«Թումօ Հայաստան»ի Նպատակն է Հայաստանի եւ Արցախի Բոլոր Պատանիներուն Տալ Նորարարական Կրթութիւն


Թումօ ստեղծարար տեխնոլոգիաներու կեդրոն 

«Ամփոփ Մեդիա»,- «Թումօ Հայաստան» նախաձեռնութիւնը նպատակ դրած է հինգ տարուան ընթացքին Հայաստանի ու Արցախի որեւէ բնակավայրի մէջ ապրող իւրաքանչիւր պատանիի հասանելի դարձնել նորարարական կրթութիւնը: Այդ նպատակին հասնելու համար «Թումօ-Հայաստան»ը կը նախատեսէ 16 կեդրոններէ եւ 110 տուփերէ կազմուած կրթական ցանց հիւսել: Այս ծրագրին աշխատանքները արդէն սկիզբ առած են։

16 մեծ կեդրոնները ընտրուած են այնպէս, որ հնարաւորին չափ շատ տուփեր կարելի ըլլայ միացնել:

Մինչեւ այս տարուան աւարտը կը նախատեսուի տուփեր ստեղծել նաեւ Մարտակերտի, Կապանի, Սեւանի եւ Վայքի մէջ: Ամբողջ ցանցը հիւսելու համար պահանջուող 50 միլիոն տոլարէն առայժմ հաւաքուած է 30 միլիոնը: Թումօ բարեգործական հիմնադրամին կատարուող փոխանցումներուն եւ կեդրոնի արտասահմանեան մասնաճիւղերուն շնորհիւ է, որ Հայաստանի ու Արցախի պատանիներուն համար Թումոյի կրթութիւնը անվճար է:

Ին՞չ կը սորվին Թումոյի ուսանողները եւ ինչպէ՞ս

Թումոյի սանը այնտեղ ուսանելու ամբողջ ընթացքին ինքնուսուցմամբ կը զբաղի` անկախ տարիքէն, նախընտրած ոլորտէն ու ցուցաբերած առաջադիմութենէն:

Առաջին փուլին կողմնորոշիչ փուլն է, երբ պատանիները պարտադիր կը ծանօթանան բոլոր 14 ոլորտներուն, որոնց վերաբերեալ Թումոյի մէջ դասընթացքներ տեղի կ՛ունենան։

Ըստ «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի մամուլի պատասխանատու Զառա Բուդաղեանի՝ պատանիները 14 դասընթացներուն ծանօթացնելը անոնց նախ կ’օգնէ բացայայտումներ ընել թէ՛ ոլորտներու, թէ՛ իրենց կարողութիւններուն մասին, իսկ յետոյ կը բարձրացնէ պատասխանատուութեան զգացումը, երբ անոնք կ՛ընտրեն 6 ոլորտ, որոնց մասին յառաջիկայ 2-3 տարուան մէջ աւելի խորացուած գիտելիքներ ձեռք կը բերեն:

Ըստ անոր՝ ընդհանրապէս 2-3 տարին բաւարար է իւրացնելու եւ արդիւնաւէտ կիրառելու Թումոյի ծրագիրը:

Իւրաքանչիւր դասընթացք իր հերթին ինքնուսուցման փուլը ունի, որ կ’անուանուի նախավարժանք: Եթէ ուսանողը առանց դժուարութեան յաղթահարէ այս փուլը, կ’անցնի բուն դասընթացքին:

Զառան կ՛ըսէ, որ «Թումոյի մէջ ամէն ինչ գործնական գիտելիքի վրայ առաջ կ’երթայ․ օրինակ` եթէ ծրագրաւորում կը սորվիս, ապա պէտք է գրես քոտ, եւ անիկա պէտք է աշխատի:

Թումօ կրնան ընդունիուլ 12-18 տարեկան, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ապրող ոեւէ պատանի, որուն մօտ կայ Թումօ կեդրոն կամ տուփ։ Տարիքային սահմանափակումը միայն ընդունելութեան պայմանն է․ ընդունուելէն ետք ցանկացողները Թումոյի հետ կապը  կրնայ պահել` որքան ուզեն:

