէն նաեւ հարուստ է իր պատմամշակութային միջավայրով: Այնտեղ կան մօտ 20 յուշարձաններ, ներառեալ 2 եկեղեցի (Ս․ Աստուածածին եկեղեցին, 13-րդ դար), Շիկաքար–Քարագլուխ ամրոցը, հնագիտական արժէքաւոր յուշարձաններ, գերեզմանոցներ, խաչքարեր, տապանաքարեր, ինչպէս նաեւ Շիկաքարի քարանձաւը։

«Ունենալով Ազրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան դառն փորձը, երբ այդ երկիրը ամենաբարձր մակարդակով կը կազմակերպէ եւ կը խրախուսէ մշակութային վանդալիզմը Արցախի բռնագրաւած տարածքներուն մէջ` վստահաբար կը յայտարարենք, որ Փառուխի ու Քարագլուխի պատմամշակութային ժառանգութիւնը նոյնպէս վտանգուած է․․․»։

  • Մարտ 28-ին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի վերջերս կատարած յայտարարութիւնները եւ գործողութիւնները կը բացայայտեն Ազրպէյճան նպատակը, այն է՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական բնակավայրերը էթնիկ զտման ենթարկելը: Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի նաեւ՝ Մարտ 24-ին Փառուխ գիւղ ազերիներու ներխուժումին նախորդած էին հայկական գիւղերու ուղղութեամբ անդադար արձակուող կրակոցները, ինչպէս նաեւ Խրամորթի բնակչութեան դէմ օրեր շարունակ բարձրախօսներով բնակավայրը լքելու սպառնալիքները․․․: Այս բոլարին զուգահեռ աննախադէպ ցուրտ եղանակի պայմաններուն մէջ Ազրպէյճան արդէն քանի մը շաբաթ շարունակ Արցախը զրկեց կազէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը կանգնեցնելով մարդկային աղէտի շեմին: Աւելին` էթնիկ զտումներու իր ուղեգիծը ամբողջացնելու եւ արցախահայութեան ցեղասպանութեան ենթարկելու քաղաքականութիւնը նոր թափով իրագործելու համար Ազրպէյճան կը պահանջէ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական ինքնապաշտպանական ուժերը դուրս բերել Արցախէն։

Կեանքը Արցախի մէջ

  • Արցախի մարդու Իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան տեղեկացուց, որ Խրամորթի եւ Փառուխի դէմ Ազրպէյճանի յանցաւոր գործողութիւններուն հետեւանքով տեղահանուած է աւելի քան 400 հոգի, ներառեալ կանայք, երեխաներ, տարեցներ։ Անոնց մէկ մասը ժամանակաւոր տեղաւորուած է հարազատներու եւ բարեկամներու մօտ, մէկ մասն ալ կառավարութեան կողմէ ապահովուած է ժամանակաւոր կացարաններով: Անոնք ունին ե՛ւ հոգեբանական ե՛ւ նիւթական եւ կենցաղային կարքիներ։
Կաղարծ գիւղ
  • Մարտունի շրջանի Կաղարծի գիւղի բնակիչները կը փորձեն յաղթահարել եղած դժուարութիւններն ու շէն պահել հայրենի բնօրրանը: Գիւղապետ Գարուշ Սարգսեանի խօսքով՝ գիւղացիները այս օրերուն կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ: «Գիւղը ունի խմելու եւ ոռոգման ջուրի խնդիր: Պէտք է նոր արտեզեան ջրհոր կառուցել․․: 44-օրեայ պատերազմէն վնասուած առանձնատուները չեն նորոգուած, բայց տեղահանուած 15 ընտանիք հաստատուած է գիւղ»:
Առաջաձոր
  • Մարտակերտի Առաջաձոր գիւղի բնակչութեան զբաղմունքը անասնապահութիւնը եւ այգեգործութիւնն է։ Գիւղապետ Վահրամ Անդրէասեան կը տեղակացնէ՝ «Գիւղի բնակիչները կը շարունակեն դիմակայել ժամանակի փորձութիւնները: Ունինք դպրոց, ուր կը յաճախէ 129 աշակերտ: Մանկապարտէզ կը յաճախէ 25 սան: Կայ նաեւ գործող, բայց վերանորոգման կարիք ունեցող բուժկէտ, իսկ համայնքապետարանը կը գործէ ազատ տուներէն մէկուն մէջ»։ Անոր խօսքով` 44-օրեայ պատերազմէն ետք 22 տեղահանուած ընտանիք հաստատուած է գիւղ: Համայնքը ունի կազ, ջուր եւ ելեկտրականութիւն:
  • Ասկերանի Սզնէք գիւղը թշնամիի ուղիղ նշանառութեան տակ կը շարունակէ ապրիլ` յարատեւ խաղաղութեան հաստատման սպասումով: Ներքին Սզնէքի համայնքապետ Էդուարդ Մուսայէլեան խօսքով` պատերազմէն ետք բնակիչները աշխատանքի խնդիր ունին։
Սզնէք գիւղ
  • Անվտանգութեան պատճառով շատ քիչերը կը զբաղին անասնապահութեամբ, կան մեղուաբուծութեամբ զբաղողներ։ Վարելահողերուն մէկը մասը անցած են թշնամիի տիրապետութեան տակ։ Թշնամիին դիրքերը գիւղին մօտ ըլլալով՝ անոնք երբեմն կը կրակեն` բնակիչները վախցնելու նպատակով: Իսկ դպրոցական երեխաները, անվտանգութեան պատճառով այսօր կրթութիւն կը ստանան մայրաքաղաքի դպրոցներուն մէջ։

