ՀՕՄի` Արցախի ի Նպաստ Կեանքի Կոչած Ծրագիրներուն Մասին Հարցազրոյց՝ Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի Անի Օհանեանի Հետ


Հարցազրոյցը վարեց՝ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Հայ Օգնութեան Միութիւնը Արցախի պատերազմին առաջին իսկ օրերէն Արցախի մեր հայրենակիցներուն դիմագրաւած աղէտալի ու դաժան դժուարութիւնները յաղթահարելու նպատակով օժանդակութեան բազմազան ծրագիրներ մշակած եւ կեանքի կոչած է։ ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի Անի Օհանեանի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին տեղեկացանք ՀՕՄի բարեսիրական ծրագիրներուն  մանրամասնութիւններուն․

                     Անի Օհանեան

 Հարցում-   Ինչպիսի՞ ծրագիրներ ձեռնարկած է ՀՕՄի Շրջանային Վարչութիւնը Արցախի պատերազմէն տուժած մեր հայրենակիցներուն օժանդակելու նպատակով։

Պատասխան- Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որպէս բարեսիրական կազմակերպութիւն, իր ներուժը համախմբած, անմիջական եւ անվերապահ աջակցութիւն կը հասցնէ մղձաւանջային պայմաններու մէջ գտնուող եւ լուրջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւող մեր ժողովուրդին։

Արցախի պատերազմի առաջին իսկ օրէն լծուած ենք հանգանակային դրամահաւաք արշաւի, որմէ ցարդ գոյացուցած ենք $515,000, եւ որ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Արցախի օժանդակութեան ծրագիրներուն: Առաջին հանգրուանին, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան փոխանցեցինք $100,000 ամերիկեան, որ յատկացուեցաւ սնունդ եւ ձմեռնային տաք զգեստներ ապահովելու Հայաստան ապաստանած Արցախի հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ դեղօրայք եւ բժշկական սարքեր հասցնելու Երեւանի հաշմանդամ զինուորի Հերացի Վերականգնողական Կեդրոնին։

Պատերազմի հետեւանքով, ՀՕՄի հովանաւորած ութ մանկապարտէզներէն չորսը կորսնցուցինք, ներառեալ Գանատայի շրջանի հովանաւորած Հադրութի Մեծ Թաղեր գիւղի մակապարտէզը։ Ներկայիս, Կեդրոնական Վարչութիւնը աշխատանք կը տանի այս մանկապարտէզներու երեխաներու ընտանիքներն ու անձնակազմերը համախմբելու եւ աշակերտներուն յարմար մանկապարտէզներ ապահովելու։ Դժնդակ այս կացութիւնը մեղմելու համար, ՀՕՄը մանկապարտէզի իւրաքանչիւր ուսուցիչի $300 տրամադրեց։

Նկատի ունենալով, որ պատերազմը մեզմէ խլեց հազարաւոր զինուորներ եւ անոր հետեւանքով մեծ թիւով երեխաներ դարձան ծնողազուրկ, ՀՕՄը համագործակցութեամբ Հ Հ Պաշտպանութեան նախարարութեան, սկսած է ծրագրել նաեւ զոհուած զինուորներու եւ կամաւորներու երեխաներու ցանկագրումի աշխատանքը։ 

 

Հ_ Ըստ տուեալ ծրագիրին տուժած քանի ընտանիքի պիտի հովանաւորէ ՀՕՄի շրջանային վարջութիւնը ընդհանրապէս եւ ՀՕՄի Գանատայի շրջանը մասնաւորապէս։ Հովանաւորները ի՞նչպէս կրնան մասնակցիլ եւ մաս կազմել այս առաքելութեան։

