Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Խօսքը՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Անկախութեան 102-ամեակին Առիթով


Սիրելի Թորոնթոհայե՛ր,

Հայ Կեդրոնի յարակից միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու անունով կը բարեւեմ ձեզի:

102 տարի առաջ այս օրերուն, Հայաստանը կ’ապրէր ճգնաժամային օրեր:

Սովի ու պատերազմի արհաւիրքներու կողքին, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան մեծագոյն դժուարութիւնն էր համաճարակային հիւանդութիւնները։

1918-ի ամրան ու աշնան Հայաստանի կառավարութիւնը կը պայքարէր հարիւրաւոր կեանքեր խլող քոլերայի համաճարակի դէմ, եւ հազիւ կը թուէր, թէ աղէտը յաղթահարուած էր, ամիս մը ետք Հայաստանը կը կանգնէր նոր՝ աւելի մահասփիւռ վտանգի առջեւ. բծաւոր տիֆի համաճարակը (epidemic thyphus), որուն զոհ գնաց Հայաստանի բնակչութեան 20 տոկոսը, մօտաւորապէս 180-200 հազար բնակիչ։  Երկրորդ Վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի բնորոշումով՝ տիֆի համաճարակը կատարեալ աղէտ էր:

Այս աղէտին զոհ գնաց նաեւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան խորհրդանշական դէմք եւ դաշնակցական մեծ ղեկավար Արամ Մանուկեանը, որ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին հանդէպ իր ունեցած անսահման զոհողութեամբ եւ նուիրուածութեամբ կը ներկայացնէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան այն մեծ եւ սքանչելի ղեկավարներու սերունդը, որոնք ոչ միայն կազմակերպեցին Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերը, այլ նաեւ իրենց ուսերուն վերցուցին Հայաստանի անկախացումի որոշումի ամբողջ պատասխանատուութիւնը: Այդ սերունդը քաղաքական ու պետական անվարժ ձեռքերով, սակայն անկոտրում հաւատքով վերականգնեց հայոց կորսուած պետականութիւնը եւ երկու տարիներու ընթացքին յաջողեցաւ հաստատել պետական կառոյցները, Երեւանի Պետական Համալսարանը, սկիզբ դրաւ ժողովրդավար երկիր հիմնելու նախաքայլերուն, կանանց իրաւունքներուն, ամբողջական պետական հոգածութեան արժանացուց 400 հազար գաղթականներուն եւ որբերուն խնամատարութիւնը, յաջողցուց Հայաստանի հայացումի քաղաքականութիւնը, եւ Հանրապետութեան ապահովեց միջազգային ճանաչում: Մէկ խօսքով, այդ սերունդը Հայաստանը հանեց սովի, համաճարակի ու քաոսի իրավիճակէն եւ հայութեան շնորհեց երազային անկախ հանրապետութիւնը եւ այնուհետեւ ազատ զարգանալու հնարաւորութիւնը: Երեւի Հայրենիքի այսօրուան իշխանութիւնները սորվելիք ունին Անկախութեան սերունդը անձնաւորող գործիչներէն:

Արամն ու իր սերնդակիցները եւ կուսակցութիւնը, որուն անոնք պատկանած են «ջուր տուեց»ին մեր «չորացած դաշտերուն» եւ դիմակալեցին թէ՛ համավարակը, թէ՛ սովը եւ թէ՛ թշնամին:

Եւ կերտեցին աշխարհաճանաչ պետութիւն:

Արեամբ գրուած պատմութիւն գոյութիւն ունի, որուն հետ ոչ ոք կրնայ խաղալ: Մայիս 28-ի աւանդը նսեմացնելու գաղափարական խախտումները անպատասխան պէտք չէ՛ մնան, որովհետեւ Մայիս 28-ը սովորական դէպք մը չէ եւ ոչ ալ պատմութեան մէջ ձեռք ձգուած պարզ յաղթանակի մը նշումը:

