«Հիմա ի՞նչ պիտի ուտենք»


Լենա Թաշճեան

«Հիմա ի՞նչ պիտի ուտենք». հարցումը մը, որ որպէս երեխայ միշտ կը հարցնէի ճաշելէն կամ ընթրելէն ետք։ Ընտանիքս կը սիրէր կատակելով յիշեցնել ինծի, որ ես ատիկա կ’ըսէի նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ հիւր կ’երթայինք ազգականի մը տունը։ Թէեւ իմ հարցումս արտաքնապէս ցոյց կու տար ագահ երեխայի մը պարագան, որ կը ցատկէ եւս մէկ կտոր քաղցրեղէն ստանալու համար, բայց ես կ’ուզէի մտածել, որ ատիկա այլ բան մը համտեսելու համար էր: Հայկական խոհանոցը, իր երկու՝ հայկական սփիւռքի եւ Հայաստանի ճիւղերով, կը զուգորդուի առատութեան, առատաձեռնութեան անվերջանալի զգացողութեան մը հետ եւ յաճախ մեծմօր հետ, որ սիրով (կամ ուժով) իր վրայ կը վերցնէ այն պարտականութիւնը, որ բոլորը վստահաբար լաւ սնուին։ Երբ որոշեցի բոյսերու հիմքով սննդակարգ որդեգրել, զգացի- կը խոստովանիմ, որ պիտի կորսնցնեմ ուտելու այն կենսակերպը, որմէ շատ հաճոյք կ’առնէի։

Եւ իրաւացիօրէն այդպէս է: Առաջին հայեացքէն կը թուի, թէ հայկական խոհանոցը կեդրոնացած է մսեղէնի վրայ. նախուտեստները, կողմնակի ուտելիքները եւ նոյնիսկ խմելիքները կու գան որպէս լրացում սպասուած հիմնական միսով կերակուրին (բացի պահեցողութեան ժամանակ)։ Բայց երբ մօտիկէն նայիս, պիտի բացայայտես, թէ հայկական խոհանոցը որքան շատ բուսական կերակուրներ ունի, որպէս հիմնական ճաշատեսակ: Թէեւ անոնք կը դասուին կողմնակի կերակուրներու շարքին, սակայն անոնք իրենց առատութեամբ եւ բազմազանութեամբ գոյութիւն ունին։ Այս կերակուրներէն շատերը անբաժանելի դեր կը խաղան հայկական խոհանոցին մէջ, եւ քանի մը աննշան փոփոխութիւններով կամ լրացուցիչ յաւելումներով անոնք կրնան դիւրութեամբ թարմացուիլ (եւ փայլք ստանալ) որպէս հիմնական ճաշատեսակ:

Բոյսերու վրայ հիմնուած սննդակարգի ընդհանուր շարժումը կը միտի «բուսականացնել» բոլոր ճաշատեսակները. մինչ այդ, ես որպէս բուսակեր, կը նախընտրեմ վայելել այն կերակուրները, որոնցմով մեծցած եմ։ Ինծի համար անոնք մեծ նշանակութիւն ունին՝ ինչպէս որ կան: Հակառակ ատոր, երբ Հայաստան տեղափոխուեցայ, դարձեալ սկսայ տեսնել, որ խոհանոցը կեդրոնացած է միսով ուտելիքներու վրայ։ Սկիզբը վեկան* (vegan, ոչ կենդանական արտադրութեան ուտեստներ ուտող) էի, աւելի ուշ բուսակեր, որ լաւագոյն պարագային ընդունուեցաւ հետաքրքրութեամբ, իսկ վատագոյն պարագային՝ անհասկնալի: Հետաքրքրականօրէն, երբ կը ճամբորդէի մայրաքաղաքէն դուրս, յաճախ ինծի կը զգուշացնէին բուսակերութեան սննդակարգը չհասկանալէն. սակայն Երեւանէն դուրս է որ աւելի շատ սկսայ բացայայտել աւանդական կերակուրներ, որոնք ի սկզբանէ բուսական են: Գիտակցելով, որ այս ուտելիքներէն շատերը կապուած էին պահքի ժամանակներուն եւ Մեծ պահքին, (ի վերջոյ, Հայաստանը առաջին երկիրն էր, որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն) ընդունեցի, որ «խիստ բուսակեր» եզրաբանութեան իմ ընտրութիւնը ինծի ոչ մէկ լաւութիւն կ’ընէր։ Լեզուի փոքր փոխարկումը (պահքի, այլ ոչ թէ բուսակերներու) աշխարհը փոխեց եւ առատութեան դռները բացաւ անվերջ թուացող ցուցակներու առջեւ: Կերակուրներուն մեծ մասը եկած են Մեծ պահքի hնարամտութենէն, ոմանք եկած են սակաւութեան ժամանակներէն, իսկ միւսները հիմնուած են տարածքին մէջ առատօրէն հասանելի բաներու օգտագործման վրայ:

Ամէն բանէ աւելի, ես կը սիրէի գիտնալ կերակուրներու ետին եղած պատմութիւնները, ուրկէ անոնք ծագած են, եւ անուններու հիմնաւորումները: Այն սէրն ու ջերմութիւնը, որ ես տեսայ արտացոլուած մեծ մայրերու աչքերուն մէջ, որոնք կը խօսէին իրենց լաւ գիտցած ուտելիքի մասին, եւ թէ ան ինչ կը նշանակէ իրենց համար, որ կրնան զայն պատրաստել իրենց զաւակներուն եւ թոռնիկներուն համար, հետագային ցոյց տուաւ խոհանոցի կարեւոր կապը պատմութեան հետ, նույնիսկ երբ այդ պատմութիւնը ողբերգական է։ Քանի որ ե՛ւ մայրական, եւ՛ հայրական կողմէ մեծ հայրերս ու մայրերս եղած են 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներ, ես հասկցայ, որ ուտելիքը իմաստ ունի եւ այն քաղաքական է: Իմ մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը կ’օգտագործէին ուտելիքի մասին իրենց յիշողութիւնները որպէս կերակուր պատրաստելու միջոց, պատմութիւններ պատմելու այն տարածքներու մասին, ուրկէ բռնի տեղահանուեցան եւ պահելու այս չճանչցուած պատմութիւնը՝ զայն փոխանցելով սերունդէ-սերունդ։

Բուսական ճաշագիրք մը ստեղծելու գաղափարը մէջտեղ եկաւ երբ բարեկամուհիիս՝ Սիրուն Բարսեղեանին հետ կը զրուցէինք: Երբ սկսայ խոհագիրներ (բաղադրատոմսեր) մշակել, գրել եւ դասաւորել, անդրադարձայ, որ ան ոչ թէ բուսական ճաշագիրք մը պիտի ըլլար, այլ հայկական ճաշագիրք մը, որ կը պարունակեր բուսական կերակուրներ

Ու այսպէս ծնաւ The Vegan Armenian Kitchen Cookbook ճաշագիրքը, որ 2019-ին լոյս տեսաւ Թորոնթոյի մէջ՝ անգլերէն լեզուով: Թէեւ ճաշագիրքի մէջ հրատարակուած խոհագիրներուն մէկ մասը պահքի համար պատշաճեցուած կերակուրներ են, մեծամասնութիւնը բուսական հիմքով տարրական ճաշատեսակներ են, որոնք դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցած են եւ բանաւոր ձեւով պահպանուած:

Ուրախ եմ, որ The Vegan Armenian Kitchen Cookbook ճաշագիրքի պատմութիւններն ու խոհագիրները ինչպէս նաեւ բոլորովին նոր ու հետաքրքրական խոհագիրներ յետ այսու հասանելի պիտի ըլլան նաեւ հայերէն լեզուով շնորհիւ «Թորոնթոհայ»-ի մէջ հրատարակուող նոր սիւնակիս՝ «Լենային հայկական vegan խոհանոցը»-ին (կարդացէ՛ք առաջին խոհագիրը՝ Արցախի Ժինգիալով հացը այստեղ):

«Լենային Հայկական [vegan] խոհանոցը» սիւնակը կոչուած է՝ ծառայելու որպէս հիմք հայկական խոհանոցի բուսական ծագում ունեցող ամէն ինչի համար եւ պահելու այն խոհագիրները, որոնք շատ մը մեծ մայրեր եւ մեծ հայեր ժրաջանօրէն պահպանած են իրենց յիշողութիւններուն մէջ։ Ինծի համար առանձնաշնորհում էր սորվիլ այս բաղադրատոմսերը մեծերէն, փոխանցուած առատաձեռն պատմողներէ եւ յոյսով եմ, որ կը շարունակուին ստեղծուիլ, կիսուիլ եւ ամէնքը կը վայելեն զանոնք, ըլլան անոնք բուսակեր կամ ոչ բուսակեր, հայ կամ ոչ հայ:

Ի վերջոյ, սիւնակը միշտ հրատապ «Հիմա ի՞նչ պիտի ուտենք» հարցումին մէկ պատասխանն է:

(գծանկարները՝ Մարիա Տէր Մովսէսեանի)

*Խմբ.՝ Անգլերէն vegan բառին հայերէն թարգմանութիւն առաջարկող բառարան չգտանք. նոյնիսկ դիմեցինք արեւմտահայերէնի մանսագէտներու, որոնք նոր բառեր առաջարկեցին: Հետաքրքրական առաջարկներէն մէկը՝ «անասնամերժ»-ն է: Իսկ դուք, սիրելի ընթերցողներ, կը փափաքի՞ք առաջարկել ուրիշ բառ մը: Մասնակցեցէ՛ք այս ընթացքին. կը կարծենք, որ օգտակար բան մը ըրած կ’ըլլանք հոմանիշի մը յառաջացման գործընթացին մէջ: Գրեցէ՛ք editor@torontohye.ca-ին:

For this and other delicious vegan Armenian recipes in English, check out Lena and Siroon Parseghian’s The Vegan Armenian Kitchen Cookbook! The cookbook is a collection of plant-based recipes and stories from Armenia and the Armenian diaspora. With over 115 recipes, the cookbook takes readers on a journey through Armenian cuisine and tradition. Infused with food-related idioms, menu pairing, and holiday planning suggestions, The Vegan Armenian Kitchen Cookbook serves as both a cookbook and a resource that will become an invaluable part of your kitchen. It is possible to cut down or eliminate animal product consumption while still being able to enjoy Armenian classics! Use the coupon code LENT15 here and get 15% off the cookbook!