Արցախի Ամբողջ Տարածքը Զրկուած է Կազամատակարարումէ


Արցախի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը կը յայտնէ, որ Հայաստանէն Արցախ գացող հիմնական կազատար խողովակի վնասման հետեւանքով Արցախի ամբողջ տարածքը զրկուած է գազամատակարարումէ:

Ուսումնասիրութիւններու արդիւնքով պարզուած է, որ կազատարը վնասուած է այն հատուածին մէջ, որ կը գտնուի ազրպէյճանական բանակի վերահսկողութեան տակ։

««Արցախգազ» ընկերութեան մասնագէտները եւ իրաւապահ մարմինները չեն կրնար յստակ նշել` արդեօք վթարը տեղի ունեցած է տեխնիկական պատճառներով, թէ ազրպէյճանական կողմի գործողութիւններու հետեւանքով։ Ազրպէյճանցիները կը խոչընդոտեն  Արցախի իրաւապահներուն եւ՛ կազամատակարարող ընկերութեան մասնագէտներուն, որ հասնին վթարի վայր:

Այս պահուն վերականգնման աշխատանքներ չեն իրականացուիր թշնամիին յարուցած դժուարութիւններուն պատճառով:

Այս հարցին գծոց տեղեակ պահուած են Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչներուն եւ անոնք բանակցութիւններ կը վարեն վերականգնման աշխատանքներ սկսելու ուղղութեամբ:

«Կազամատակարարման վերականգնմանը խոչընդոտելը ազրպէյճանական կողմի` Արցախի մէջ մարդասիրական խնդիրներ յարուցելու եւ բնականոն կեանքը խաթարելու դիտաւորութեան ապացոյցն է», ըսուած է Արցախի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանի յայտարարութեան մէջ: