Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը Ոգեկոչուեցաւ Գէմպրիճի եւ Վանգուվըրի Մէջ


Ոգեկոչման արարողութիւն Գէմպրիճի մէջ

22 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի ոգեկոչում, կազմակերպութեամբ՝ Գէմպրիճի Հայ Դատի յանձնախումբին:

Հանդիսութեան ներկայ եղան՝ շրջանի հոգեւոր հովիւը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի անդամներ, Գանատայի Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէնը, քաղաքական հիւրեր, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծն Գէմպրիճի տարբեր շրջաններէն ժամանած հայորդիներ:

ՀՄԸՄ Գէմպրիճի դրօշակակիր սկաուտներու առաջնորդութեամբ, սրահ մուտք գործեցին պատուոյ հիւրերը, որմէ ետք Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներով հանդէս եկաւ Լուսիկ Արոյեան, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը:

Օրուան հանդիսավար Ալիս Նաճարեան անգլերէնով ողջունեց ներկաները եւ ամփոփ պատմական մը ներկայացուց։ Ցոլեր Մկրտիչեան հայերէնով փոխանցեց ՀՅԴ «Արամ-Դրօ» եւ Գէմպրիճի Հայ Դատի յանձնախումբի խօսքը: Գարլօ Ահարոնեան մենկաբանեց «Ախպերս ու Ես» երգը:

Օրուան պատգամաբերը՝ Գանատայի Հայ Դատի գործադիր տնօրէն Սեւակ Պէլեան, յայտնեց, որ այս օրը սուգի օր չէ այլեւս, այլ հպարտութեան օր է, որովհետեւ մենք չենք ճանչնար վախը եւ չենք ընդունիր որեւէ արգելք արդարութեան հասնելու ճանապարհին: Ան իր խօսքին մէջ նշեց,  թէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վերջին գործողութիւնները կը հանդիսանան Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակութիւնը եւ նոր սպառնալիք են հայ ժողովուրդի գոյութեան: Պելեան շեշտեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու  Արցախեան պատերազմը պէտք չէ այլեւս միայն խորհրդանշական հռչակագրերով նշուին, այլ ամենայն արագ միջոցին, պէտք է վճռական գործողութիւններու անցնիլ, որպէսզի կանխուի հերթական ցեղասպանութիւնը:

Խօսք առին նաեւ Գանատայի խորհրդարանի անդամներ՝ Պրայըն Մէյ ( MP of Cambridge, Parliamentari Secretary to the Ministry of National Defence, Chair of Canada-Armenia Parliamentary Friendship Group), Դիմ Լուիզ (MP of Kitchener-Conestoga), Պարտիշ Չակկէր (MP of Waterloo), Վալըրի Պրատֆորտ (MP of Kitchener South-Hespeler), Մայք Մորիս (MP of Kitchener Centre), Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Պէլինտա Քարահալիոս (MPP of Cambridge), Գէմպրիճի քաղաքապետ Քաթրին ՄըգԿէրի (Mayor of Cambridge), Քիչնըրի քաղաքապետ Պէրի Վրպանովիչ (Mayor of Kitchener), Նորթ Տամֆրիսի քաղաքապետ  Սու Ֆաքսըն (Mayor of North Dumfries), Քարէն Րէտմէն (Waterloo Regional Chair), Ճան Կուտմէն (Staff Superintendent-Waterloo Regional Police Services), Տոնա Րիտ (City of Cambridge Councillor), Նիքոլաս Էմէթա (City of Cambridge Councillor).

Հանդիսութեան աւարտին Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ մոմավառութիւն: Ներկաները երգեցին «Ատանայի Ողբը», եւ Տէրունական Աղօթքով վերջ գտաւ արարողութիւնը։

— — —

24 Ապրիլ 2022-ին, Վանգուվըրի Միացեալ յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Վանգուվըրի հայութիւնը նոյնպէս յիշատակեց Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակը:

Հաւաքը տեղի ունեցաւ Վանգուվըրի նահատակաց յուշակոթողին մօտ: Հոգեւոր հովիւներու եւ դպրաց դասի անդամներու մասնակցութեամբ կատարուեցաւ աղօթք նահատակներուն յիշատակին։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Թէրի Պիչ եւ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրիան Տիքս:

Գեղարուեստական բաժնով հնչեցին օրուան խորհուրդը ներկայացնող փունջ մը երգեր, ասմունք եւ զոյգ լեզուներով վկայութիւններ: Աւարտին կառավարական հիւրերը խօսք առին եւ ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը:

Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակը Վանգուվըրի մէջ