«Պատերազմէն ետք վնասուած տուները նորոգուած են, բայց գիւղը խմելու ջուրի եւ կազի հարց ունի։ Գիւղի անտառներն ալ մնացած են հակառակորդի հսկողութեան տակ»։

  • Մարտ 26-ին, «Արցախի կանայք` յանուն Արցախի ապագայի» նախաձեռնութիւնը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպած էին խաղաղ ցոյց` Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան խնդիրը բարձրացնելու, Արցախի Հանրապետութեան ինքնութեան ճանաչման նպատակով: Նախաձեռնող խումբի անդամ Ալիոնա Սարգսեան ըսաւ, որ հիմնական նպատակը միջազգային հանրութեան Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը ներկայացնելն է: «Եթէ այսօր լռենք, վաղը պիտի կորսնցնենք Արցախը: Ես չեմ ցանկար, որ Արցախը հայաթափուի: Մէկը պիտի ըլլամ այն կիներէն, որոնք պիտի մնան եւ պայքարին մինչեւ վերջ: Այս հողին համար հազարաւոր զինուորներ իրենց կեանքը զոհած են, մենք անոնց հայրենիք պարտք ենք»:
  • Մարտ 24-ին, Ստեփանակերտի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի մէջ կազմակերպուեցաւ զարգացման մրցում-խաղ` նուիրուած 44-օրեայ պատերազմի զոհերու յիշատակին: Մրցումին մասնակցեցաւ չորս խումբ, որոնցմէ մէկը Շուշիի արհեստագիտական համալսարանի ուսանողներու խումբն էր: Վերջաւորութեան խաղին մասնակից բոլոր չորս խումբերը պարգեւատրուեցան:
  • Մարտ 29-ին Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուեցաւ մրցոյթ-ցուցահանդէս, ուր ցուցադրուեցան Արցախի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոններու սաների ձեռքի աշխատանքները։ Ցուցահանդէս-մրցոյթին տրուեցան «Տարուան լաւագոյն աշխատանք», «Ինքնատիպ տաղաւար», «Նորարարութիւն», «Ազգային շունչ» , «Հրաշագեղ հայուհի», «Տարուան յայտնութիւն» մրցանակները։  
  • Ապրիլ 2-ին, Ստեփանակերտի  Աստուածամօր Ս․ Հովանի Մայր  Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միասնական աղօթք` Աստուծոյ զօրակցութիւնը խնդրելու արցախահայութեան անվտանգ, խաղաղ ու բարօր կեանքի համար:
Միասնական աղօթք Ստեփանակերտի մայր եկեղեցւոյ մէջ

Արցախի թեմի քարտուղար Դաւիթ Փաշայեան ըսաւ, որ Արցախի թեմը հոգեւորաց դասի ու ժողովուրդին հետ մէկտեղ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` խնդրելու Աստուծոյ օգնութիւնը մեր ժողովուրդի այս օրհասական պահուն եւ անոր հովանաւորութիւնը: Մենք եւս մէկ անգամ հասկցանք, որ պէտք է ըլլանք միասնական եւ սիրով, քանզի ատկէ կախեալ է մեր փրկութիւնը։