Համաճարակի Դէմ Պայքարի Ծիրէն Ներս Տարբեր Երկիրներ Օգնութեան Ձեռք Կ՛երկարեն Հայաստանին


Վերջին օրերուն «քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարի աշխատանքներուն մէջ Հայաստանին օգնութեան կը հասնին տարբեր երկիրներ թէ՛ բժիշներով եւ թէ՛ բժշկական սարքերով եւ պարագաներով։

Այս նպատակով, Յունիս 13-ին, Ֆրանսայէն խումբ մը բժիշկներ, յատուկ թռիչքով, ժամանած են Հայաստան։ Այս նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դարձած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին, USAID-ի եւ Առողջապահութեան նախարարութեան համագործակցութեամբ:

Լիթուանիոյ կառավարութեան կողմէ Յունիս 19-ին Հայաստան ուղարկուած են բժշկական պարագաներ եւ բուժաշխատողներու և փորձագէտներու առաքելութիւն, որ 14 oր պիտի աջակցի հայ բժիշկներուն։

8 բուժաշխատողէ ու 3 մասնագէտէ բացի Հայաստանին տրամադրուած են նաեւ «Քորոնա» ժահրի 30 000 հատ փորձարկիչ (test) եւ 60 000 օրինակ փորձանմուշի շիշ, ինչպէս նաեւ լիթունական արտադրութեան 20 000 հատ օդափոխիչի զտիչ (filter):

Լիթուանիոյ առողջապահութեան նախարարը նշած է, որ Լիթուանիա շատ հպարտ է, որ կրնայ օգնել Հայաստանին այս դժուարին ժամանակշրջանին, յոյս յայտնելով որ մասնագէտ բժիշկներն ու օժանդակութիւնը կը նպաստեն բարեկամ Հայաստանին յաղթահարելու համաճարակը:

Յունիս 18-ին եւ 19-ին յատուկ թռիչքներով Սերպիայէն Հայաստան ուղարկուած են 10 արհեստական շնչառութեան սարքեր, հիւանդի վիճակը վերահսկող 10 monitor, 500 հազար վիրահատական եւ 100 հազար շնչառական դիմակներ, 25 հազար պաշտպանիչ ակնոցներ, 25 հազար բժշկական պաշտպանիչ հանդերձանք եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ:

Սերպիոյ կողմէ Հայաստանին մեծածաւալ աջակցութիւն տրամադրելու վերաբերեալ պայմանաւորվածութիւնը ձեռք բերուած Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի և Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտար Վուչիչի հեռախոսազրույցներու արդիւնքով:

Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքի ռազմական օդակայանէն Յունիս 19-ին Հայաստան ուղեւորուած է  լեհական մարդասիրական օգնութեան բժշկական պարագաներով բեռնաւորուած օդանաւը։ Օգնութեան փաթեթը կը ներառէ  20000 բժկական դիմակ, 2400 դիմային պաշտպանիչ վահան և 2700 լիթր ձեռքի և երեսի ախտահանիչ հեղուկ։

Ռուսիայէն հայ եւ ռուսաստանցի մօտ 50 բժիշկներ Հայաստանի պիտի գան քանի մը շաբաթով օգնելու Հայաստանի առողջապահական համարագին, յայտնած է Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան Յունիս 12-ին տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին։

Վրաստանը նոյնպէս պատրաստակամ է օգնելու Հայաստանին, յայտարարած է վարչապետ Գիորգի Գախարիա, նշելով,  որ առաջին հերթին իրենք կը պատրաստուին բժշկական անձնակազմ գործուղել Հայաստան։

Նշենք, որ Յունիս 19-ի դրութեամբ դրութեամբ Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրով վարակուած է ընդհանուր 19157 հոգի, մահացած է 319 անձ, ապաքինած` 8266 հոգի:  Իսկ Արցախի մէջ հաստատուած է «քորոնա» ժահրով վարակուած 96 պարագայ, որոնցմէ 58-ը առողջացած է:

Ֆրանսացի բժիշկները՝ Զուարթնոց օգակայանին մէջ։

 

Օգնութիւն բերած սերպական օդանաւը՝ Զուարթնոց օդակայանին մէջ։

 

Ֆրանսացի բժիշկները Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոցին մէջ՝ հայ բժիշկին հետ խորհրդակցութեան պահուն։

 

Սերպական երկրորդ օդանաւը կը ժամանէ Երեւան։