Պ․- ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ շրջաբերականով մը մեզի տեղեկացուցած էր, թէ՝ Արցախէն տեղահանուած 1000 ընտանիք հովանաւորելու ծրագիր մը մշակած է եւ ամէն մէկ ընտանիքի անմիջական ծախսերը հոգալու համար նախատեսուած է ամսական դրութեամբ $250 ամերիկեան կամ $340 գանատական, երկու ամսուան համար $500 ամերիկեան կամ $675 գանատական, երեք ամսուան համար $750 ամերիկեան կամ $1015 գանատական, իսկ չորս ամսուան համար $1,000 ամերիկեան կամ $1350 գանատական։ Այս ծրագիրը պիտի ընթանայ չորս ամսուան տեւողութեամբ, որու ընթացքին Կեդրոնական վարչութիւնը պիտի սերտէ անհրաժեշտութիւնը ծրագրի շարունակքումը կամ կասեցումը։

Շրջանային Վարչութիւնս անմիջապէս որոշում կայացուց, իր ցարդ հանգանկած գումարէն չորս ամսուան տեւողութեամբ տեղահանուած 100 ընտանիք հովանաւորել, որ կ՝ենթադրէ $100,000 ամերիկեան տոլար, այսօրուան արժէքով $135,000 գանատական։

 

Հ․-   Այլ միջոցներու պիտի դիմէ՞ք, եթէ հանգանակուած գումարը չգոհացուց օժանդակութեան պահանջքին։ 

Պ․- Հարիւր ընտանիքներու հովանաւորութենէն անկախ, եւ յաւելեալ ընտանիքներ հովանաւորելու միտումով, վարչութիւնս յանձնախումբ մը յառաջացուց, որ անմիջապէս աշխատանքի լծուեցաւ առցանց աճուրդ մը կազմակերպելու (Unline Auction)։ Այս աճուրդին համար նուիրահաւաք տեղի կ՝ունենայ արուեստի գործեր, զարդեր եւ այլ նուէրներ ապահովել, որմէ գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի այս ծրագրին: Առցանց աճուրդը պիտի ըլլայ երկու օրուան տեւողութեամբ, 13-14 Դեկտեմբերին, որուն մասնակցելու համար պէտք է այցելել www.helpartsakh.ca կայքէջը։

Այլ յանձնախումբ մը կազմուած է, կաղանդի առթիւ ուրախ տրամադ-րութիւն ստեղծելու Արցախի մեր երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։ Իւրաքանչիւր երեխայի համար $50 տոլարի նուիրատուութեամբ՝ խաղալիքներ եւ այլ նուէրներ բաժնելու 500 Արցախցի երեխաներու։

Վերոյիշեալ յանձնախումբերը ժրաջանօրէն կ՝աշխատին, յաջողութեամբ իրենց լրումին հասցնելու այս երկու ծրագրերը եւ հանգանակուած գումարները անմիջապէս ղրկելու Հայաստան։

 

Հ․-Ինչպէ՞ս կընթանան հաշմանդամ զինուորի վերականգնողական կեդրոնի օժանդակութեան աշխատանքները, ի՞նչ քայլեր ձեռնարկած էք այդ ուղղութեամբ։

 Պ․- ՀՕՄի Հայաստանի միաւորը շարունակական կապի մէջ է Հեռացի թիւ մէկ Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոնի տնօրէնութեան հետ, դեղօրայք, բժշկական սարքեր եւ այլ անմիջական օժանդակութիւն հասցնելու վիրաւորուած եւ յաշմանդամ զինուորներուն։ Նշեմ, որ նախանցեալ տարի Շրջանային Վարչութիւնս իր մասնաճիւղերու եւ կարգ մը ՀՕՄականներու ներդրումով 17 հիւանդանոցային մահճակալներ նուիրեց կեդրոնին։ Մենք մեր մնայուն աջակցութիւնը պիտի շարունակենք տալ այս կեդրոնին։ Ապագայի մշակուելիք ծրագիրներուն կապակցաբար՝ պիտի սպասենք Կեդրոնական Վարչութեան ցուցմունքներուն։

 

Հ,Դեղորայքի առաքման հետ միատեղ բժշկական անհրաժեշտ սարքեր ալ պիտի ղրկուին մեր տուժած զինուորին բուժումը ապահովելու համար։

Պ․- Ի հարկէ մեր կիզկէտն է նաեւ հնարաւորինս հասնիլ մեր վիրաւոր զինուորներու օժանդակութեան։ Շրջանային Վարչութիւնս դեղօրայք արտադրող հաստատութիւններու դիմած եւ ապահոված է $200,000 արժողութեամբ դեղեր եւ այլ անհրաժեշտ բժշկական սարքեր, որոնց ցանկը մեզի փոխանցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան կողմէ, որոնք երկու հանգրուանով ուղարկուեցան Հայաստան:

HPIC (Health Partners Internatioal Canada) բարեսիրական կազմակերպութեան հետ համագործակցաբար, $200,000 արժողութեամբ դեղօրայք առաքուեցան ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան:

Ցարդ $400,000 արժողութեամբ դեղ եւ այլ սարքեր ուղարկած ենք Հայաստան:

Կեդրոնական վարչութիւնը բժշկական սարքերու ցանկ մը ղրկած է իր շրջաններուն, որոնց արժէքը կը տարուբերի $1000-$60,000 ամերիկեան  տոլարի միջեւ։ Վարչութիւնս կարելի եղած միջոցներով պիտի որոնէ ընկերութիւններ կամ կազմակերպութիւններ, նուազագոյն կամ յարմարագոյն ձեւով այս ցանկէն որոշ սարքեր ապահովելու ։  

 

Հ_ Ե՞րբ եւ ինչպիսի՞ քայլերով պիտի ապահովուին եւ ուղարկուին սննդամթերքն ու տեղահանուած ժողովուրդին անմիջական կարիքները։

Պ․- Ինչպէս վերը նշեցի, պատերազմի առաջին օրերուն, մեր հանգանակած գումարներէն $100,000 ամերիկեան ($135,000 Գանատական) ղրկած ենք Հայաստան, որ գործածուեցաւ սնունդ, դեղօրայք, տաք զգեստ եւ անմիջական պարեն ապահովել Արցախի տեղահանուած ժողովուրդին։ Այս ծրագիրը իրագործուեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկհ․ Նայիրի Տէրտէրեանի եւ Հայաստանի միաւորի ներկայացուցիչ՝ ընկհ․ Համեստ Պէօճէկեանի հսկողութեամբ եւ Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ջանքերով։

Յաջորդող հանգրուանները պիտի ընթանան նոյն ձեւով։ Այսինքն՝ մեր հանգանակած գումարները Կեդրոնական Վարչութեան միջոցաւ պիտի ղրկենք Հայաստան, ուր Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը տեղւոյն Շրջանային Վարչութեան հետ պիտի կատարէ գումարներու եւ անմիջական օժանդակութեան պարեններու յանձնումը ժողովուրդին։ Կեդրոնական Վաչութիւնը կապի մէջ է Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան հետ, տեղահանուած ընտանիքներու ցանկերը ստանալու եւ այդ ուղղութեամբ նախաքայլերը առնելու ՀՕՄի մշակելիք աշխատանքներուն։

Աշխատանքը կը կատարուի համադրուած ու կազմակերպուած ձեւով, որպէսզի հանգանակուած ամէն մէկ գումարը ծառայէ տեղահանուած ժողովուրդի իսկական կարիքներուն:

Յանուն Շրջանային Վարչութեանս եւ մեր տաս մասնաճիւղերուն, խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր նուիրատուներուն, իրենց սրտաբուխ եւ առատաձեռն նուիրատուութեան ու ՀՕՄի հանդէպ ցուցաբերած անվերապահ վստահութեան, ինչպէս նաեւ մեր վարչական կազմերուն, անդամներուն եւ կամաւորներուն իրենց անշահախնդիր նուիրումին համար։

Մեր հանգանակութիւնները պիտի շարունակուին այնքան ատեն որ Հայաստանն ու Արցախը կարիքը ունին մեր օգնութեան։ Համասփիւռքեան համադրուած եւ միասնական ջանքերով է, որ պիտի յաղթահարենք մեր հայրենիքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Հաւատարիմ մեր առաքելութեան եւ ազգային խոր գիտակցութեամբ, համոզումով ու պատրաստակամութեամբ, կրկին պիտի շրջանցենք այս ճգնաժամը: