Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը Եւ Բծաւոր Տիֆի Համաճարակը


ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի կենաց մահու հերոսամարտերէն եւ թրքական ներխուժող բանակներու կասեցումէն ետք, Հայոց Ազգային խորհուրդը 28 մայիս 1918-ին Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի անկախութիւնը հռչակեց:

Նորաստեղծ փոքրիկ հանրապետութեան անդրանիկ կառավարութեան կազմը հրապարակուեցաւ 24 յուլիս 1918-ին: Վարչապետ` Յովհաննէս Քաջազնունի, արտաքին գործոց նախարար` Ալեքսանդր Խատիսեան, ներքին գործոց նախարար` Արամ Մանուկեան:

Երկիրը լեցուն էր Արեւմտեան Հայաստանէն, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած շուրջ 450 հազար գաղթականներով, որոնք փողոցներու եւ աւերակ տուներու մէջ կամ թուփերու տակ տեղաւորուած էին: Սարսափելի էր յատկապէս որբերուն վիճակը:

Քաոսային վիճակ էր. համատարած սով, եւ ծայր առաւ քոլերայի համաճարակը:

Օգոստոս 21-ին Հայաստան յայտարարուեցաւ քոլերայի կողմէ վտանգուած երկիր:

Հապճեպով պատրաստուած հիւանդանոցները անզօր էին դարման հասցնելու: Դեղ չկար, սնունդ չկար, սպիտակեղէն չկար:

Սովին եւ համաճարակին հետ, խախտած էր ապահովութիւնը: Դասալիք զինուորներ, ապրուստի միջոց չունեցող գաղթականներ ու տեղացիներ, խումբերով կամ անհատ-անհատ, կը յարձակէին ճամբորդներու վրայ, կը թալանէին տուներ եւ կը խանգարէին անդորրութիւնը:

Մինչեւ հոկտեմբեր վերջացաւ հացի պաշարը: Դուրսէն ոչինչ կու գար: Սովը ահռելի համեմատութիւններ ստացաւ, իսկ քոլերան բազմաթիւ կեանքեր խլեց:

Աշնան քոլերան յաղթահարուեցաւ եւ ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեան 31 հոկտեմբեր 1918-ին լուծեց քոլերայի դէմ պայքարող կառավարական գլխաւոր կոմիտէն:

«31 հոկտեմբերի, 1918 թ.

Ս. Թ. նոյեմբերի 1-ից Հայաստանի Հանրապետութեան տերիտորիայի վրայ խոլերայի համաճարակը վերջանալու պատճառով խոլերայի դէմ կռուող բոլոր կազմակերպութիւնները, ի թիւս սոցա եւ գլխաւոր կոմիտէն, համարել լուծարուած:

Ներքին գործերի մինիստր Արամ Մանուկեան»:

***

Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին, Օսմանեան կայսրութիւնը, պարտուած դուրս գալով, յաղթական դաշնակիցներուն հետ 30 հոկտեմբեր 1918-ին Մուտրոսի մէջ զինադադար կնքեց:

Նոյեմբերին թրքական գրաւող զօրքերը քաշուեցան Ղարաքիլիսէէն եւ Ալեքսանդրապոլէն:

Թրքական զօրքերը հազիւ հեռացած, ծայր տուաւ բծաւոր տիֆի համաճարակը: Համաճարակի տարածման պատճառներէն մէկը գաղթականներու կուտակումներն էին:

Կառավարութիւնը գաղթականները թուրքերէն հեռացած շրջաններուն մէջ տեղաւորելու համար ջանք չէր խնայեր, սակայն միշտ չէր յաջողեր: Կարգ մը շրջաններու մէջ բախումները կը շարունակուէին, իսկ փակ ճանապարհները կը յետաձգէին գաղթականներուն վերադարձը:

Ցուրտը, բուք ու բորանը, սովը եւ համաճարակը դժնդակ պայմաններ ստեղծեցին:

Ղարաքիլիսէի մէջ որբերը կը փախչէին դաշտերը, արածելու համար: Ձեռք ինկած բոյսը արմատախիլ կ՛ընէին եւ առանց հողէն մաքրելու կ՛ուտէին:

Զինուորներ իրենց քաղցը կը յագեցնէին դաշտերը արածելով: Զինուորական հիւանդանոցները բերնէ բերան լեցուն էին: Հիւանդապահները աւելի դիակներ կրելով կը զբաղէին, քան հիւանդներ խնամելով:

Շատ ընտանիքներ լման վարակուեցան եւ մեռան: Մեռելները այնքան շատ էին, եւ ժողովուրդը այնքան ուժասպառ դարձած էր, որ թաղման արարողութիւններ ալ չէին կատարեր: Դիակները օրերով անթաղ կը մնային, կը նեխէին եւ նոր համաճարակներու աղէտ կը պատրաստէին:

Երեւանի մէջ օրական հարիւրաւոր մարդիկ կը մահանային: Գերեզմանատուները հողաթումբեր չէին երեւեր, որովհետեւ անընդհատ նորերը կը բարձրանային:

Ներքին գործոց նախարարութեան կարեւոր յանձնարարութիւններու պաշտօնեայ Սարգիս Օհանջանեան վարակուեցաւ եւ մահացաւ դեկտեմբեր 2-ին: Մահուան թափօրին մէջ էր անոր ընկեր, ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեան: Նախարարը սակայն չկրցաւ քալել մինչեւ Թոխմախի գերեզմանատուն եւ կէս ճամբայէն ետ դարձաւ տուն ու պառկեցաւ, առանց գիտնալու հիւանդութեան բնոյթը:

***

Խորհրդարանը 3 յունուար 1919-ին քննարկեց բծաւոր տիֆին դէմ պայքարելու համար մէկ միլիոն ռուբլի յատկացնելու կառավարութեան պահանջը:

Խնամատարութեան նախարարի պարտականութիւնները կատարող Ալեքսանդր Խատիսեան զեկուցեց, որ համաճարակը ահռելի համեմատութիւններու հասած է: Ան առաջարկեց միջոցներ ձեռնարկել նաեւ քոլերայի դէմ, որ գարնան կրնար կրկին գլուխ բարձրացնել:

Բծաւոր տիֆով վարակուեցան եւ մահացան Երեւանի մէջ գործող չորս բժիշկներ` Անդրէասեան, Զաքարեան, Շահբազեան եւ Նալբանդեան, պետական վերահսկիչ Բերբերեան, խճուղիներու առաջին մասի պետ Թորգոմ Նիկողոսեան, Երեւանի քաղաքային վարչութեան անդամ Յակոբ Յարութիւնեան եւ երիտասարդ գործիչ Փառնակ Յակոբեան:

***

Վրացական բանակը 1918 դեկտեմբերին գրաւած էր Ախալքալաքն ու Լոռին, եւ սկսած էր հայ-վրացական պատերազմը (որ աւարտեցաւ դեկտեմբերի վերջաւորութեան):

Ռոստոմ հայ-վրացական հակամարտութիւնը կարգաւորելու նպատակով դեկտեմբերի վերջաւորութեան Պաքուէն մեկնեցաւ Թիֆլիս:

Պաքուէն Թիֆլիս մեկնող շոգեկառքի նոյն բաժինին մէջ պառկեցուցին Ռուբէն Քաջբերունին, որ բծաւոր տիֆով վարակուած էր: Ճամբան Ռոստոմ խնամեց զայն եւ ինք ալ վարակուեցաւ:

Այլ վկայութեան մը համաձայն Ռոստոմ Պաքուէն վարակուած էր, բայց կը կարծէր, որ մալարիա է հիւանդութիւնը:

Ռոստոմ մահացաւ 19 յունուար 1919-ին, Թիֆլիսի մէջ:

***

Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչ եւ մեծագոյն գործիչ Արամ Մանուկեան աշխատանքի բերումով բազմաթիւ մարդոց հետ կը տեսնուէր եւ նոյնպէս վարակուած էր բծաւոր տիֆով: Սակայն տրամադրութիւնը բարձր էր եւ չէր գանգատեր: Յունուարի կիսուն առողջական վիճակը վատթարացաւ եւ գիտակցութիւնը կորսնցուց: Ան մահացաւ 29 յունուար 1919-ին:

Համաժողովրդական յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ փետրուար 1-ին: Դագաղը Երեւանի Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցիէն ձեռքերու վրայ հասցուցին գերեզմանատուն:

***

Հայաստանի կառավարութիւնը փետրուարին ստիպուած դիմեց Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեան:

Բծաւոր տիֆն ու սովը նահանջեցին 1919-ի գարնան, երբ օրերը տաքցան եւ հասաւ ամերիկեան օժանդակութիւն` ալիւր, ցորեն, բրինձ, լուբիա, կորեկ, եգիպտացորեն, վարսակ, խտացած կաթ, ճարպ, շաքար եւ թէյ:

1918-ի աշունէն մինչեւ 1919-ի գարուն, սովին եւ համաճարակին զոհ գնաց 150-էն 180 հազար մարդ: