Դոկտ. Նորա Արիսեան Կը Նշանակուի Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան


Դոկտ. Նորա Արիսեան

«Գանձասար»- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հրամանագիրով դոկտ. Նորա Արիսեան նշանակուած է Հայաստանի մէջ Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։

Դոկտ․ Արիսեան ծնած է Դամասկոս։ Վկայուած է Դամասկոսի համալսարանի բանասիրութեան ֆրանսերէնի գրականութեան բաժինէն: Ֆրանսայի Սորպոն համալսարանէն ֆրանսերէնի եւ թարգմանութեան բարձրագոյն ուսման վկայականներուն տիրացած է:

Աարտած է նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկը պատմութեան մասնագիտութեամբ` տիրանալով պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճանին:

Աշխատած է Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը` իբրեւ գրասենեակի վարիչ, մամուլի պատասխանատու եւ թարգմանիչ։

Եղած է Դամասկոսի Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնը: Ան դասախօս է Դամասկոսի պետական համալսարանին մէջ։ 2013-էն ի վեր վարիչ տնօրէնն է Դամասկոսի համալսարանին մէջ գործող Հայկական բաժինին:

Աշխատակցած է Սուրիոյ Մշակոյթի նախարարութեան հետ` իբրեւ թարգմանիչ եւ խորհրդատու:

Կ’աշխատակցի Սուրիոյ մէջ հրատարակուող Արաբական հանրագիտարանին, ուր յօդուածներ կը հայթայթէ հայ գրականութեան ու պատմութեան մասին: Խմբագիրն է «Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն կայքին: 2007-ին կ’անդամկցի Արաբ գրողներու միութեան (միակ սփիւռքահայ կին գրողն է, որ այս միութեան անդամակցած է): 2016-ին ընտրուած է Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան։

Հեղինակ է հինգ արաբերէն եւ հայերէն գիրքերու, ինչպէս նաեւ արաբերէնի թարգմանած է շուրջ տասը գիրքեր։