Համազգայինի Մանկապատանեկան Երգչախումբի Տարեկան Ելոյթ․ ՙՀայ Աստղեր՚ուն Նաւարկութիւնը


 ՙՀայ Աստ­ղեր՚ ման­կա­պա­տա­նե­կան երգ­չա­խում­բը ելոյթի ընթացքին։

Տի­րուկ Մար­գա­րեան Կա­րա­պե­տեան


Ուր­բաթ, 24 Մա­յի­սի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, Հա­մազ­գա­յի­նի Հայ Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան ՙԳլա­ձոր՚ մաս­նա­ճիւ­ղի ՙՀայ Աստ­ղեր՚ ման­կա­պա­տա­նե­կան երգ­չա­խում­բի փա­յուն կա­տա­րում­նե­րը եր­կին­քի աստ­ղե­րուն նա­խան­ձը շար­ժե­ցին։ Ա­նոնք ի­րենց լա­զո­ւարթ փէ­շով, տա­բա­տով, ճեր­մակ շա­պի­կով ու նա­ւաս­տիի լայ­նա­ծա­ւալ օ­ձի­քով հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ով­կիա­նին մէջ նա­ւար­կե­լու պատ­րաստ նա­ւաս­տի­ներ ե­ղած էին։ Ար­ծա­թա­գոյն եւ ոս­կե­գոյն վար­դե­րով զար­դա­րուն ու խա­ղա­ղօ­րէն ծփա­ցող բե­մա­հար­թա­կին վրայ կանգ­նած փոք­րիկ նա­ւաս­տի­նե­րը հայ­կա­կան եր­գե­րու կա­խար­դա­կան թիե­րով պի­տի նա­ւար­կէին ծո­վէ ծով Հա­յաս­տա­նի դա­րա­ւոր մշա­կոյ­թի ան­մա­հա­կան ջու­րին մէջ՝ հայ ա­րո­ւես­տին փառ­քը եր­գե­լու։ 

Տա­ղան­դա­շատ խմբա­վար Հռիփ­սի­մէ Թով­մա­սեա­նի ու բազ­մա­վաս­տակ դաշ­նա­կա­հար Վա­նիկ Յով­հան­նէ­սեա­նի ան­խոնջ ճի­գին ու կամ­քին շնոր­հիւ ա­միս­ներ ա­ռաջ սկսած աշ­խա­տան­քը իր լրու­մին հա­սաւ ու յա­ջո­ղու­թեան նա­րօ­տով պսա­կո­ւե­ցաւ այդ ե­րե­կոյ։ ՙՀա­մազ­գա­յին՚ թա­տե­րաս­րա­հին մէջ հա­ւա­քո­ւած Թո­րոն­թո­յի հայ հա­մայն­քը ան­գամ մը եւս հիաց­մուն­քով ունկնդ­րեց նոր սե­րուն­դին շրթուն­քէն հնչած եւ ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ պա­րու­րո­ւած հայ­կա­կան եր­գը։

Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ Մա­կի Սու­լեան, իր բաց­ման խօս­քին մէջ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն եւ ե­րաժշ­տու­թեան ոյ­ժին կա­խար­դան­քը վեր­յի­շեց­նե­լով ը­սաւ, թէ եր­գը իր դրա­կան ազ­դե­ցու­թեամբ կրնայ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն տի­րել մար­դու բո­վան­դակ էու­թեան՝ մարմ­նին ու հոգ­ւոյն։ Ան իր խօս­քին մէջ շեշ­տեց վար­չու­թեան հա­յան­պաստ ա­ռա­քե­լու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րուն շնոր­հիւ կը վե­րապ­րի հայ մշա­կոյ­թը, ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը փո­խան­ցե­լով սե­րուն­դէ սե­րունդ։

Նա­ւար­կու­թեան պա­հը հա­սաւ․ Փոք­րե­րու խում­բին աստ­ղե­րը խան­դա­վա­ռու­թեամբ սկսան եր­գել՝ ՙՁիւն՚, ՙԱ­նուշ խա­ղող՚, ՙԱր­դէն մեծ եմ՚, ՙԹի­թեռ­նիկ՚ եւ ՙՓոք­րե­րի աշ­խարհ՚ եր­գե­րը։ Ա­նոնք ի­րենց քաղց­րա­հունչ ձայ­նով ու գե­ղե­ցիկ շար­ժում­նե­րով ներ­կա­նե­րուն առ­ջեւ բա­ցին ման­կա­կան բազ­մե­րանգ աշ­խար­հին դռնե­րը։ Նա­ւաս­տի աստ­ղե­րը ի­րենց հմուտ նա­ւա­վա­րին ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ սկսան նա­ւար­կել հայ ե­րաժ­շու­թեան ծո­վուն բիւ­րեղ ա­լիք­նե­րուն վրայ։ Ինչ գե­ղե­ցիկ կը կար­կա­չէր հայ եր­գը նո­րափ­թիթ հայ մա­նուկ­նե­րուն շրթուն­քէն։

Երկ­րորդ խում­բը բարձ­րո­րակ կա­տա­րու­մով եր­գեց՝ ՙՍի­րում ենք աշ­խա­տել՚, ՙՉեմ հա­ւա­տում՚ եւ ՙԻմ աշ­խար­հը՚ եր­գե­րը։ Ա­պա ա­նոնց միա­ցաւ աստ­ղե­րուն պա­տա­նի խում­բը։ Զոյգ խում­բե­րը հմտու­թեամբ սկսան եր­գել ու նա­ւար­կել։ Ա­նոնց շրջապ­տոյ­տը սկսած էր՝ ՙԻմ Հա­յաս­տան՚ եր­գի հե­տե­ւեալ բա­ռե­րով՝

ՙԱ­մէն հա­յի սրտի հա­մար ու­րա­խու­թիւն իմ Հա­յաս­տան,

Ճամ­բա­նե­րում հե­ռու խա­ւար դու լոյ­սի սիւն, իմ Հա­յաս­տան․․․”:

 ՙՆա­խի­ջե­ւան՚ եր­գով աստ­ղե­րը ան­ցան ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տան ու կա­րօ­տի զգա­ցու­մով բա­ցա­գան­չե­ցին՝ ՙՆա­խի­ջե­ւան, Նա­խի­ջե­ւան, Նոյ Նա­հա­պե­տի ի­ջե­ւան,

Հայ­կա­զեան ցե­ղի բու­րաս­տան, հայ սրտե­րու վեհ սի­րա­կան․․․՚:

Ա­պա՝ ՙԾաղ­կա­ձոր՚ եր­գով վեր­դար­ձան հայ­րե­նիք ու ՙԲարձ­րիկ Հա­յաս­տան՚ խո­րա­գի­րը կրող սրտա­ռուչ եր­գով գո­վեր­գե­ցին մեր թան­կա­գին հայ­րե­նի­քին հո­ղը, ջու­րը, բնու­թիւնն ու զարթ­նող գա­րու­նը։ ՙՎե­րա­դար­ձի երգ՚-ին յա­ջոր­դեց ՙԳար­նան եր­գը՚։ Գար­նան ծաղ­կուն­քին հետ միա­ձու­լո­ւած՝ ա­նոնց շրթուն­քէն դուրս թռաւ մեղ­րա­համ մայ­րե­նիին նո­ւի­րո­ւած՝ ՙՄայ­րե­նի լե­զու՚ եր­գը, ո­րուն դայ­լայ­լին հրա­պոյ­րով լե­ցո­ւե­ցան ներ­կա­նե­րուն սրտերն ու հո­գի­նե­րը։

ՙՄեր աշ­խարհ՚ խո­րա­գի­րով եր­գին՝ ՙՄեր եր­կի­րը լայն է, յոյ­սե­րի մի ծով, մեզ բա­ցել է սիր­տը մայ­րա­կան սի­րով․․․՚ բա­ռե­րուն ու մեղ­միկ ե­րաժշ­տու­թեան հմայ­քով տա­րո­ւած փոք­րիկ նա­ւաս­տի­նե­րը Ա­րա­րատ լե­րան վսե­մա­շուք ներ­կա­յու­թիւ­նը զգա­ցին ու Մայր Ա­րաք­սի ա­փե­րուն կանգ­նած եր­գե­ցին ՙՀէ՛յ, եր­գիր Ա­րաքս, իմ բախտ, իմ ե­րազ։ Ջան Ա­րաքսն է եր­կիր՝ կա­րօտն իմ, դու իմ մտե­րիմ՚, ար­տա­բե­րե­լով հայ­րե­նի հո­ղին հան­դէպ ի­րենց տա­ծած սէրն ու կա­րօ­տը։ Կա­րօ­տի կան­չը լսող փոք­րիկ աստ­ղե­րուն եր­կու խում­բե­րը իս­կոյն միա­ցան պա­տա­նի­նե­րուն ու պա­հան­ջա­տի­րու­թեան միա­հա­մուր եւ աշ­խոյժ ձայ­նով՝ ՙՔայլ ա­ռաջ՚ եր­գե­ցին։ Հայ­կա­կան բա­նա­կի փայ­լուն աստ­ղե­րուն շո­ղը ան­գամ մը եւս ո­գե­ւո­րեց սրա­հին մէջ հա­ւա­քո­ւած հա­րա­զատ­նե­րը եւ հո­գե­թով պա­հեր ներշն­չեց ա­նոնց։

Վար­չու­թեան կող­մէ խօսք ա­ռաւ Սա­րին Փօ­լա­տեան-Ա­բի­կեան։ Ան բարձր գնա­հա­տեց բազ­մա­տա­ղանդ ու բազ­մա­վաս­տակ ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ, երգ­չա­խում­բի ղե­կա­վար Հռիփ­սի­մէ Թով­մա­սեա­նի ու դաշ­նա­կա­հար ե­րա­ժիշտ Վա­նիկ Յով­հան­նէ­սեա­նի ջան­քե­րը, ո­րոնց ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մին շնոր­հիւ ՙՀայ Աստ­ղեր՚ու նա­ւը ա­պաս­տան գտաւ հայ եր­գա­րո­ւես­տի խա­ղաղ նա­ւա­մա­տոյ­ցին մէջ։ Փոք­րիկ­նե­րուն կող­մէ գե­ղե­ցիկ ծաղ­կե­փուն­ջեր նո­ւի­րո­ւե­ցան զոյգ ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն, ա­պա՝ ծա­փող­ջիւն­նե­րու ներ­քոյ բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ՝ Մա­կի Սու­լեանն ու Թա­լին Աշ­քա­րեա­նը, ո­րոնք ա­միս­ներ շա­րու­նակ ի­րենց ան­դուլ գոր­ծու­նէու­թեամբ ա­ջակ­ցե­ցան ՙՀայ Աստ­ղեր՚ուն։

Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին, ՙաստ­ղե­րուն՚ ծնող­նե­րը, բերկ­րան­քի ճա­ճանչ­նե­րով հա­մա­կո­ւած, ող­ջա­գու­րե­ցին ի­րենց  զա­ւակ­նե­րը, ո­րոնց հոգ­նե­րուն մէջ ան­մա­հա­ցած էր հայ եր­գա­րո­ւես­տը։