Բոցավառ Օճախը


Այրուող տուն մը Քարվաճառի շրջանին մէջ

Լոռի Պէրպէրեան


Պատմութեան մէջ աննախընթաց երեւոյթ է, որ հայերը իրենց ետեւ գեղեցկութիւն ձգելու փոխարէն, աւեր ձգեն։ Դժբախտաբար այս ալ միացաւ վերջին ամսուան ընթացքին հայերու տեսած անսպասելի իրադարձութիւններու շարքին։ Այս ցաւալի իրականութեան ակամայ մասնակիցները որքա՜ն յուսահատ եղած պէտք է ըլլային, որ այդ քայլին դիմէին։

Խիզախ քարվաճառցին տասնամեակներու ընթացքին տեսած է հազար կռիւ ու վտանգ եւ շարունակաբար որոշած է կառչած մնալ իր հայրենի հողին։ Այդ նոյն Քարվաճառցին մատնուեցաւ այնպիսի պայմաններու, որոնք ստիպեցին անխախտ համոզումով իր հողն ու տունը փլատակներու տակ ձգէ, ապա անխնայ կրակին յանձնէ։ Ան, իր ձեռքով մոխիրի վերածեց իր համեստ, գիւղային տունը, ուր լուռ ու մունչ կը բնակէր ու կը մշակէր, առանց մէկու մը խանգարելու։ Ան վառեց իր իսկ շինած տունը, որովհետեւ որոշեց, թէ եթէ ինք այդտեղ պիտի չապրէր, իր թշնամիները միայն իրենց երազներուն մէջ այդ տունը պիտի վայելէին։

Երբ ինք, ոչ թշնամին, այլ ի՛նք ի՛ր տունը կը բռնկեցնէր, անթի՜ւ կայծեր իր հոգին խոցոտեցին։ Քարվաճառցիին տան բոցերուն մէջ կորսուեցան կառոյցին ու տիրոջը հիմնաքարերը։ Հրդեհին մէջ ոջնչացան մարդկութեան հոգատարութեան նկատմամբ գիւղացիին բոլոր անկնալութիւնները, խաղաղութեան կարելիութեան մասին իր խենթ երազանքները եւ իր ժողովուրդին ապագային մասին իր լաւատեսութիւնը։ Իսկ վերջաւորութեան, իր հոգւոյն մէջ պահած վերադարձի յոյսն ալ նետեց բոցին մէջ ու հեռացաւ։ 

Թէեւ քարվաճառցին բաժնուեցաւ իր վառող օճախէն, հրակէզ տնակը չհեռացաւ իր մտքէն, ոչ իսկ ծուխի համբոյրը՝ իր երեսէն։