ՀԲԸՄ Թորոնթոյի Առցանց Ծրագիրներուն եւ Բարեսիրական Գործունէութեանց Մասին Կը Զրուցէ Գործադիր Տնօրէն Սալբի Տէր Ղազարեան


ՀԲԸՄի կողմէ պատրաստուած օգնութեան փաթեթներ՝ կարիքաւոր թորոնթոհայերու համար

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Ճգնաժամային այս դժուարին օրերուն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը եւս ելեկտրոնային նորաոճ միջոցներով կապ կը հաստատէ թորոնթոհայ իր անդամներուն հետ եւ բարեսիրական առաքելութեամբ կը մեղմացնէ դժուարութիւններուն ազդեցութիւնը։

ՀԲԸՄի գործադիր տնօրէն Սալբի Տէր Ղազարեան

ՀԲԸՄի գործադիր տնօրէն Սալբի Տէր Ղազարեանի հետ ունեցած մեր հարցազրոյցին ընթացքին միութեան ծրագիրներուն եւ բարեսիրական գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ վերջերս, համաճարակի օրերուն համար մշակուած գործունէութեանց մասին հարցումիս պատասխանելով՝ ան ըսաւ. «Բոլորին նման Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իր գործունէութիւնները կը շարունակէ առցանց: Համացանցի վրայ, զանազան միջոցներով, կը փորձենք միշտ կապի մէջ մնալ գաղութին հետ, օրինակի համար՝ այս համաճարակի առնչութեամբ յաճախ օգտակար գիտելիքներ եւ լուրեր կը հաղորդենք:

ՀԲԸՄի նախաձեռնած հեռաւոր ուսուցման կարելիութիւնները եւ կրթական նիւթերը, օրինակ՝ Աթլասը, կը տրամադրենք հանրութեան, որպէսզի հայերէն լեզուն սորվիլ փափաքող փոքրիկները կամ չափահասները լեզուն սորվին զուարճութեամբ: Վերջապէս, քանի որ բոլորը տունն են, լաւագոյն առիթն է մեր երեխաներուն հայերէն սորվեցնելը:

Մեր երիտասարդ արհեստավարժները (young professionals), ՀԲԸՄի տարբեր մասնաճիւղերու հետ միասնաբար, կը կազմակերպեն առցանց դասախօսութիւններ, սեմինարներ, ճաշ պատրաստելու եւ կամ մարզանքներու ցուցմունքներ, տաղանդներու ներկայացումներ, եւայլն: Ինչպէս նաեւ դասախօսութիւններ կը տրամադրենք մեր երիտասարդներուն, որպէսզի անոնց օգնենք՝ տան արգելափակումի պատճառաւ ջղային տրամադրութիւններու եւ ընկճուելու հարցերը հարթելու նպատակով:

Շաբաթական համերգներով կը գնահատենք եւ կը քաջալերենք գաղութիս տաղանդաւոր երգիչ, երգչուհիները, երաժիշտները, միեւնոյն ժամանակ գաղութի անդամները կը միացնենք հոգեպէս: Մեր մարզական խումբերը նոյնպէս տարբեր առցանց ձեւերով կապուած կը պահենք իրարու»:

 

Երեցներուն, երիտասարդներուն, օգնութեան կարիք ունեցող անհատներուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն, ՀԲԸՄի ցուցաբերած օգնութեան մասին հարցումիս ի պատասխան, ան ըսաւ․ «Բաւական յաճախ կը հեռաձայնենք մեր տարեցներուն, որպէսզի անոնք մինակ չզգան, միեւնոյն ժամանակ վստահ ըլլալու համար, որ անոնք հանգիստ են ու առողջ եւ ունին ընտանեկան պարագաներ, որոնք իրենց պէտքերը կը հոգան:

Մեր գաղութի երիտասարդները ընդհանրապէս կը դիմեն մեզի Համալսարանի կրթաթօշակի օգնութեան համար եւ մենք մեր կարելին կ՝ընենք աշակերտներուն օգնելու համար: Կրթաթոշակ կը տրամադրենք նաեւ Գանատա նոր հաստատուած ընտանիքներու զաւակներուն, որոնք շաբաթօրեայ վարժարան կը յաճախեն:

Կը փորձենք գործ փնտռող անձերուն ծանօթացնել գործատէրերու եւ կամ ընտանիքներու, որոնք օգնական կը փնտռեն:

Իբրեւ պատասխանատու քաղաքացիներ, վերջերս նուիրատուութիւն մը կատարեցինք մեր կեդրոնի շրջանին մէջ գտնուող ֆուտ Պէնքին՝ (Community Share Food Bank) ։

Իսկ այս օրերուն մեր համայնքին ծառայելու համար, նախաձեռնած ենք խնամքի փաթեթի բաշխման օգնութեան ծրագիր մը, որ պիտի օժանդակէ գործազուրկ կամ կարիքաւոր, վերջերս Գանատա հաստատուած, կամ տարեց քաղաքացիներու, որոնք դժուարութիւն ունին գնումներ ընելու»:

 

ՀԲԸՄի ծրագիրներուն եւ աշխարհասփիւռ հայ համայնքի զաւակներուն օգտակար դառնալու եւ զանազան միջոցներով անոնց աջակցելու ուղղուած առաքելութիւններուն մասին յղած հարցումիս պատասխանելով զրուցակիցս նշեց. «Մենք, անշուշտ պիտի օգնենք ՀԲԸՄի Կեդրոնական Մարմինի նախաձեռնած Շտապ Օգնութեան Ծրագրին՝ շարունակելու իր առաքելութիւնը։  ՀԲԸՄի Համաշխարհային Մարդասիրական Շտապ Օգնութեան Հիմնադրամը օգնութեան պիտի հասնի ո՛չ միայն այս ճգնաժամային պահերուն, այլեւ կը նախապատրաստուի այնպիսի պարագաներու համար, որոնք արագ եւ ազդու միջոցառում կը պահանջեն, հոն ուր հայեր վտանգուած են:

Այս հիմնադրամին միջոցաւ սննդմամթերքի եւ հիմնական պէտքերու փաթեթներու բաշխում կը կատարուի հայկական գլխաւոր համայնքներու մէջ, Օրինակ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա, Լիբանան, Գանատա, Հայաստան եւ Ուրուկուէյ: Ինչպէս նաեւ նիւթական աջակցութիւն պիտի տրամադրուի այն ընկերութիւններուն, որոնք բժշկական անհրաժեշտ սարքեր եւ միջոցներ կ’ապահովեն եւ կը բաշխեն»։

Կարիքաւոր ընտանիքներու համար պատրաստուած օգնութեան փաթեթներ