Արցախի Վերսկսած Ուսումնական Տարեշրջանը Պիտի Աւարտի Յունիս 12-ին


Արցախցի աշակերտներ` դասի ժամանակ (արխիւային նկար)

Նոյեմբեր 17-էն ի վեր վերաբացուած են Արցախի այն ուսումնական հաստատութիւնները, որոնք ապահոված են ուսումնական անհրաժեշտ պայմանները։ Այժմ Արցախի 220 դպրոցներէն  98-ն վերաբացուած են, իսկ 24000 աշակերտներէն՝ դպրոց կը յաճախեն 15600 աշակերտ։

Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթական նախարարի մամլոյ խօսնակ Մէրի Սարտարեան կը յայտնէ, թէ  հանրակրթական դպրոցներուն եւ նախադպրոցական հաստատութիւններու տնօրէններուն յանձնարարուած է, որ մինչեւ ուսումնական տարեշրջանի աւարտը  իրականացնեն ուսումնական ծրագիրները, կատարեն ծրագիրներու խտացումներ, ինչպէս նաեւ տեղահանուած երեխաներուն անմիջապէս ընդգրկեն համապատասխան խումբերու եւ դասարաններու մէջ։

Ստեղծուած ծանր իրավիճակին պատճառով վերատեսութեան ենթարկուած է նաեւ դպրոցական ծրագիրը։ Կիսամեայի արդիւնքներուն ամփոփումն ալ տարբեր է  առաջինէն մինչեւ 12-րդ դասարանի աշակերտներու համար։ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան նախարարի տեղակալ Միքայէլ Համբարձումեան կը բնորոշէ ուսումնական տարեշրջանի նոր իրավիճակը ու կ’ըսէ. «Արդիւնքները պիտի ամփոփենք ամբողջ տարուան համար, այլ ոչ առանձին  կիսամեակներով։ Տարեկան տրուած նիշերը պիտի նկատուին որպէս աւարտական գնահատականներ։ 12-րդ դասարանի պարագային, ծրագրային նիւթերը կը տրուին մինչեւ Մարտ 21-ը, երբ աշակերտները կ՛իւրացնեն գիտելիքները, ապա` կարճ ժամանակ կ’ունենան կրկնութեան համար  եւ այդպիսով կը պատրաստուին միասնական քննութեան (համալսարան մուտքի քննութիւն-Թ․)։

Դպրոցական դասանիւթերու խտացման եւ ուսումնական ծրագիրներու կատարման վերաբերեալ նախարարութեան կրթութեան եւ տեսչութեան մասնագէտները օգնութիւն պիտի ցուցաբերեն ուսուցիչներուն։ Դպրոցական տարեշրջանը երկարաձգուած է մինչեւ Յունիս 12»։

Նոր Տարուան առիթով՝ Դեկտեմբեր 31-ին արձակուրդի գացած աշակերտները դպրոց  պիտի վերադառնան Յունուար 8-ին։