Արցախցի Երիտասարդը Այգեգործութեան Մէջ Մեծ Յաջողութեան Հասած է


«Արցախփրէս»,- Արցախցի երիտասարդ այգեգործ Արէն Խաչատրեան 7 տարիէ ի վեր կը զբաղի գիւղատնտեսութեամբ: Վերջին 3 տարիներու ընթացքին ան սկսած է աճեցնելու նուռի տնկիներ, որոնց քանակը այսօր այնքան շատցած է, որ հնարաւորութիւն ունի զանոնք վաճառելու:

Արէն Խաչատրեան ըսած է, որ առաջին տարին վաճառած է ընդամէնը 1000 արմատական տնկի: «Երկրորդ տարին այդ թիւը հասած է 5000ի: Արցախի գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամի օժանդակութեամբ այսօր արդէն վաճառքի ենթակայ ունիմ շուրջ 115 հազար տնկիներ: Կարծեմ՝ պետական աջակցութիւնը երիտասարդ գիւղատնտեսին հնարաւորութիւն կու տայ աւելի ընդլայնելու գործունէութիւնը եւ նոր հողատարածքներ մշակելու», նշած է ան:

Անոր խօսքով՝ տնկիներու հիմնական վաճառքը կը սկսի Նոյեմբերի վերջը եւ կը շարունակուի մինչեւ Ապրիլ:

Երիտասարդ գիւղատնտեսը կը զբաղի նաեւ պտուղներու աճեցմամբ, մասնաւորապէս՝ 14.5 հ․ նուռի, 1.5 հա խաղողի այգիներէն զատ, կը մշակէ նաեւ 3 հ․ տարբեր պտղատու ծառեր՝ թուզ, սերկեւիլ, դեղձ, խնձոր, արքայանարիջ, տանձ, բալ, կեռաս:

«Այս տարի իրականացուցած ենք նաեւ 35 հ. արեւածաղիկի, ինչպէս նաեւ 10 հ. հնդկաձաւարի եւ 25 հ. ցորենի մշակութիւն:

«Գիւղատնտեսութեան զարգացման համար ամենակարեւորը բարենպաստ բնակլիմայական պայմաններն են, ինչ որ Արցախի պարագային արդէն կայ», ըսած է այգեգործը։