Այս առիթով կը շնորհաւորեմ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 102-ամեակը: Գեղեցիկ զուգադիպութիւն է ՀՄԸՄի հիմնադրութիւնը տօնել Մայիս 28-ի առընթեր: Այդպէս ալ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ մեծ է ու գերգնահատելի՝ 102-ամեայ ՀՄԸՄ-ին ունեցած դերակատարութիւնը` ոչ միայն սկաուտական եւ մարմնակրթութեան կռուան ըլլալու մէջ, այլ նաեւ 102 տարի շարունակ հայապահպանումի եւ հայ անհատի ֆիզիքական եւ բարոյական դաստիարակութիւն ջամբելու, եռագոյն դրօշն ու հայրենիքի սէրը եւ ամէն գնով ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը պահպանելու իրերայաջորդ սերունդներուն հոգիներուն մէջ: Ահա այդ «հսկայ նուիրման տորմիղ հրաթեւ կամաւոր բանակ»-ի ծննդավայրն է ՀՄԸՄ-ը, որ 1918-էն ի վեր, 102 տարի անընդհատ, բարձր բռնեց այն դրօշը, որ այսօր կը ծածանի Երեւանի ու Արցախի վերեւ, իսկ վաղը, պայծա՛ռ ապագային, պիտի ծածանի նաեւ Վանի, Մուշի, Սասունի, Կարսի եւ Արտահանի վրայ:

Սիրելիներ,

102 տարի ետք, Ճգնաժամային օրեր կ’ապրի Հայրենիքը ե՛ւ այսօր: Պսակաւոր ժահրի համավարակէն անկախ, հոն կը տիրէ տնտեսական լուրջ տագնապ, աղքատութիւն, սնունդի պակաս եւ ամենէն վտանգաւորը՝ քաղաքական համակարգ մը, որ կը փորձէ կոտրել եւ վերացնել հայրեսանիրական ամէն սրբութիւն եւ տակաւին կը շարունակէ բաժանարար գիծեր գծել կողմերու միջեւ: Ուրեմն ներկայ ժամանակները, հայութեան համար դարձեալ մարտահրաւէրներու ժամանակներ են:  ճգնաժամային պայմաններու յաղթահարումը հաւաքական ճիգ կը պահանջէ՝

  • Միասնաբա՛ր զօրակցինք ՀՅԴ Հայաստանի եւ Գանատայի Երիտասարդական Միութիւններու բարեսիրական ծրագիրներուն, օգտակար դառնալով մեր հայրենակիցներուն Հայաստանի մէջ։
  • Ամրացնե՛նք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, պայքարելով փտախտին դէմ, հզօրացնելով հայոց բանակը, զօրացնելով հայրենի տնտեսութիւնը, բարելաւելով ժողովուրդին ընկերային վիճակը, հայրենասիրական արժէքներով դաստիարակելով ժողովուրդը եւ վերջապէս գործօն ու ամբողջական մասնակցութիւն բերել Արցախի ազատագրական պայքարին, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը կերտեց Մայիս 28-ը, եւ այդ Մայիս 28-ով ունեցած մեր այսօրուան հայրենիքին հանդէպ ունինք կարեւոր պատասխանատուութիւն:

Մեր մեծագոյնն տօնն է Մայիս 28-ի անկախութեան տարեդարձը, որուն համահաւասարը չկայ մեր պատմութեան մէջ:

Մեր լինելութեան տօնն է Մայիս 28-ի անկախութեան տարեդարձը:

Մենք յաղթական դուրս եկած եւ կերտած ենք Մայիս 28, քաղաքական, տնտեսական, ռազմավարական եւ մարդկային շատ աւելի դժուարին եւ անիրագործելի թուող պարագաներու մէջ: Այս կը նշանակէ որ յաղթանակ տարած հայ ժողովուրդը, Մայիս 28 կերտած հայ ժողովուրդը, կրնայ այս վերեւ նշուած մարտահրաւէրները յաղթահարել՝

Ի՛ր ուժերով

Ի՛ր միասնականութեամբ

Ի՛ր յարատեւ պայքարի ոգիով

Հայե՛ր, մեր Մայիս 28-ը Շնորհաւոր

Մնացէ՛ք առողջ եւ ապահով: