Յոյսը՝ Հայ Ազգին


 Լոռի Պէրպէրեան

Առաւօտ մը, պայծառ արեւի փոխարէն մահաբեր ռումբեր ծագեցան Արցախի արեւելքէն։ Հայ ազգին լուսաւոր արշալոյսը յանկարծ ռմբակոծութեան մուխով ծածկուեցաւ։ Այդ  խաւարումէն սկսեալ, Հայու մարմինը սաստիկ ցնցուած է։ 

Ոտքերը՝ առաջնագծին թունդ կը պայքարին։ Ձեռքերը իրարու անքակտելիօրէն միացած՝ կ՛աղօթեն։ Շուրթերը ամէն արտաշունչի հետ աղաչանք կ՛արտասանեն։ Ականջները ամէն տխուր լուրէն իրենց գոյութիւնը կ՛անիծեն։ Աչքերը պատերազմի հետեւանքները վկայելով կը պղտորին։ Սիրտը, ամէն շունչով աշնանային տերեւի մը պէս կը դողդողայ։ Միտքը վշտացած է, խաղաղ երկնքի տակ արթննալու իրաւունքը կը պահանջէ։ 

Թշնամուն բոլոր հարուածները Հայու մարմինը կը վիրաւորեն։ Մի քանին կը պատճառեն մակերեսային վնասներ, մեծամանութիւնը կը խոցեն կեդրոնական երակները։ Բոլորը կը ձգեն սարսափելի յիշատակներ, ոմանք՝ անբուժելի վէրքեր։ Ամէն հարուած մարմնին հաւասարակշռութիւնը կը խախտէ։ Ամէն ռումբի պայթում հոգին կը խռովէ եւ կարծես ծաղրանքով կ՛ըսէ․ «Ասիկա վերջինը չէ»։ Սակայն Սուրբ Հոգիով օրհնուած Հայու մարմինը՝ կը դիմադրէ սողացող յուսահատութեան եւ ալ աւելի ամուր կը գրկէ իր Փրկիչը։ Մարմինը ուժգնօրէն կը փորձէ մտքին անէծքները չգոռալ, կը ջանայ յարատեւ Իրեն յանձնել պատիւը՝ վրէժխնդրութեան։ 

Մինչդեռ ռումբերը կը սլանա՜ն ու կը սպառնան հասնիլ վաղուց թիրախաւորուած սրտին։ Ժամանակ մը վերջ, Հայու մարմինը կը հոգնի ու մէկ անկիւն կ՛ընկղմի։ Այդ պահուն, մարմնին արցունքոտ աչքերուն դիմաց կը յայտնուին երկու յստակ ընտրութիւն` կա՛մ սուգի ու վախի մէջ սուզուիլ եւ կա՛մ մինչեւ արեան վերջին կաթիլը պայքարիլ։ 

Մարմինը անկեղծօրէն ինքզինք կը քննէ։ Անցեալին իր յաղթահարած աղէտները կը յիշէ ու դիւցազնապէս ոտքի կը ցատկէ։ Մարմինը կը տեսնէ որ հարուածները դադրեցնելու համար՝ իր միտքն ու լեզուն պէտք է օգտագործէ, իր անդամներուն հոգալու համար՝ իրենց պաշտպան մարմնին զօրութիւնը պէտք է շեշտէ եւ իր բջիջները աշխուժացնելու համար, պէտք է անոնց կենսանիւթեր հասցնէ։ Այդ իսկ վայրկեանէն՝ Հայու մարմինը իր արցունքի լճակը կը ցամքեցնէ եւ ուժերը հաւաքելով՝ ճամբաները Եարխուշտա կը պարէ։ 

Ան կը բուժէ ինչ կրնայ, չկրցածը՝ Աստուծոյ կը յանձնէ։ Ու ամէն գիշեր մարմինը ետ քունի կ՛անցնի, անվերջ յուսալով արեւոտ լուսաբացին։