Համահայկական Հիմնադրամի Թորոնթոյի Մասնաճիւղի Ֆինանսաւորմամբ Կառուցուած Արցախի Շոշ Գիւղի Դպրոցը Կը Վերաբացուի


Արցախի Շոշ գիւղի դպրոցը

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Թորոնթոյի Մասնաճիւղի ֆինանսաւորմամբ 2004–ին կառուցուած Արցախի Ասկերանի շրջանի Շոշ գիւղի դպրոցը կը վերաբացուի։

Արցախի սրտին մէջ գտնուող Շոշ գիւղը, պատերազմի հետևանքով այժմ յայտնուած է սահմանամերձ գօտիին մէջ:

Բնակիչներուն մեծ մասը զինադադարէն ետք գիւղ վերադարձած են, իսկ դպրոցը, դռներու, տանիքի, պատուհաններու և այլ որոշ վերանորոգութիւններէ ետք, մէկ շաբաթ առաջ բացաւ իր դռները աշակերտներու առջեւ:

Հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ դպրոցին 75 աշակերտներէն 65-ը արդէն կը յաճախեն դպրոց: