Թուրքիան Որեւէ Դեր Չի Կրնար Ունենալ ԼՂ Կարգաւորման Գործընթացին Մէջ․ Զոհրապ Մնացականեան


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան յայտարարած է, որ որեւէ այլ ուժ, մասնաւորապէս` Թուրքիան, որեւէ դերակատարութիւն չի կրնար ունենալ ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին մէջ ։ Այս մասին ան ըսած է Հանրային հեռուստաընկերութեան «Լուրեր» լրատուականին տուած մեկնաբանութեան մէջ` Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հետ աւելի քան տասը ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք, որուն արդիւնքով ԼՂ հակամարտութեան գօտիին մէջ կը հաստատուի հրադադար:

 «[…] որեւէ յառաջընթացի մասին խօսիլը առանց աւարտ դնելու, վերջակէտ դնելու այս իրավիճակին, ի հարկէ, անհնար պիտի ըլլար: Այն, ինչ բաւական երկար բանակցութիւններու ընթացքին մենք կրցանք արձանագրել, որ մեզի անհրաժեշտ է դադրեցնել կրակը, դադրեցնել այս վայրագութիւնը, այս պատերազմը, ամրագրել, ամրապնդել այս դադարը եւ յետոյ նոր խօսիլ խաղաղ գործընթացի մասին եւ նաեւ վերահաստատել, որ Մինսկի խումբի համանախագահութիւնը կը մնայ այն միակ ձեւաչափը, որ միջազգայնօրէն ճանչցուած հարթակն է բանակցութիւններու եւ խաղաղ գործընթացի համար», նշած է նախարարը:

Մնացականեան աւելցուցած է, որ ոեւէ այլ ուժ, մասնաւորապէս` Թուրքիան, այդ առումով որեւէ դերակատարութիւն չի կրնար ունենալ: