ՀՕՄի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի 2019-ի Տօնավաճառ


ՀՕՄի տարեկան տօնավաճառէն պատկեր մը

2-3 Նոյեմբեր 2019-ին, Հայ Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ տարիներու աւանդութիւն դարձած Հայ Օգնութեան Միութեան «Ռուբինա» մասնաճիւղի 2019-ի Տօնավաճառը, որ պսակուեցաւ բացառիկ յաջողութեամբ՝ շնորհիւ ՀՕՄուհիներու համագործակցութեան ոգիին եւ անխոնջ աշխատանքին: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին՝ Ս․Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վարդան Վրդ․ Թաշճեան, ՀՅԴ Կոմիտէի հերթապահ Սեւակ Քիւփէլեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհիներ՝ Իռէն Թիլիմեան եւ Անի Հօթոյեան Ժոլի, ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Վարչութեան ընկերուհիներ, բազմաթիւ ՀՕՄուհիներ եւ միութեան գործունէութիւնը քաջալերող համակիրներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տօնավաճառի յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Բաբիսեան: Ան՝ երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ վարչութեան կատարած ներդրումներուն, եւ ձեռնարկի յաջողութեան ի խնդիր, բարձր գնահատեց յանձնախումբի անդամները, որոնք հաւատքով, ծառայութեան յանձնառութեամբ ու զոհողութեան ոգիով անվերապահօրէն սոյն աշխատանքը իրագործեցին:

Վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ Արտա Շահինեան: Իր խօսքին մէջ ան ներկայացուց հանդիսութեան նախագահ Ստելլա Մայթոսեանը՝ բարձր գնահատելով ընկերուհիին բազմամեայ վաստակը եւ անձնուրաց ծառայութիւնը ՀՕՄի զանազան յանձնախումբերու մէջ: Ապա զայն հրաւիրեց տօնավաճառի բացումը կատարելու, որմէ ետք Հայր Վարդան Թաշճեան փոխանցեց իր  օրհնութիւնն ու յաջողութեան բարեմաղթութիւնները:

Սրահին մէջ թէ՛ հայերու եւ թէ՛ օտարներու տաղաւարները զիրար կը գերազանցէին իրենց ճոխութեամբ: Իւրայատուկ  էր ՀՕՄի հայկական տաղաւարը, որ կը յատկանշուէր հայրենիքէն բերուած բարձր որակի արտադրութիւններով: ինչպէս նաեւ ՀՕՄի խոհանոցը, շնորհիւ նուիրեալ ՀՕՄուհիներու փորձառու եւ բծախնդիր աշխատանքին, հարուստ էր հայկական տոհմիկ համադամ ճաշերու եւ անուշեղեններու տեսակներով:

Տօնավաճառի երկար ամիսներու տքնաջան աշխատանքէն գոյացած հասոյթը կը տրամադրուի ՀՕՄի առաքելութեան ծառայող ծրագիրներուն, յատկապէս նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան եւ գոյատեւման երաշխիքը հանդիսացող ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանին:

Աննախընթաց տարի մը եւս բոլորեց ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Տօնավաճառը՝ խոստանալով միշտ մնալ պատնէշի վրայ:

Տօնավաճառէն պատկեր մը

 

Տօնավաճառի կազմակերպիչ յանձնախումբը եւ ՀՕՄի վարչական անդամներ