Պունտեսթակի Պատգամաւորը Աշխարհի Խորհրդարաններուն Կոչ Կ’ուղղէ Խօսքէն Անցնելու Գործնական եւ Հաստատ Գործողութիւններու


«Սիվիլնեթ»,- Գերմանիոյ Պունտեսթակի պատգամաւոր Շթեֆան Կոտրէն մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն կը համարէ, Թուրքիոյ աջակցութեամբ, Ազրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէն Արցախի խաղաղ բնակչութեան թիրախաւորումը: Այս մասին յայտնած է պատգամաւորը, Հոկտեմբեր 18-ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ընթացքին:

«Գերմանական մամուլը արդար ձեւով չի ներկայացներ այս պատերազմը, այդ պատճառով ալ կարեւոր էր, որ մենք գայինք այստեղ եւ մեր աչքերով տեսնէինք իրականութիւնը: Մենք եղած ենք Շուշի քաղաք ու տեսած ենք, թէ ինչպէս Ազրպէյճանը հրթիռակոծած է եկեղեցին: Այսօր Ստեփանակերտի մէջ մեր աչքով տեսանք հրթիռակոծուած բնակելի շենքերը, որոնց մօտ որեւէ ռազմական կեդրոն կամ շէնք կայ: Մենք արձանագրած ենք, թէ Ազրպէյճանը Թուրքիոյ օգնութեամբ յարձակումներ իրագործած է Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ եւ այս մէկը մարդկութեան դէմ գործուած մեծ յանցագործութիւն մըն է », ըսաւ պատգամաւորը:

Կոտրէ նշեց, որ իրենք աշխարհի խորհրդարաններուն կոչ կ’ուղղեն, որ անոնք խօսելէն անդին անցնելով՝ գործնական եւ հաստատ գործողութիւններ ձեռնարկեն։

«Պէտք է պատժամիջոցներ կիրառուին Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ դէմ, որպէսզի այս պատերազմը շուտ վերջանայ: Խաղաղութիւն սիրող իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն պէտք է հիմա ձայնը բարձրացնէ ընդդէմ Ազրպէյճանին: Մենք պատրաստ ենք գործելու խաղաղութեան համար», նշեց ան: