ՅԱՂԹԱՆԱ՜Կ


Լոռի Պէրպէրեան

Ինը ամիս առաջ, մեր զինուորները խիզախ պայքար տարին մեր դարաւոր թշնամիներուն դէմ։ Հիմա՝ մեր կարգը հասաւ պատերազմելու։ Պայքար պէտք է մղել հայուն առջեւ ծագած նոր թշնամիին դէմ՝ յուսահատութեան։ 

Բնական է, որ թշնամիին գործած սրբապղծութիւններուն ու անմարդկային արարքներուն ականատես ազգ մը սաստիկ կը զայրանայ ու կը կասկածի բարիի գոյութեանը։ Որքան ալ արդար ըլլայ, բայց այս զգացումները մարդ արարածին մէջ կը սերմանեն միայն վհատութիւն։ Իսկ մենք այլեւս պէտք է ձերբազատինք այս անտեսանելի շղթաներէն ու գիտակցինք, թէ հոգեկան ազատամարտի արդիւնքն է, որ պիտի քայքայէ կամ ապահովէ Հայ ազգի գոյատեւումը։ 

Երբ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողները հասան օտար ափեր, չըսին հիմա հասաւ ժամանակը անվերջ ողբալու եւ մեր ունեցած կեանքն ու ապագան անտեսելու։ Միայն այն ատեն, թուրքերը հասած կ’ըլլային իրենց նպատակին։ Այլ, որոշեցին անվարան կեցուածքով ապրիլ ու նոր սերունդներ ապրեցնել։ Իսկ իրենց ջանքերով մեծցան այնքան անվախ սերունդներ. կարծես Հայ ժողովուրդը  վերատիրացաւ իրմէ խլուած զաւակներուն ու զօրութեան։ 

Մեր նախահայրերուն օրինակով՝ չմնանք անցեալին մէջ։ Մենք ներկայ եւ ամենէն կարեւորը՝ ԱՊԱԳԱՅ ունինք։ Մենք մեզմէ յոյսը չխլենք, թուրքն ու ողջ աշխարհը արդէն տարուած են այդ գործով։ Չձգենք ֆիզիքական պատերազմի պարտութիւնը տապալէ մեր յոյսը։ Կատարենք մեր պարտականութիւնը գալիք հայորդիներուն համար ու անոնց յանձնենք յաղթական մտայնութիւն։ 

Հագուինք մեր անվախութեան զրահը, զետեղենք խաչը մեր սրտին մօտիկ, մեր ձեռքը առնենք Սուրբ Գիրքը ու անխղճօրէն զգետնենք յոռետեսութիւնը, ծունկի բերենք յուսահատութիւնը, գլխատենք վախը ու արմատախիլ ընենք մեր մէջի զոհի հոգեբանութիւնը։ Ու դարձեալ պարզենք լաւատեսութեան դրօշը մեր մտքերուն մէջ, վառենք յոյսի անմառ կրակը մեր հոգիներուն խորքը, ու վերակենդանացած սրտերով կանգնած՝ վերջնականապէս հռչակենք «ՅԱՂԹԱՆԱ՜Կ»։