ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն Կոչ Կ՚ուղղէ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Խստօրէն Դատապարտելու Ազրպէյճանական Յարձակողապաշտութիւնը


ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն կոչով դիմած է արտաքին գործոց նախարարութեան, խստօրէն դատապարտելու Ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը։

Ստորեւ յայտարարութիւն․

Սեպտեմբեր 27-ին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած ռազմական գործողութիւնները անգամ մը եւս կը հաստատեն Պաքուի իշխանութիւններու հայատեաց ռազմատենչութիւնն ու յարձակողապաշտ վարքագիծը։

Աւելի՛ն, այս անգամ ազրպէյճանական զինուած ուժերը թիրախ ընտրած եւ հրթիռակոծած են Արցախի մայրաքաղաքն ու քաղաքացիական բնակավայրերը՝ պատճառ դառնալով անմեղ զոհերու։

Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ՝ ռազմական, տնտեսական, դիւանագիտական,  եւ քաղաքական անհրաժեշտ բոլոր միջոցներով պատերազմ կը մղուի Հայաստանն ու Արցախը հաշուեյարդարի ենթարկելու։

Ի տես այս իրավիճակին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՚ուղղէ Գանատայի պետութեան եւ յատկապէս արտաքին գործոց նախարարութեան, որպէսզի խստօրէն  դատապարտէ ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը։

Ազրպէյճանական այս նենգ  յարձակումն ու հրադադարի խախտումը այսօր ետ կը մղուի շնորհիւ հայկական բանակի ստորաբաժանումներու հակահարուածին, բայց մանաւանդ՝ հայ զինուորներու անվեհեր սխրանքներուն եւ հայրենասիրական ոգիին։

Հայոց յաղթական բանակը սահմանային գիծի ամբողջ ճակատին վրայ այսօր կը կատարէ հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան առաքելութիւնը։ Մենք, ինչպէս միշտ` Հայոց բանակի եւ հայ զինուորին կողքին ենք այս օրհասական հանգրուանին։ Ոչինչ պիտի խնայենք մեր զօրակցութեան մէջ՝ միանգամընդմիշտ ձախողութեան մատնելու թուրք-ազրպէյճանական այս յարձակումը:

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն իր Հայ Դատի յանձնախումբերով, Գանատայի տարածքին գործող իր բոլոր կառոյցներով, իր ողջ կարողականութեամբ եւ ներուժով՝ վճռականօրէն կագնած է Արցախի եւ Հաաստանի հանրապետութեանց կողքին։