Թումոյի մէջ ուսանելու հնարաւորութիւն կը ստանում միայն յայտը լրացնելով։

Թումօ տուփ սահմանամերձ Բերդ քաղաքին մէջ

Այս տարի կը լրանայ Թումոյի ստեղծման տասը տարին․ Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու առաջին կեդրոնը բացուած է Երեւանի մէջ, 2011-ին: Այդ ընթացքին Թումոյի մէջ ուսանած է շուրջ 60 հազար ուսանող: Ներկայոիս գործող Թումոյի չորս կեդրոններու մէջ (Երեւան, Դիլիջան, Գիւմրի, Ստեփանակերտ) եւ երկու տուփերու մէջ (Բերդ, Գաւառ) կը սորվին մօտ 20 հազար ուսանող:

Ին՞չ է Թումօ տուփը

Տուփերը, որոնք կը կառուցուին container-ներէն, նման են դասարաններու, ունին Թումօ կեդրոններու յատուկ ձեւաւորումը եւ հիմնական բոլոր յարմարութիւնները։ Ուսանողներու թիւէն կախեալ տուփերը կրնան բաղկացած ըլլալ մէկ կամ քանի մը module-ներէ․ Մէկ module-է բաղկացած տուփը կրնայ ընդունիլ 320 ուսանող։

Բերդի Թումօ տուփը

 Սկզբունքօրէն, տուփը պէտք չէ կտրուած ըլլայ կեդրոնէն, որպէսզի ինքնուսուցման կողմնոշիչ փուլէն ետք ուսանողները պարտադիր անցնին դասընթացքները: Ուսանողը առաւելագոյնը մէկ ժամուան մէջ Թումօ տուփէն պէտք է հասնի Թումօ կեդրոն: Տուփերուն եւ անոնց միացած գիւղերուն միջեւ հեռաւորութիւնն ալ աւելի քիչ պէտք է ըլլայ։ Մեքենայով ամենաշատ 40 վայրկեանէն ուսանողը պէտք է հասնի տուփ:

Տաւուշի մարզի Բերդ եւ Գեղարքունիքի մարզի Գաւառ քաղաքներուն «Թումօ Տուփ»երը Դիլիջանի «Թումօ» կեդրոնին միացած են մէկ տարի առաջ` 2020-ի վերջը:

«Այս մէկ տարուան մէջ փորձարարական երկու տուփերն ալ իրենց գործունէութեամբ ապացուցեցին, որ համակարգը արդիւնաւէտ կ’աշխատի: Պատանիները ինքնուսուցման նախապատրաստական փուլը յաջողութեամբ անցան մինի Թումոյի` տուփի, որմէ ետք Դիլիջանի մէջ, որ այդ երկու տուփերուն համար հանգոյց ծառայող կեդրոնն է», կ՛ըսէ Զառա Բուդաղեան:

Թէ՛ տուփի, թէ՛ կեդրոնի մէջ ինքնուսուցման փուլը անցնող ուսանողները ունին հաւասար հնարաւորութիւններ։  Այդտեղ նաեւ աշխատարաններ (workshop) կը կազմակերպուին։ Աշխատարանները կարճատեւ ծրագիրներ են, որոնց ընթացքին design-ի եւ արհեստագիտութեան մարզի յայտնիներ, աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած մասնագէտներ կամաւոր ձեւով հմտութիւններ կը սովորեցնեն Թումոյի սաներուն:

Օրինակ՝ Բերդի թումոցիները, նման հնարաւորութիւն ունեցան ամերիկացի բեմադրիչ  Մերի Քեթրինկի հետ․ անոնք ոչ միայն ծանօթացան ֆիլմարտադրութեան հիմունքներուն, իրենց ուժերով նկարահանեցին Բերդի մասին կարճատեւ վաւերագրական ֆիլմ: Ֆիլմի ստեղծագործական խումբին մէջ էր 14-ամեայ Նարեկ Առաքէլեանը, որ Տաւուշի մարզի Տաւուշ գիւղէն է եւ Բերդի Թումոյ առաջին սաներէն: Ան ոգեւորութեամբ լսած է Բերդի մէջ Թումօ բացուելուն լուրը եւ նոյն օրը անդամագրուելու դիմում գրած։ Ան մէկ տարիէ ի վեր իր համագիւղացի միւս թումոցիներու հետ ամէն Չորեքշաբթի 5 քմ․ ճանապարհ կ’անցնի` կը հասնի Բերդ, որպէսզի մէկուկէս ժամ արհեստագիտութիւն ուսումասիրէ:

Հեղինակ` Լիլիթ Պօղոսեան

Լուսանկարները` Թումոյին