Սարդարապատի Մէջ Հայաստանի եւ Արցախի Ղեկավարները Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը Կերտած Հերոսներու Յիշատակին


Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական եւ հոգեւոր դասը յարգանքի տուրք կը մատուցեն Սարդարապատի հերոսներուն յիշատակին, 28 Մայիս 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը եւ հոգեւոր դասը Սարդարապատի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը կերտած հերոսներուն յիշատակին: Առաջին Հանրապետութեան տօնին եւ 1918-ի մայիսեան հերոսամարտին նուիրուած պաշտօնական արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․ն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան:

Պետական այրերը նախ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Սարդարապատի յուշահամալիրի մօտ, ապա յարգանքի տուրքի մատուցման արարողութիւնը ուղեկցուեցաւ Տէրունական աղօթքով:

«Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով, այս տարի Մայիս 28-ին արգիլուած է քաղաքացիներուն մուտքը Սարդարապատի յուշահամալի։

Հանրապետութեան Տօնին առիթով յղած ուղերձին մէջ նախագահ Արմէն Սարգսեան արժեւորելով Առաջին Հանրապետութեան պատմական անգնահատելի նշանակութիւնը, ըսաւ․ «Կիլիկեան Հայոց թագաւորութեան անկումէն աւելի քան 500 տարի անց վերականգնուեցաւ հայոց պետականութիւնը: Ատիկա սերունդներու երազանքն էր եւ ազգային-ազատագրական դարաւոր պայքարի արդիւնքը»:

Ան շեշտեց, որ «Առաջին Հանրապետութեան փորձը, ձեռքբերումները եւ ձախողումները մեզի դասեր կու տան: Ամենամեծ դասը սեփական ուժերու վրայ յենուիլն է, իսկ այդ ուժը գոյացնելու համար` ազգային գերագոյն նպատակ ձեւաւորելը եւ ատոր շուրջը համախմբուիլը:

Մեր ժողովուրդի ապահով, անվտանգ ու բարեկեցիկ ապագայի երաշխիքը պէտք է ըլլայ Հայաստանի որպէս հայութեան համար աշխարհաքաղաքական ելակեդրոնի գաղափարախօսութեան իրագործումը»:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշեց, որ «Այսօր մենք հաւատարիմ ենք Սարդարապատի եւ Արցախի յաղթական աւանդներուն ու պատգամներուն, հաւատացած ենք` պիտի ունենանք մեր երազանքներու Հայաստանը` արդար, բռնութենէն զերծ, յառաջխաղացման ու փոփոխութեան ձգտող ստեղծագործ հասարակութեամբ, ուժեղ տնտեսութեամբ ու ալ աւելի ուժեղ  ու արդիական բանակով»:

Պաշտօնական արարողութենէն պատկերներ