Երեւանի Դպրոցներէն Մէկը Պիտի Անուանակոչուի Քառօրեան Պատերազմի Նահատակ Ռոպերթ Ապաճեանի Անունով


«Փանորամա»․- Ապրիլ 18ին Երեւանի աւագանիի կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ զբօսաշրջութեան յանձնաժողովին ներկայացուած է որոշման նախագիծ, որմով առաջարկուած է Երեւանի թիւ147 դպրոցը անուանակոչել Արցախի հերոս, այդ դպրոցի շրջանաւարտ Ռոպերթ Ապաճեանի անունով:

Աւագանիի անդամ Անահիտ Բախշեան դիմատետրի իր էջին կատարած արձանագրութեամբ տեղեկացուցած է, որ յանձնաժողովի անդամները միաձայն ընդուած են որոշումը։

«Ուրախ եմ այս նախագիծին համար», գրած է ան:

Յիշեցնենք, որ Ռոպերթ Ապաճեան զոհուած է Քառօրեայ պատերազմի ընթացքին` Ապրիլ 2ի գիշերը` Մարտակերտի ուղղութեամբ տեղակայուած իրենց դիրքը անձնազոհաբար պաշտպանելու պահուն:

2016 Սեպտեմբերին Ռոպերթ Ապաճեանի պատուին անուանակոչուած է նաեւ ԼՂՀ Քաշաթաղի շրջանի Հերիկ գիւղի նորակառոյց դպրոցը: