“Ժամանակն է Տուն Գալու”. Արմէն Սարգսեան Բոլոր Հայերուն Հայրենիք Վերադառնալու Կոչ Ըրաւ


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Սեպտեմբեր 21-ին Գիւմրիի Սեւ բերդին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան 28-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս տեղի ունեցած «Մեր ժամանակի հերոսը» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ պարգեւ յանձնեց փայտագործ  Սամուէլ Գասպարեանին:

Նախքան մրցանակի յանձնման արարողութիւնը ՀՀ նախագահը շնորհաւորեց բոլորը համահայկական տօնին` Անկախութեան օրուան առթիւ:

«Կ՛ուզեմ անկեղծօրէն շնորհակալութիւն յայտնել վարչապետին նախ եւ առաջ այս հոյակապ գաղափարին, ատոր իրականացման եւ այն փաստի համար, որ բոլորս այսօր հաւաքուած ենք այստեղ` Գիւմրի, ու կը պատուենք մեր այսօրուան հերոսները: Անոնցմէ  իւրաքանչիւրը իսկապէս հերոս է իր գործունէութեամբ: Տարբեր մարդիկ են, բայց անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր գործին վարպետ եւ շատ խոր անձնաւորութիւն: Ուրախ էի տեսնելով, որ մեր այսօրուան հերոսներուն մէջ կային նաեւ հայրենադարձներ», նշեց ՀՀ նախագահը:

Ան պատմեց 8-րդ դասարանին ռուսերէն լեզուի եւ գրականութեան դասի ընթացքին իրենց յանձնարարուած պարտականութեան մը մասին․ պիտի գրէին շարադրութիւն «Մեր ժամանակներու հերոսը» խորագիրով: «Ես գրեցի շարադրութիւնը, բայց չյանձնեցի զայն, որովհետեւ շատ անկեղծ գրած էի: Եւ հիմա կ՛ուզեմ պատմել, թէ ինչ գրած էի:

«Ես գրած էի, որ իմ ժամանակներու հերոսը իմ հայրն ու իմ մայրն են, եւ անոնց հազարաւոր ընկերները ու տասնեակ հազարաւոր ուրիշ հայեր, որոնք 1946-1948 թուականներուն պատերազմէն ետք վերադարձան աւերուած Հայաստան, որ պատերազմի ընթացքին կորսնցուցած էր մօտ 200-300 հազար որդիներ: Եւ երկիրը աղետալի վիճակի մէջ էր: Անոնք վերադարձան Հայաստան` առանց վախնալու: Իմ հայրիկի, մայրիկի սերունդը` 1946-47 թուականներուն հայրենադարձութեան սերունդը, եկան, բնակեցան այստեղ` Գիւմրի եւ ստեղծեցին հսկայական արուեստ, արդիւնաբերութիւն, մշակոյթ, գիտութիւն: Իմ խորին շնորհակալութիւնը կ՛ուզեմ յայտնել  նաեւ անոնց եւ կոչ ընել մեր բոլոր հայերուն` վերադարձէք հայրենիք: Ժամանակն է տուն գալու», նշեց ան։

ՀՀ նախագահը պատմեց, թէ ինչպէս իր հայրն ու անոր ընկերները զինք փոքր տարիքէն` 5 տարեկանէն սկսած կը տանէին Հայաստանի տարբեր շրջաններ, մինչեւ Արցախ, կը ծանօթացնէին ճարտարապետութեան ու բնութեան:

«Իրականութեան մէջ Գիւմրի եկած եմ նոյն այդ տարիքէն` 5 տարեկանէն: Առաջին անգամ Սեւ բերդը, Ձիթողցոնց տունը եւ Չերքեզի ձորն այդ ժամանակ տեսած եմ: Մտածելով այսօրուան մեր ժամանակի հերոսներու մասին` իմ կողմէս մէկ ուրիշ հերոս ալ ունիմ: Այդ հերոսը Գիւմրին է եւ գիւմրեցին, որ համբերատար 30 տարի սպասած է այս օրուան: Կորսնցնելով իր քաղաքին, իր բնակչութեան կէսը, հասկնալով, որ մեր ժողովուրդը պայքարի դուրս եկած է եւ իր ժամանակը չէ`  ան  արժանապատուութեամբ կրած է իր դժուարութիւնը: Ժամանակը եկած է, եւ ես կը կարծեմ, պարոն վարչապետ, այսօր առաջին օրն է Գիւմրիի եւ գիւմրեցիի ապագային, նոր, ազատ եւ ստեղծագործ կեանքին», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Ան գոհունակութիւն յայտնեց այն փաստին առթիւ, որ այսօրուան հերոսները մէկ տեղէ չեն, քանի որ, ինչպէս նշած է ՀՀ նախագահը, մեր հայրենիքը միայն Երեւանը չէ, Գիւմրին է, Գորիսը, Վանաձորէն մինչեւ Իջեւան, Արցախ եւ ամէն տեղ է: