Ծաղկազարդը Նշուեցաւ Էջմիածինի Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ,- Այս Կիրակի` Մարտ 29-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը տօնէ Ծաղկազարդը` Տէր Յիսուս Քրիստոսի` Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը: 

Այսօր Էջմիածինի Ս․ Գայանէ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ․ի հանդիսապետութեամբ նշուեցաւ Ծաղկազարդը։ 

Կատարուեցան Անդաստանի, մանուկներու օրհնութեան, Ս․ Պատարագի արարողութիւնները, ինչպէս նաեւ Դռնբացէքի կարգը:

Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ֆէյսպուքեան էջին վրայ հրապարակուած են կատարուած արարողութիւններէն լուսանկարներ։

 

Նշենք, որ աւանդապատումի համաձայն ` Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ ժողովուրդը ընդունած է խանդավառութեամբ` ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերու հետ իրենց զգեստները փռելով ճանապարհի վրայ եւ աղաղակելով. «Ովսաննա՜ Բարձեալին, օրհնեալ ըլլայ Ան, Որ կու գայ Տիրոջ անունով, օրհնեալ ըլլայ մեր Հօր` Դաւթի թագաւորութիւնը, որ կու գայ: Խաղաղութիւն երկինքի մէջ եւ Փառք բարձունքներուն (Մարկ. 11: 9-10): 

Ըստ Եկեղեցւոյ հայրերու` Յիսուսի առջեւ հանդերձներ փռելը խորհրդանշած է մեղքերը Քրիստոսին խոստովանիլը: Ոստեր եւ ճիւղեր ընծայելը ընդհանրապէս առանձնակի պատիւներ եւ հանդիսաւորութիւն կը նշանակէին: Ձիթենին ընկալուած է իմաստութեան, խաղաղութեան, յաղթանակի եւ փառքի խորհրդանշան: