«Հայաստանը  Իմ Կեանքս Է, Ինքզինքս Չեմ Կրնար Պատկերացնել Հայաստանէն Դուրս․ Ամէն Առաւօտ Փառք Կու տամ, Որ Հոս Կ’ապրիմ», Կ’ըսէ Հայրենադարձ Գործարար Ծիլա Թանկուքեան


Ծիլա Թանկուքեան իր Coffee-inn խանութէն ներս

Սալբի Սաղտըճեան

Coffee-inn խանութ մտնելուն պէս անուշաբոյր սուրճի հոտը կը լեցնէ ռունգս եւ կը կազդուրէ զիս առտուան քնագլուխ վիճակէս։

Հանգստացնող եւ իւրայատուկ շունչ կայ խանութէն ներս․  տարածքը լի է բազմատեսակ սուրճերով, քաղցրաւենիքներով․․․։ Աշխատողները մեծ ջանասիրութեամբ կը վազվզեն եւ կը պատրաստեն յաճախորդներու պատուէրները։ Բարեհամբոյր ժպիտով զիս կը դիմաւորէ խանութի սեփականատէրը՝ Ծիլա Թանկուքեանը։ Նախքան հարցազրոյցը սկսիլը ան կ’առաջարկէ խանութի համեղ սուրճերէն մէկը ըմպել։

Կոմիտաս փողոցի վրայ գտնուող սուրճի մասնագիտական խանութը յաճախորդներու պակաս չունի։ Ծիլան կը նշէ, որ սկիզբը շատ քիչ էին խանութ մտնողները, բայց ժամանակի ընթացքին մէկը միւսը բերաւ եւ այդպիսով կամաց-կամաց շատցան։ Հիմա շատեր կը նախընտրեն ոչ միայն խանութէն գնում ընել, այլ նաեւ առաւօտեան սուրճը այստեղ խմել։ Coffee-inn-ը արդէն ունի մօտ 35 տեսակի սուրճեր ու յատուկ խառնուրդներ, որոնք միայն իրենց կը պատկանին։ Կան շատ մը ընկերութիւններ եւ ճաշարաններ, որոնք կ՛օգտուին այս սուրճերէն։

Ծիլան եւ ամուսինը Հալէպէն Հայաստան տեղափոխուած են 2007-ին՝  նախքան Սուրիոյ պատերազմը։ «Ամուսինս Հայաստանի մէջ բժշկութիւն ուսանած է, երկուքս ալ շատ կը սիրէինք Հայաստանը, հայրս ալ շատ քաջալերեց, որ Հայաստան հաստատուինք եւ հոս գործ հիմնենք։ Ամուսնանալուն պէս եկանք Հայաստան», ուրախութեամբ կը նշէ ան։

Ինչպէս ծնունդ առաւ սուրճի խանութ բանալու գաղափարը՝ հարցումիս, խանութի հիմնադիր-տնօրէնը կը մանրամասնէ․ «Մենք ունինք ընտանեկան business, ամուսինս կ’աշխատի դեղագործական արտադրութեամբ, իսկ ես կ’աշխատէի մեծաքանակ սուրճ ներմուծող եւ բովող ընկերութեան մը մէջ, որ սուրճը կանաչ կը բերէ, եւ մենք կ’որոշէինք ամէն մէկ տեսակը ինչ աստիճանի պէտք է խարկուի։ Հոն երկար տարիներ աշխատելէ ետք, ուզեցի առանձնանալ, յաճախորդներու հետ շփուիլ, ես իմ անձնական գործս ունենալ եւ իրագործել իմ մտքի բոլոր գաղափարները»։  

2018-ին բացուած խանութը ներկայիս ունի վեց աշխատող։ «Յոյսով ենք, որ ընթացքին մեր մասնաճիւղերը կը շատնան եւ աւելի աշխատողներ կ’ունենանք», կը նշէ ան։ Խանութի անունը ունի երկու իմաստ․ մէկը caffeine-ն բառն է, միւսը՝ տեղ մը, ուրկէ ոչ միայն կարելի է սուրճ գնել, այլ նաեւ՝ նստիլ եւ ըմպել։

Հայաստանի մէջ քիչ մը դժուար է անձնական գործ հիմնելը տեսակէտիս՝ Ծիլան չի համաձայնիր։ «Հայաստանը փոքր շուկայ է, այդ տեսակէտէն կրնայ դժուար ըլլալ, բայց օրէնքները շատ յստակ են եւ պարզ։ Պետութիւնը գործ հիմնողին խոչընդոտներ չի ստեղծեր, եթէ ամէն ինչ օրինական ըլլայ եւ հարկերը ժամանակին մուծես։ Եթէ գործդ լաւ ըլլայ, հարկերը տրամաբանական են՝ համեմատած եւրոպական կամ այլ երկիրներու հետ», կը հաստատէ ան։

Թէ ինչո՛ւ կարգ մը սփիւռքահայեր չեն յաջողիր Հայաստանի մէջ գործ հիմնել հարցադրումիս՝ ան իր փորձառութենէն մէկնած կը նշէ․ «Իմ գործիս պարագային կրնամ ըսել, որ սուրճի հետ կապուած 10 տարուան փորձառութիւն եւ գիտելիք ունէի։ Նոր գործ ձեռնարկողները պէտք է լաւ հասկնան շուկան եւ մարդոց պահանջքները եւ ատոնց համապատասխան արտադրանք առաջարկեն։ Պարզապէս պէտք է ճիշդ քայլեր ձեռնարկել եւ համբերել։ Եթէ ցանկութիւնը ունիս եւ աշխատասիրութիւն, դժուար բան չկայ»։

Հայաստան ապրելու դժուարութիւններուն մասին, կը նշէ, որ որեւէ երկիր, որ նոր երթաս, սկիզբը անպայման դժուարութիւններ կ’ունենաս, մինչեւ ընտելանաս, կեցութեան եւ ֆինանսական հարցերը լուծես։ «Ժամանակի ընթացքին ամէն հարցերը կը լուծուին, կարեւորը համբերութիւն ունենալն է», կը վստահեցնէ ան։

Զրուցակիցս կ’ուզէ Հայաստանի լաւ կողմերը գնահատել, քան վատին վրայ կեդրոնանալ․ Ծիլան շատ ուրախ է եւ հպարտ, որ իր զաւակները Հայաստան ծնած են եւ օտարութեան զգացում չունին, ինչպէս իրենք ունեցած են։ «Կրնայ ըլլալ ես քիչ մը լաւատես կը խօսիմ եւ դրական եմ, բայց ես Հայաստանի մէջ շատ ապահով եւ հանգիստ կը զգամ, մերն է, տաքուկ է։ Եթէ գործի եւ ֆինանսական հարց չունիս, այստեղ ամէն տեսակի հետաքրքրութիւններուդ գոհացում կրնաս տալ՝ ըլլայ մշակութային, ընկերային, կրթական եւ հազար ու մի տեսակ առաւելութիւններ եւ ընտրելու հնարաւորութիւնններ, յատկապէս երեխաներուս համար կան իրենց հետաքրքրութիւնները զարգացնող տարաբնոյթ ծրագիրներ»։ Ան շատ կը զարմանայ, թէ մարդիկ ինչու չեն յարմարիր, կամ չեն սիրեր Հայաստանը։

Որպէս հայրենադարձ եւ գործարար Հայաստան հաստատուիլ եւ գործ հիմնել ցանկացողներուն խորհուրդ կու տայ՝ նախ միայն հայրենասիրական զգացումներով չգալ, մտածելով, թէ ամէն ինչ վարդագոյն է, ամէն ինչ լաւ է։ «Այդպիսի բան չկայ, պէտք է գաս, շատ երկար ուսումնասիրես շուկան, հասկնաս մարդոց մտածելակերպը, պահանջքները, առաւել եւս՝ չհամեմատես քու ապրած երկրիդ հետ, ուր ունեցած գործդ նոյն ձեւով կրնաս յաջողցնել հոս։ Պէտք է իմանաս, թէ հոս ինչի կարիքը կայ եւ ձեռնարկես այնպիսի բան, որ հաստատ եկամուտ կը բերէ քեզի»։

Գործարար Ծիլային յաջողութեան բանաձեւը գործին հանդէպ անսահման սէրն է եւ աշխատասիրութիւնը։

Իւրաքանչիւր հայ, առաւել եւս հայրենադարձ պէտք է նժարին դնէ, թէ իսկապէս իրեն համար Հայաստան ապրիլը որքանով կարեւոր է եւ ինք որպէս հայ անհատ ինչպիսի՛ առաւելութիւններ ունի հայրենիքի մէջ ապրելով եւ առաւել եւս՝ ինչ տալիք ունի այս երկրի զարգացման համար։ «Հայաստանը իմ կեանքս է, ինքզինքս Հայաստանէն դուրս այլ տեղ չեմ կրնար պատկերացնել։ Ամէն առաւօտ Հայաստանով կը շնչեմ եւ առաւել եւս՝ փառք կու տամ, որ հոս կ’ապրիմ», կ’ըսէ հայրենադարձ Ծիլան։

«Ամէն տեղ լաւն ալ կայ, վատն ալ, սա մեր երկիրն է եւ փորձենք լաւը տեսնել եւ տարածել», մտորել կու տայ ան։