Հայ Դատի Յանձնախումբի Նամակարշաւ Ուղղուած Գանատայի Արտգործ Նախարարին Դատապարտելու Թուրք-Ատրպէյճանական Նախայարձակ Գործողութիւնները


Սեպտեմբեր 30-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ սկիզբ առաւ Գանատայի արտգործ նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնին ուղղուած ստորագրահաւաք-նամակարշաւ մը, որպէսզի ան դատապարտէ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ատրպէյճանական ռազմական գործողութիւններն ու կասեցնէ գանատական զէնքի վաճառքը Թուրքիոյ։

Նամակին մէջ կը նշուի, որ Գանատայի Հայ համայնքը կը պահանջէ, որ Գանատայի կառավարութիւնը

  • Դատապարտէ թուրք-ատրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագիծը,
  • Պահանջէ Թուրքիոյ ռազմական եւ դիւանագիտական ներգրաւուածութեան դադրեցումը Արցախեան հակամարտութեան մէջ,
  • Անյապաղ դադրեցնէ գանատական ռազմական սարքերու վաճառքը Թուրքիոյ

Նաշակարշաւի յղումը այստեղ