Արցախի Ուղղութեամբ Ազրպէյճանի Լայնածաւալ Յարձակումը Կը Շարունակուի․ Թարմացուած


Հայկական բանակը կը խոցէ ազրպէյճանական հրասայլ մը, Արցախ 27 Սեպտեմբեր 2020

“Թորոնթոհայ”․- Սեպտեմբեր 27-ի առաւօտեան Ազրպէյճան, օգտագործելով հրետանի ու անօդաչու թռչող սարքեր յարձակման անցաւ արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ողջ երկայնքով` թիրախաւորելով նաեւ խոր թիկունքին եղած բնակավայրերը, ինչպէս նաեւ` մայրաքաղաք Ստեփանակերտը:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Արթուր Սարգսեան Մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտնեց, որ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները անցած են լայնածաւալ յարձակման Արցախի հարաւային, հիւսիսային եւ հարաւ-արեւելեան ուղղութիւններով: 

«Այս պահուն դեռ կ՛ընթանան թէժ մարտեր ամբողջ նշուած ճակատներով», ըսած է Գրիգորեան:

Ըստ անոր` հակառակորդը ունի կենդանի ուժի եւ զրահատեխնիկայի մեծ կորուստներ:

«Ճշտուած տուեալներով` Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները, կիրառելով հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներ, կրցած են խոցել 3 ուղղաթիռ, շուրջ 20 անօդաչու թռչող սարք, որոնց մէջ նաեւ՝ հարուածային, 30 հրասայլ եւ հետեւակի մարտական մեքենաներ», յայտնած է ան։

Ազրպէյճանական ռմբակոծութիւններուն հետեւանքով Արցախի մէջ կան զոհեր եւ վիրաւորներ ե՛ւ բանակին ե՛ւ խաղաղ բնակչութեան մէջ։ Նախնական տուեալներով հայկական զինուժը ունի 16 զոհ եւ 100-էն աւելի վիրաւորներ: Յայտնի է, որ հակառակորդի կրակոցներուն հետեւանքով Մարտունիի մէջ զոհուած են կին մը եւ երեխայ մը, կան 30-է աւելի վիրաւորներ։  

Ռմբակոծուած են նաեւ դպրոցներ, ներառեալ` Ստեփանակերտի մէջ: Քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու մեծ վնասներ կան բազմաթիւ բնակավայրերու մէջ:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ռազմական դրութիւն եւ համատարած զօրահաւաք յայտարարեցին:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը ժողովուրդին կոչ ըրաւ արեան անհրաժեշտ պահուստային քանակը լրացնելու նպատակով արեան տուչութիւն ընել։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կոչով հանդէս եկաւ եւ յայտարարեց, որ Հայաստանը իր բնակչութեան ու պետական համակարգի ողջ ներուժով այսօր կանգնած է Արցախի թիկունքին, պիտի գործադրուի հնարաւոր ու անհնար ամէն ջանք` մեր հայրենիքի սահմանները անառիկ պահելու, ազատութիւնն ու անկախութիւնը պաշտպանելու համար:

Հայաստանի վարչապետը ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի համանախագահ պետութիւններուն եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց իրավիճակի լրջութեան վրայ, ըսելով, որ Հարաւային Կովկասի մէջ լայնածաւալ պատերազմի բռնկումը, որուն շեմին կանգնած ենք, կրնայ անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ, դուրս գալ տարածաշրջանի սահմաններէն եւ ձեռք բերել շատ աւելի լայն մասշտապներ:

«Միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ընեմ գործադրելու ազդեցութեան բոլոր լծակները` զերծ պահելու Թուրքիան հնարաւոր բոլոր միջամտութիւններէ, ինչ ոչ վերջնականապէս պիտի ապակայունացնէ իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան: