Հայաստանցիներու Աւելի Քան 89 Տոկոսը Կը Վստահի Հայոց Բանակին


Հայոց բանակի զինուորական շքերթէ պատկեր մը, Հանրապետութեան հրապարակ

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու 89.4%-ը պետական եւ հասարակական կառոյցներէն ամենաշատը կը վստահի հայկական բանակին, կը վկայեն «Բրեւիս»-ի հետազօտութեան արդիւնքները:  

Յունուար 28-ը Հայոց բանակի օրն է: Բանակը ձեւաւորուեցաւ Արցախեան ազատամարտի բովին մէջ․ Ղարաբաղեան շարժման, հայ- ազրպէյճանական յարաբերութիւններու լարուած վիճակը, այնուհետեւ պատերազմը հրամայական դարձուցին Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումը:

1990-ին, Անկախութեան հռչակագրի ընդունումէն ետք կազմաւորուեցաւ Երեւանի յատուկ գունդը, Արարատի, Գորիսի, Վարդենիսի, Իջեւանի ու Մեղրիի մէջ ձեւաւորուեցան վաշտեր, իսկ 1991-ին կառավարութեան որոշումով ստեղծուեցաւ նախարարներու խորհուրդին առընթեր պաշտպանութեան պետական կոմիտէն: 1992-ի Յունուար 28-ին Կառավարութիւնը ընդունեց «Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մասին» օրէնքը: Օրը դարձաւ տօն, իսկ 2001-ին «Տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքով ամրագրուեցաւ որպէս Բանակի օր: