ԹՈՒՄՕն Համաշխարհային Մրցանակի Կ՛արժանանայ


«Փանարմինիըն»․- ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնը Տեղեկատուական արհեստագիտութեան (ՏԱ) համաշխարհային համաժողովին (WCIT-2018) արժանացած է գլխաւոր մրցանակին:

«Թուային դարու խորհուրդը իրագործելու համար» անուանակարգին տրուող մրցանակը կեդրոնի ներկայացուցիչներուն յանձնած է համաժողովի նախագահ Իւոն Չիւ:

WCIT համաժողովը կ՛ընթանայ Հնդկաստանի մէջ, Փետրուար 18-22ին:

2019ին հեղինակաւոր այս համաժողովը պիտի գումարուի Հայաստանի մէջ: