Մօրս


Րաֆֆի Սարգիսեան

 

Անբի՛ծ է աչքիս

Սիրտը՝ անարա՛տ,

սէ՛րն ալ անյատակ:

 

Ազնիւ է հոգին,

ալիքներ ճեղքած,

հարուածէ հարուած

եւս ազնուացած:

 

Իր ձայնը եղանակ է՝

որ իմ խիղճը կը նուագէ:

Յուսադրիչ մեղեդիներ,

մերթ ծանր, մերթ փափուկ,

միշտ բարութեան յորդոր է:

 

Ցաւեր է կրած՝ անպատճառ եւ խոցոտուա՛ծ:

Մորմոքն սակայն՝ չեմ տեսած,

իր ծիածան ժպիտով է մի՛շտ քօղարկած:

Այդ ծիածանին գիրկը, ինծի պատսպարած՝

ուր ես անդորր, անքոյթ, անկաշկա՛նդ՝ համարձակ երազներս եմ երազած,

ի՛ր յոյսերով, ի՛մ երազներուս գագաթն եմ բարձրացած, գագաթներո՛ւն տիրացած:

Թորոնթօ, Օնթարիօ, Գանատա