Երաժշտական Հպում՝ Անմահ Բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի «Տրտունջք»ին


Յարութիւն Դերձակեան

Արեւմտահայ գրականութեան ամենակարեւոր բանաստեղծներէն Պետրոս Դուրեանի «Տրտունջք» քերթուածը նորովի հանդէս եկաւ պոլսահայ երգչուհի Մարալ Այվազի ձայնով: Երգը յօրինած և մշակած է յայտնի երաժիշտ Նորայր Տէմիրճեան:

1851 ծնունդ Սկիւտարցի Պետրոս Դուրեան, չքաւորութիւններով պատուած կեանքին տեւողութեան բազմազան տխրութիւններ ապրած է. երիտասարդ տարիքին վարակուած է թոքախտով, որուն հետեւանքով վախճանած է: Իր կարճատեւ կեանքին ընթացքին յօրինած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ, թատերգութիւններ, վարած է դերասանական պաշտօններ, եղած է նաև լրագրի և հանդէսի խմբագիր:

Ամերիկաբնակ երաժիշտ Նորայր Տեմիրճեան, որ երկար տարիներ ստեղծագործութիւններով նպաստած է թուրք փոփ երաժշտութեան, Դուրեանի այս քերթուածէն հատուածներ առնելով մեղեդիներով միացուցած է զանոնք: Յետոյ կապ հաստատած է Մարալի հետ, որպէսզի ձայն տայ երգին: 

«Տրտունջք»ը վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի ամենանշանաւոր ստեղծագործութիւններէն մէկն է։

Երգի առթիւ նկարահանուած տեսահոլովակին մէջ երգչուհին ճամբորդելով դէպի անցեալ, ականատես կը դառնայ բանաստեղծի ապրումներուն, կեանքի պայքարին, արարիչի դէմ ընդվզումին ու կը կիսէ անոր վիշտերը:

Տեսահոլովակի բեմադրութեան աջակցութիւն բերած է դերասան Եղիա Աքկիւն, նկարահանումները կատարած է Սելման Պօզքըր, ընդհանուր կազմաւորութիւնը իրագործած է Մարալ Այվազ: Իսկ բանաստեղծի դերը ստանցնած է՝ Անդրանիկ Պաքըրճըօղլու: 

Երգչուհիին համար երգը յատուկ իմաստ կ’ունենայ, քանի որ այս տարի Պետրոս Դուրեանի ծննդեան 170-ամեակն է: 

Երգչուհին « Տրտունջք »ը կը ձօնէ մեզմէ անժամանակ բաժնուած, իրենց կեանքը կորսնցուցած զինուորներու յիշատակին։

Մարալ Այվազի «Տրտունջք» երգը տեղադրուած է բոլոր թուային երաժշտական հարթակներուն վրայ, իսկ տեսահոլովակը թրքերէն և անգլերէն տողատակի տարբերակներով պատրաստուած է։ 

Տեսահոլովակը կարելիէ դիտել Youtube հարթակին վրայ։