Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հովանաւորած Եւ Տիկնանց Միութեան Կազմակերպած՝ «Նոր Տարուան Պազար»՝ Ի Նպաստ Արցախին


Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան՝ համախմբուած Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան եւ Ծխական Խորհուրդին հետ

«Թորոնթոհայ»,- Կիրակի, Նոյեմբեր 8-ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կազմակերպած «Նոր Տարուան Պազար»ը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Արցախի դրամահաւաքին` ի զօրակցութիւն Արցախի մեր հայրենակիցներուն։

Գանատահայոց Թեմի փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի եւ հովիւի օգնական` Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանի օրհնութեամբ սկիզբ առած բարեսիրական ձեռնարկին, եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան ցուցադրած ընտիր աշխատանքներուն եւ խնամքով պատրաստած թխուածքներուն կողքին, իրենց մասնակցութիւնը բերած էին եկեղեցւոյ անդամներն ու թորոնթոհայ անհատներ, որոնք իրենց ձեռքի գործ խմորեղէններու, անուշեղէններու, թխուածքներու, ձեռային արուեստի կտորներու, հայկական ասեղնագործի եւ այլ իրերու վաճառքով պիտի օժանդակէին արցախահայութեան։

Արցախին զօրակցութեան նպատակով տեղի ունեցած պազարի յաջող ընթացքը ապահովելու համար միութեան ժրաջան ատենապետուհի Սելլա Գալթաքճեան եւ միութեան անդամներ աշխատանքի լծուած եւ յատուկ խնամքով պատրաստած ու ճաշակով փաթեթաւորուած էին ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուած խմորեղէններն ու արուեստի կտորները։

Ծխական Խորհուրդի ատենապետուհի Ռոզ Իմաստունեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ մասնակիցներուն, որոնք իրենց բաժինը բերած էին այդ օրուան պազարին կայացման եւ Արցախի դրամահաւաքին ցուցաբերած օժանդակութեան համար։ Ան իր յարգանքն ու խոնարհումը յայտնեց մեր անմահ հերոս նահատակներուն հայրենիքի սիրոյն իրենց անձնազոհ սխրանքներուն համար, ինչպէս նաեւ նահատակներու մայրերուն, որոնք իրենց ամենաթանկը նուիրեցին հայրենի հողին։

Պազարը տեւեց մինչեւ կէսօրէ ետք, իսկ վեհ նպատակի համար պատրաստուածները սպառեցան եւ բարեսիրական ձեռնարկը յաջողութեամբ հասաւ աւարտին։

Պազարէն պատկերներ