.«Իմ Այգին» Հիմնադրամի Միջոցով Ցանկացողները Կրնան Արցախի ՄԷջ Իրենց Ծառը Տնկել


«Արցախփրէս».- Արցախի մէջ ստեղծուած է «Իմ այգին» բարեգործական հիմնադրամը, որուն նպատակն է Արաքս գետի հովիտին մէջ հիմնել պտղատու այգիներ:

Նախաձեռնութեան հեղինակներէն Սեւակ Խաչատրեանի խօսքով, ծրագիրը ամէն հայու, անկախ գտնուելու վայրէն, հնարաւորութիւն կ´ընձեռէ առանց անմիջական մասնակցութեան եւ ժամանակի կորուստի Արցախի մէջ հիմնել իր սեփական այգին: «Հիմնադրամի հաշուեհամարին փոխանցելով 5000 ՀՀ դրամ (հաշուարկը կատարուած է գիւղատնտեսական մասնագէտներուն կողմէ)` նուիրատուն ձեռք կը բերէ իր իսկ կողմէ ընտրած մէկ պտղատու անուանական ծառ, որուն բերքը, սկսած չորրորդ տարիէն, կը տնօրինէ անձամբ` 50 տոկոսի չափով: Նուիրատուի ծառի բերքի միւս 50 տոկոսի հասոյթը կը պատկանի հիմնադրամին` այգիներու ստեղծման եւ ատոնք յետագայ տարիներուն պահպանելու համար», ըսած է ան:

Ըստ նախաձեռնութեան հեղինակին` հիմնադրամի նպատակն է նախ ազգովի իրացնել պատմականօրէն հայկական հողերը, ինչպէս նաեւ նպաստել եւ աջակցիլ Արցախի մէջ` գիւղատնտեսութեան զարգացման: «Արցախի մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացման համար առկայ են շատ լաւ նախադրեալներ եւ, ներգրաւելով համահայկական ներուժը նուիրատուութիւնն ու ներդրումը կրնանք դարձնել փոխշահաւէտ», նշած է Խաչատրեան եւ աւելցուցած, որ ծրագիրին մասին լսելով արդէն բազմաթիւ հայրենակիցներ մասնակցութեան ցանկութիւն  յայտնած են:

Ծրագիրին մասնակցիլ ցանկացողները հիմնադրամի կապի տուեալներուն կրնան ծանօթանալ այստեղ:

author-avatar

This author has not supplied a bio yet.