Արցախը Կրկին Պիտի Վերածնուի, Պիտի Յառնի Փլատակներէն ու Պիտի Շարունակէ Իր Յաւերժական Ընթացքը. Նախագահ Յարութիւնեան


 

Արցախը կրկին պիտի վերածնուի, պիտի յառնի փլատակներէն ու պիտի շարունակէ իր յաւերժական ընթացքը, ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։

Ան մասնաւորապէս գրած է․

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1988 թուականի Փետրուար 20-ը հայ ժողովուրդի տարեգրութեան մէջ մտած է որպէս ազգային ոգիի վերազարթօնքի, կուռ միասնականութեան ու անկոտրում կամքի խորհրդանիշ, որպէս պայքարի ու մաքառման, վերակերտման ու արարման, կորուստի ու յաղթանակներու ամբողջ ժամանակաշրջանի մը սկիզբը:

Այդ օրէն անցած է 33 տարի: Այսօր արցախահայութիւնը կ’ապրի իր պատմութեան ամենաբարդ ու ծանրագոյն շրջափուլերէն մէկը, կ’ապրի` ճակատագրի հարուածներէն կծկուած ու բուռ մը դարձած, ցաւէն ատամները ու բռունցքը սեղմած, ճիչը կոկորդին եւ արցունքը աչքերուն մէջ անթեղած:

Կ’ապրի` իր մէջ վառ պահելով 88-ի ոգին ու գաղափարները, ա՛լ աւելի վստահ ու հաստատակամ, որ իր ընտրած ուղին ճիշդ է ու անշրջելի, որ, առաւել քան երբեւէ, այսօր ինքը պիտի ապրի ու շէնցնէ հայրենի հողը, որ կրկնակի սրբացած է իր նորօրեայ հերոսներու արեամբ:

Եւ յանուն մեր նահատակներուն, մեր երազանքներուն ու սերունդներուն` Արցախը կրկին պիտի վերածնուի, պիտի յառնի փլատակներէն ու պիտի շարունակէ իր յաւերժական ընթացքը: Մենք պարտաւո՛ր ենք շարունակելու Արցախեան շարժման արժէքաբանական պայքարը եւ ըլլալու աւելի ուժեղ, աւելի զարգացած, կուռ ու միաբան` վճռականօրէն պաշտպանելով մեր իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ազգային շահերն ու արժէքները, պատիւն ու արժանապատուութիւնը:

Սա է հայ ժողվուրդի յարատեւման ճանապարհը: Եւ թո՛ղ այդ ճանապարհին խաղաղութիւնն ու յաջողութիւնը ուղեկցին մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին», գրած է նախագահ Յարութիւնեան: