Երեւանի Մէջ Կը Նախատեսուի Կառուցել Արամ Մանուկեանի եւ Դրաստամատ Կանայեանի Տուն-Թանգարաններ


Արամի 9-ը հասցէին վրայ գտնուող Արամ Մանուկեանի տան նախկին եւ ներկայ կիսափուլ տեսքը

Երեւան քաղաքի Աւագանիի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան անդամ Նուարդ Վարդանեանի դիմատետրի էջէն  կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր հայրերէն՝ Արամ Մանուկեանի 1918-1919 տարիներու բնակարանը, որ կիսափուլ վիճակի մէջ է, պիտի վերանորոգուի իբրեւ Արամ Մանուկեանի թանգարան:

Արամի 9-ը հասցէի շէնքը, որ տարիներէ ի վեր լքուած է իր նախկին սեփականատէրերէն, կը համարուի յուշարձան շէնք եւ ներառուած է «Հին Երեւան» նախագիծի մէջ: «Հին Երեւան» նախագիծի ճարտարապետ Լեւոն Վարդանեան դեռ 15 տարի առաջ «նախատեսել է, որ Արամի 9-ը պէտք է լինի Արամ Մանուկեանի թանգարանը եւ այս առաջարկով՝ որպէս նախագծի հեղինակ դիմել է սեփականատէր Սրմաքէշին, ով դրական է արձագանգել այդ առաջարկին», կը տեղեկացնէ Վարդանեան:

Ան նաեւ մէկ այլ գրութեամբ կը յայտնէ, որ «Հին Երեւան» նախագիծով կը վերակառուցուի նաեւ 1908-1914 թուականներուն շինուած Մկրտիչ Ենգիբարեանի տունը, որ 1918-20 թուականներուն եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր հայրերէն՝ Ռազմական նախարար զօր. Դրաստամատ Կանայեանի (Դրօ) բնակավայրը: Ըստ նախագծին, այս տունը պիտի դառնայ Դրոյի նուիրուած թանգարան։

Ըստ Վարդանեանի, տան ամրակայման համար Իտալիայէն հրաւիրուած է մասնագէտ Լորենզօ Եուրինան: Տան ճարտարապետը Երեւանի մէջ բազմաթիւ շէնքերու հեղինակ Պորիս Մեհրապեանն է:

Մկրտիչ Ենգիբարեանի տունը, ուր ապրած է նաեւ Դրաստամատ Կայանեանը (Դրոն)