Արցախի Մէջ Ամուսնութիւններու Թիւը Աւելցած է


«Արցախփրես»- Յունուար 31-ին մամուլի ասուլիսի ժամանակ Արցախի Արդարադատութեան նախարար Ժիրայր Միրզոյեան ներկայացուցած է 2021 թուականի որոշ ցուցանիշներ համեմատուած 2019ի, ե՛ւ 2020 ի հետ, քանի որ 2020 թուականը բացասական առումով աննախադէպ տարի էր Արցախի համար։«Անցեալ տարուան ընթացքին գրանցուած է 1555 ծնունդ, որ 2020 թուականի ցուցանիշէն պակաս է 113-ով, իսկ 2019 թուականէն՝ 576-ով։ Ծնածներուն ընդհանուր թիւէն 680-ը արական, իսկ 875-ը՝ իգական սեռի են։ Ակտային գրանցումներու ուսումնասիրութենէն կ՝երեւի, որ տղոց պարագային ամենատարածուած անուններն են Դաւիթ, Նարեկ եւ Տիգրան, իսկ աղջիկներու պարագային՝ Նարէ, Մարիա եւ Մանէ։

Տարուան ընթացքին մահերու թիւը կազմած է 1350, որ 2020-ի ցուցանիշէն պակաս է 179-ով, իսկ 2019-ի ցուցանիշը կը գերազանցէ 195-ով։ Մահացած քաղաքացիներէն 569-ը կը հանդիսանան արական, իսկ 781-ը՝ իգական սեռի ներկայացուցիչներ, ի դէպ` տասնմէկը, դժբախտաբար, մինչեւ մէկ տարեկան երեխաներ են։

Ամուսնութիւններուն թիւը կազմած է 1314, որ 2020-ի ցուցանիշը գերազանցած է 1149-ով, իսկ 2019-ինը՝ 478-ով. “Մենք ամուսնութիւններու թիւի բաւականին մեծ աճ ունինք` նախորդ երկու տարիներուն համեմատ։ Գրանցուած 1314 ամուսնութիւններէն քսանը օտարերկրեայ քաղաքացիի հետ է. 14-ը՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան քաղաքացիի, երեքը՝ Ուքրանիոյ, մէկը՝ Թուրքմենստանի, մէկը՝ Հնդկաստանի, մէկը՝ Լուգանսկի ժողովրդավարական հանրապետութեան»,- նշած է Միրզոյեան։

Ըստ նախարարին` Արցախի մէջ ամուսնալուծութիւնները անցեալ տարի կազմած է 194, որ աւելի է 140-ով 2020-ի ցուցանիշէն, եւ պակաս է 13-ով 2019-էն: 2021-ին կատարուած է որդեգրման հինգ գրանցում, 2020-ին` մէկ, իսկ 2019-ին` վեց:

Արցախի Արդարադատութեան նախարար Ժիրայր Միրզոյեանի մամլոյ ասուլիսը