Մինչեւ Տարեվերջ Ստեփանակերտի Մէջ Շահագործման Պիտի Յանձնուին Շուրջ 300 Բնակարաններ


Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կ՛այցելէ կը շանօթանայ թաղամասի կառուցման աշխատանքներուն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 2 Նոյեմբերին, Ստեփանակերտի Թումանեան փողոցին մէջ հետեւեցաւ կառուցուող բնակելի թաղամասին եւ բազմաբնակարան շէնքին` աւարտման փուլին մէջ գտնուող  աշխատանքներուն։

Ան հետաքրքրուեցաւ շահագործման ժամկէտներով եւ ընդգծեց, որ ընկերային տարբեր կարգավիճակներ ունեցող բազմաթիւ ընտանիքներու բնակարանային ապահովման հարցը կառավարութեան օրակարգային  հարցն է: Ան տեղւոյն վրայ շարք մը յանձնարարականներ տուաւ, դասաւորեց, որ գործադրուին բոլոր ջանքերը՝ ճշդուած ժամկէտներուն աշխատանքը  որակով կատարելու համար:

Քաղաքաշինութեան պատասխանատուները նախագահին վստահեցուցին, որ մինչեւ տարեվերջ քանի մը փուլերով, նորակառոյց շէնքերը` շուրջ 300 բնակարաններով,  շահագործման պիտի յանձնուին: