Կը Կարօտնամ Եկեղեցւոյ Զանգերու Ղօղանջները. Մարտինի Վերջին Հայուհիին Պատմութիւնը


«Թերթ»․- Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող Մարտին նահանգի Տերիք շրջանին մէջ, ուր ժամանակին ապրած է աւելի քան 400 հայ ընտանիք, այսօր մնացած է վերջինը` Տեմիրճիներու ընտանիքը, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` չէ գաղթած եւ չէ կրօնափոխուած։

Եուրշալին Տեմիրճին, որ այստեղ մնացած է իր ամուսինին հետ, տխրութեամբ կը փաստէ, որ շրջանին մէջ հայ բնակչութեան բացակայութեան պատճառով այլեւս չի գործեր Տերիքի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին:

«Մեր հարեւանները երբեմն կ՛ըսեն` նամազ ըրէ: Ես նամազ չեմ գիտեր: Մենք` հայերս, հարսանեկան արարողութիւնը եկեղեցւոյ մէջ կ՛ընենք, սակայն իմս տունը ըրինք, որովհետեւ այդ ժամանակ այստեղ քահանայ չկար արդէն: Մինչեւ վերջերս փոխպատրիարքի օգնականը կու գար, սակայն ճնշումներու հետեւանքով ան ալ հեռացաւ», կը պատմէ տիկին Տեմիրճին` աւելցնելով, որ կը հպարտանայ իր ազգային ու կրօնական պատկանելիութեամբ ու չի պատրաստուիր փոխելու զայն:

Եուրշալին կ՛ընդգծէ, որ դեռ 50 տարի առաջ Մարտինի մէջ կարելի էր գտնել քրիստոնեայ հայ ընտանիքներ, որոնց մեծ մասը, սակայն, ընկերային եւ կրօնական բռնաճնշումներու հետեւանքով արտագաղթած են Պոլիս եւ միացած Պոլսոյ համայնքին, ուր կրնան իրականացնել մկրտութեան եւ հարսանեկան ծէսերն ու երեխաները հայկական դպրոց ուղարկել:

«Ասկէ 50 տարի առաջ եկեղեցւոյ զանգերը դեռ կը ղօղանջէին, եկեղեցին կը լեցուէր հայ քրիստոնեաներով: Կը կարօտնամ հին օրերը, բայց արդէն սորված եմ մենակութեան: Այստեղ ծնած ենք, այստեղ մեծցած եւ չենք ուզեր լքել մեր հողը: Երջանիկ եմ, որ այստեղ եմ», կ՛աւելցնէ Մարտինի վերջին հայուհին:

Նշենք, որ Մարտինը, որ ներկայիս համանուն նահանգի կեդրոնն է, վերին Միջագետքի հին բերդաքաղաքներէն էր: Կը գտնուէր Ետեսիա եւ Մծբին քաղաքներու միջեւ, բարձր եւ ապառաժոտ լեռան զառիվայր լանջին:

Ցեղասպանութեան տարիներուն Մարտինէն բռնի աքսորուած է 4.663 հայ: