Հայաստան Ստանձնեց Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Կազմակերպութեան Գերաստիճանի Նախագահութիւնը


Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գերաստիճանի նախագահութիւնը Մատակասքարը փոխանցեց Հայաստանին:

Հայաստան յառաջիկայ երկու տարիներուն պիտի նախագահէ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գերաստիճանը:

Իր խօսքին մէջ վարչապետ Փաշինեան նշած է. «Մենք լիովին կը գիտակցինք այն պատասխանատուութեան, որ այսուհետեւ կը ստանձնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` գալիք երկու տարիներուն ընթացքին  այդ նախագահութիւնը ապահովելու համար: Կրկին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ֆրանսախօս երկիրներու բոլոր անդամ երկիրներուն եւ կառավարութիւններուն` վստահութեան համար: Կ՛ուզեմ նաեւ մեր շնորհակալութիւնը յայտնել եւ շնորհաւորել Մատակասքարի Հանրապետութեան` կազմակերպութեան մէջ իր կարեւոր նպաստը բերելու եւ այն ձեռքբերումներուն համար, որ ունեցած են»:

«Դիմագրաւելով բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնց կ՛առճակատուին մեր հասարակութիւնները, կարեւոր է, որ մենք համախմբուինք մեր համամարդկային արժէքներուն շուրջ, միշտ ապահովենք յարգանքը մեր բազմազանութեան հանդէպ եւ խթանենք փոխանակումն ու համերաշխութիւնը ֆրանսախօս երկիրներու տարածքի տարբեր հատուածներուն միջեւ: Այդ պայմաններուն մէջ է, որ «Ապրիլ միասինը» կրնայ ըլլալ խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան աղբիւր ֆրանսախօս երկիրներու տարածքին մէջ: Ատիկա շատ գեղեցիկ ձգտում է, որ  ցանկութիւն յառաջանայ գործել յանուն այն սկզբունքներուն եւ արժէքներուն, որոնք կը բնութագրեն «Ապրիլ միասինը» եւ որոնք իրենց տեղը գտած են այն կոչին մէջ, որ մենք պէտք է ընենք», ըսած է վարչապետը:

«Բազմակողմանիութեան ճգնաժամին` մեր ցանկութիւնն է նաեւ աւելի ամրապնդել համագործակցութիւնը եւ քննարկումները Ֆրանսախօս երկիրներու եւ շրջանային ու ենթատարածաշրջանային կազմակերպութիւններու միջեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ, որոնք կը վերաբերին խաղաղութեան, անվտանգութեան, կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ պայքարին, կայուն զարգացման կամ դարձեալ Մարդու իրաւունքներու յարգման հարցերուն, քանի որ այդ համագործակցութիւնը վստահաբար թոյլ կու տայ աւելի արդիւնաւէտ արծարծել այս հարցերը, իսկ կազմակերպութեան` շարունակել հաստատուիլ իբրեւ միջազգային յարաբերութիւններու դերակատար: Այս հրաւէրը` մտորելու այս հարցերուն շուրջ, մեր համաժողովի աշխատանքներու առանցքն է», յայտարարած է վարչապետ Փաշինեան: