«Կողմնակից Եմ, Որ Բանակը Հզօրանայ, Քան Թէ Նոր Եկեղեցի Կառուցենք». Արցախի Թեմի Առաջնորդ


Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեան

«Սփութնիկ Արմէնիա»,- Արցախի համար այսօր առաջնահերթութիւնը վաղուայ օրուան վերաբերեալ համոզումն է, որ միայն եկեղեցին չի կրնար տալ: Ստեփանակերտի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեան:

«Ես աւելի կողմնակից կ’ըլլամ, որ մեր բանակը հզօրանայ, քան թէ մենք նոր եկեղեցի կառուցենք կամ վերանորոգենք: Կառուցեցինք եկեղեցին, վերանորոգեցինք, յետո՞յ: Եթէ մեր բանակը տկար է, եկեղեցի վերանորոգելով չենք կրնար շարունակել ապրիլ: Եթէ մարմինով հզօր չես, հոգեւոր առաքելութիւնդ ալ չես կրնար կատարել: Ես վստահ եմ, եթէ Արցախը ամուր պարիսպներ ունենայ, սահմանային գիւղերու բնակիչները աշխատանք ունենան, իրենք իրենց ձեռքով կը վերանորոգեն իրենց տեղի վանքերը»,  նշած է Եպիսկոպոսը:

Արցախի հոգեւոր առաջնորդին խօսքով` Արցախի մէջ նախ պէտք է հզօրացնել անվտանգութիւնը, ապա նոր զբաղիլ հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի հարստացումով:

«Եկեղեցին միշտ կ՛ըսէ` ամուր հոգեւոր տան կողքին պիտի ըլլան ամուր իշխանական տուներ: Իշխանական տուներէն մէկն ալ բանակն է: Մեր հայրերը ի՞նչ ըրած են Կաչաղակաբերդի մէջ (բերդ Մարտակերտի շրջանին մէջ, պատերազմէն ետք մնացած է հայկական վերահսկողութեան տակ. խմբ․): Անոնք այդտեղ նախ կառուցեցին բերդը, ապա կամուրջը, յետոյ նոր` եկեղեցին: Նոյն առաջնահերթութեամբ ալ մենք պէտք է շարժինք», ըսաւ Տէր Վրթանէսը:

Անոր խօսքով` Արցախի կարգավիճակի եւ վաղուան հարցը այժմ բոլոր արցախցիներուն համար առաջնակարգն է:

«Իշխանութիւններուն ամէն որոշում ուղիղ հետեւանք կ՛ունենայ արցախցիներուն համար: Եթէ Արցախի ապագան, վաղուան օրը պարզ ըլլայ, դուն ալ հնարաւորութիւն ունենաս, նոր եկեղեցիներ ալ կը կառուցես, իսկ աւելի լաւ է` հիները, որոնք խոնարհուած վիճակի մէջ են, վերանորոգես: Ես չեմ ըսեր, որ եկեղեցիներ պէտք չէ վերանորոգել կամ հոգեւոր կեանքը պէտք է առանձնանայ բանակէն, հակառակը` աղօթող զինուորը աննկուն զինուոր է, մեր պապերը խաչերը ձեռքին գացած են հայրենիքը պաշտպանելու: Ու մենք ալ կ՛ըսենք` յոյսն առ Աստուած երբեք չի ամչցներ, բայց այդ յոյս ունեցողն ալ պիտի իր վաղուան, իր իշխանութիւններու որոշումներուն հանդէպ վստահութիւն ունենայ», ըսաւ Տէր Վրթանէսը:

Նշենք, որ Տէր Վրթանէսը երկար տարիներ եղած է ՀՀ զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդը: Ան Արցախի թեմի առաջնորդ նշանակուած է այս տարուան Յունուարին` փոխարինելով Պարգեւ սրբազանին: