Հալէպը, Պուրճ Համուտը, Քեսապը, Այնճարը Սփիւռքի Թթխմոր Են


Սեդօ Պոյաճեան


Հալէպի կորուստը համազօր է ազգային կորուստի: Չափազանցութիւն կամ զգացականութիւն պէտք չէ որոնել դժուարութեամբ արտայայտուող այս հաստատումին մէջ: Կենսականօրէն կարիքը կայ բացատրելու ազգային մակարդակով հետեւանքներ ունեցող իրավիճակ մը, որուն լուսաբանումն ու հիմնաւորումը պէտք է շատոնց տրուէր, անդրադառնալու համար, թէ ի՞նչ կը նշանակէ հաստատուած եւ կազմաւորուած գաղութի մը գոյատեւման, մինչեւ իսկ գոյութեան վտանգը:

Անմիջապէս պէտք է շեշտել, որ այս հարցը պէտք չէ առնչել պատերազմական անողոք պայմաններու տակ դիմադրող հալէպահայութեան անհատական թէ կազմակերպական որոշումներուն: Այդ որոշումները, իրենց շարժառիթներով հանդերձ, պէտք է յարգուին եւ մինչեւ իսկ օժանդակութեան արժանանան մեր բոլորին կողմէ:

Անհատական թէ ընտանեկան մակարդակի վրայ գոյութենական յարգելի որոշումները` իրենց կարգին, ուր կորուստները արդէն իսկ ահաւոր են: Սակայն տեղ մը պէտք է սկսինք հաշուարկումը կատարել այն հաւաքական կորուստին, որ ազգային ռազմավարական մտահոգութիւն պէտք է ըլլայ, իսկ սփիւռքահայութեան համար` ազգային աւիւն հայթայթող կենարար աղբիւրի կորուստ:

Երբ Ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթի պատճառով սկսան յառաջանալ հայկական սփիւռքի գաղթօճախները, անոնց կազմաւորման աշխատանքը մեկնակէտ ունէր ազգային եւ կազմակերպական այն առաջադրանքը, թէ նոր կազմուող սփիւռքեան գաղութները «ժամանակաւոր գաղթակայաններ» են, ուր հայութեան գոյութիւնը վերջնական բնոյթ չունի: Սփիւռքեան այս բնակատեղիներուն գոյութեան իմաստը կը կայանայ հայրենիք վերադարձի մէջ: Մինչեւ հայրենական վերադարձը` գաղթօճախներու պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հետապնդել ազգային գոյատեւումի աշխատանք, հայեցի ինքնութեան պահպանում, եւ ազգային քաղաքական դատի հետապնդում:

Նման ազգային առաջադրանք բնականաբար կը պահանջէր ստեղծումը հայկական համախումբ կեանքի մը, որ օժտուած պիտի ըլլայ իր կրթական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական, կրօնական եւ քաղաքական կառոյցներով: Գաղթօճախներու կազմակերպական կենսափորձը ապացուցեց, որ ակնկալուած համախումբ կեանքի յառաջացման ի խնդիր նախատեսուած կառոյցներու համար անհրաժեշտ են թոյլատու պայմաններ, ուր կարելի պիտի ըլլայ ապահովել հայեցի ինքնութիւնը, պահպանել եւ աւելցնել անդամական համրանքը, եւ զարկ տալ հայեցի մշակոյթի դրսեւորման ու ազգային քաղաքական դատի հետապնդման:

Ափսոս, արեւմտեան սփիւռքը, այսինքն` եւրոպական եւ ամերիկեան ցամաքամասերու վրայ կայք հաստատած գաղթօճախները դժուարութիւնը ունեցան սփիւռքի ազգային առաջադրանքը իրագործելու: Անոնց կը պակսէր մեզ հիւրընկալող երկիրներու թոյլատու պայմանները: Արեւմտեան կենցաղի եւ ընկերային կեանքի պայմանները մեծագոյն խոչընդոտներն էին հայկական համախումբ կեանքի մը յառաջացման: Այս պայմանները մինչեւ այսօր եւ տակաւին ապագայի համար կը մնան ու պիտի մնան ի զօրու: Իրականութիւնը այն է, որ վերջին տասնամեակներուն արեւմտեան սփիւռքի մէջ համախումբ կեանքի որեւէ աշխուժացում արդիւնք է միջինարեւելեան գաղութներէն եւ հայրենիքէն հասնող աւիշին:

Սակայն տարբեր է միջինարեւելեան գաղթօճախներու պարագան: Այս տարածաշրջանին մէջ, հակառակ այլազան քաղաքական վերիվայրումներու, հայկական համախումբ կեանքի եւ հայապահպանումի համար կը տիրեն յարմար միջավայր եւ պայմաններ: Հոն հայ մշակոյթի, ընկերային կեանքի ու ազգային նկարագրի զարգացումները նուազ տարողութեամբ վտանգուած են: Հոն մեր համախումբ կեանքը կը գործէ, մեր ինքնութեան պահպանումը աւելի արդիւնաւէտ է, մեր մշակոյթի փոխանցումը հեշտ է, մեր պահանջատիրական պայքարի նպատակները աւելի անաղարտ են:

Այս բովանդակութեան մէջ պէտք է զետեղել Հալէպի գաղութը: Այս իմաստով Հալէպի կորուստը նաեւ ազգային կորուստ է: Նոյն կորուստը կը պատահի, երբ վտանգուած է Պուրճ Համուտը, Քեսապը կամ Այնճարը: Այս հայահոծ կեդրոնները մեր միջինարեւելեան գաղութներու սիրտը, ուղեղը եւ հարուածող բազուկն են: Այս կեդրոնները կը բնորոշեն եւ կը հաստատեն միջինարեւելեան մեր գաղթօճախներու կենսական արժէքը մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին եւ մեր պահանջատիրութեան համար:

Առաջին, միջինարեւելեան տարածաշրջանի մեր գաղութները տասնամեակներու ընթացքին յաջողած են ստեղծել համախումբ հայեցի կեանք:

Երկրորդ, շնորհիւ իրենց համախումբ կեանքին` այս գաղութները կրցած են ստեղծել կազմակերպուած համայնքներ, որոնք պաշտօնական թէ անպաշտօն կերպով ճանաչում ունին իրենց բնակած պետութեան կողմէ:

Երրորդ, իբրեւ կազմակերպ համայնքներ` այս գաղութները յաջողած են զարգացնել ընկերային եւ մշակութային նկատառելի ինքնիշխանութիւն:

Չորրորդ, իրենց աշխարհագրական դիրքով այս գաղութները աւելի մերձակայ են հայրենիքին, ինչ որ մեծապէս կը դիւրացնէ ներգաղթի աշխատանքը:

Ամէնէն կարեւորը, Հալէպը եւ մնացեալ կեդրոնները կենսատու աւիւնը կը սրսկեն արեւմտեան ցամաքամասերու գաղութներուն, որպէսզի այս վերջինները շարունակեն իրենց ազգանուէր եւ հայրենակեդրոն աշխատանքը:

Կարելի՞ է պատկերացնել մեր ազգային ու հայրենական կեանքը` առանց Հալէպի, Պուրճ Համուտի, Քեսապի եւ Այնճարի: Կարելի՞ է պատկերացնել սփիւռքը առանց թթխմորի…