«Սփիւռքահայերը Հայաստանին Կրնան Օգնել Հոս Գալով։ Հայաստան Գալը Զոհողութիւն Չէ, Եթէ Նպատակի Մը Կը Հաւատաս» Կ’ըսեն Հայրենադարձ Պրն. Մարգար Եւ Տիկ. Էլիզ Շարապխանեանները


Պրն․ Մարգար եւ Տիկ․ Էլիզ Շարապխանեանները Ուշիի իրենց տան մէջ, 11 Դեկտեմբեր 2021

14 տարիներէ ի վեր պրն. Մարգար եւ տիկ. Էլիզ Շարապխանեանները կը բնակին Արագածոտնի մարզի Ուշի գիւղին մէջ։ Անոնք մեծ ներդրում եւ աւանդ ունին գիւղի բարեզարդման եւ զարգացման մէջ։

Տէր եւ Տիկին Շարապխանեանները «Թորոնթոհայ»ին կը պատմեն իրենց` Հայաստան հաստատուելու եւ յատկապէս գիւղական շրջանի մէջ ապրելու փորձառութեան մասին։

Հարցազրոցը վարեց՝ Սալբի Սաղտըճեան

Հարցում- Երկար տարիներէ ի վեր կ’ապրիք Հայաստան, Ինչպէ՞ս որոշեցիք հոս հաստատուիլ։

Պրն. Մարգար– Նախքան անկախանալը՝ Հայաստան շատ կու գայի։ 1986-ին, 8-րդ դասարանի շրջանաւարտներս` իրենց ուսուցիչներով, 22 հոգի բերի Հայաստան եւ ամէն տեղ պտտցուցի։ Շատ լաւ ժամանակ անցուցին անոնք։ Հակառակ անոր, որ Սովետական Միութիւնը որոշ դժուարութիւններ կու տար, նոյնիսկ Սփիւռքահայութեան՝ Մշակութային Կապի Կոմիտէի քարտուղարին հետ որոշ հակաճառութիւն մը ունեցանք, որովհետեւ իրեն հեռաձայներ են, թէ դաշնակցական խումբ մը եկած է Հայաստան։ Ան ըսաւ՝ «Ձեզի դաշակցական կ’ըսեն», ըսի՝ «Այո, այս դաշնակցական ճուտիկները վաղը պիտի մեծնան եւ մեծ դաշնակցականներ պիտի ըլլան, դուք հպարտ պէտք է զգաք»․ այսպէս կը խօսէի իրենց հետ։ 1991-ին, երբ Հայաստան անկախացաւ, առաջինը բանը որ ըսի՝ «Ես Հայաստան պիտի տեղափոխուիմ»։ Էլիզին ալ այդ մասին միշտ կը խօսէի, բարեբախտաբար, ինքն ալ համաձայն էր։ Ասիկա մեծ առաւելութիւն մըն է այր մարդուն համար, որովհետեւ եթէ կինը համաձայն չըլլայ, չի յաջողիր։

Տիկ. Էլիզ- Դուրսէն մարդիկ կ’ուզեն գալ։ Անոնք կ’ըսեն՝ «Ձեր գիւղը շատ գեղեցիկ է», իսկապէս որ գեղեցիկ է՝ ամէն եղանակի։ Մարգարը իրենց կ՛ըսէ՝ «Կինդ համաձա՞յն է, եթէ համաձայն չէ, մտքէդ մի՛ անցըներ գալու մասին»։

Առաջին անգամ Երեւանի մեր յարկաբաժինը գնեցինք, այն ատեն դեռ կ’աշխատէինք, ամառները կու գայինք։ 2006-ին գրող մը, հո՛ս խորովածի կանչեց մեզի։ Այն ատեն ըսինք, թէ Արարատը ի՜նչ գեղեցիկ կ’երեւի հոսկէ։ Նոյն օրը ան Մարգարը պտտցուցեր է գիւղին մէջ եւ ըսեր է, որ ծախու հող է այդ տարածքը։ Տուն վերադարձին, թաքսիին մէջ Մարգարը ինծի ըսաւ՝ «Գիտե՞ս, մտածելու բան ունինք, Ուշիի մէջ Արարատի տեսարանով հող մը ծախու է»։ Որեւէ ձեւով պատրաստ չէինք, ոչ ալ փողը ունէինք մեզի հետ։ Զբօսաշրջիկի կարգավիճակով եկած էինք՝ քանի մը ամսուան համար։ Դիմեցինք ասոր-անոր, որ փող տան մեզի։ Երբ առինք, ըսինք, թէ մենք երիտասարդ չենք, որ գալ տարի կամ միւս տարի սկսինք շինարարութիւնը, եթէ բան մը պիտի ընենք անմիջապէս պիտի ընենք ու ճարտարապետի մը քով գացինք… 2007-ին տունը վերջացած էր արդէն եւ տեղափոխուեցանք։ Գանատայի մէջ Մարգարը դադրած էր աշխատանքէն, իսկ ես տակաւին կ’շխատէի. մտածեցի, թէ ինչո՞ւ պիտի սպասեմ մինչեւ 65 տարեկան ըլլալը, որ դադրիմ աշխատելէն, մանաւանդ որ Մարգարը կու գար հոս եւ երկար կը մնար, իսկ ես գործիս համար կը վերադառնայի։ Քանի մը տարի դեռ Թորոնթոյի տունը պահեցինք, բայց խնամող չկար՝ ծախեցինք։

Պրն. Մ.– Հիմա մեր տունը այս է, ուրիշ երթալիք տեղ չունինք (կը ծիծաղի) ՝ մեր տղոց տուները հաւանաբար, բայց իրենք կու գան, երկուքն ալ Հայաստանի հետ կապ ունին։

Հ․- Դժուար չէ՞ գիւղ ապրիլը, որովհետեւ ընդհանրապէս հայրենադարձ սփիւռքահայերուն մեծ մասը կը նախընտրէ բնակիլ Երեւան։

Տիկ․  Է․– Ո՛չ, իրականութեան մէջ աւելի հաճելի է, որովհետեւ հոս ընտանիքի պէս ենք, մեր դուռը զարնող կայ միշտ։ Երեւան ատիկա չկար, հարեւանները բոլորը աշխատանքի կ’երթային։ Հոս միշտ եկող-գացող կայ,  օրինակ՝ այսօր այս լոյսը մարած է, ես չեմ կրնար ելլել փոխել, կը խնդրեմ՝մեծ սիրով կու գան կ’օգնեն։ Պատահած է, որ օրինակ խողողովակ մը պայթած է, ջրհեղեղ եղած է տունը, գիշերը ժամը 3-ին հեռաձայնած եմ, եկած են։ Նոյնիսկ հիւանդանոց մեզի հետ եկած են եւ՝ բոլոր գործերը ըրած։ Հոս ապրիլը աւելի դիւրին է, բայց հաւանաբար ոչ երիտասարդներուն համար, կրնայ ըլլալ երիտասարդները ուզեն թատրոն կամ այլ տեղ երթալ։ Մենք այդ բոլորը կ’ընէինք, ետ հոս կու գայինք, որովհետեւ Թորոնթոյի մէջ վարժուած էինք՝ քաղաք երթալու համար 25 քմ․ կը քշէինք։ Երեւանի կեդրոնէն մինչեւ հոս 28 քմ․ է, հեռու չենք,  արուարձանի պէս է գրեթէ։ Առաջ երկու տուն ունէինք՝ հոն եւ հոս, բայց երբ այս տունը եղաւ, որոշեցինք վերջնական հոս մնալ։ Գիւղէն, եւ մեր հարեւաններէն շատ-շատ գոհ ենք, բայց գիտէ՞ք, այս ամէնը ինքնաբերաբար եւ բախտով եղաւ, առանց փնտռելու կամ ուրիշ տեղ նայելու։ Բախտով է, որ մեր դիմաց Արարատ, Արագած, Արայի լեռները ունինք՝ երբեմն ամէն ինչ իր տեղը կ’իյնայ առանց իրարանցումի։

Պրն. Մ.– Ուշեցիները բոլորն ալ վանեցիներ են ՝ արեւմտահայ են ծագումով։ Շատ լաւ գիւղ է, բախտաւոր ենք։ Պէտք է նշենք նաեւ, որ ուշեցիները մեծ ոգեւորութեամբ եւ խանդավառութեամբ ընդունած են մեզ։ Հոս հողամաս մը ունինք, ուր ժողովուրդին համար կառոյց մը կը շինենք։ Երէկ, օրինակ, գիւղապետը առանց ինծի հարցնելու ոչխար մը գնեց եւ մատաղ ըրաւ, որովհետեւ գիւղին մէջ կառոյց մը կը ստեղծուի՝ մեր կառուցած մոթելը։ Բոլոր տղամարդիկ հաւաքուեր էին եւ շատ ուրախ ժամանակ անցուցինք։

ՏիկԷ.– Մարգարը Ուշին շատ-շատ կը սիրէ, այսինքն՝ իրեն համար սա իր կեանքի երազանքն էր, որ իրականացաւ։

Հ․- Յաջորդ հարցումս պիտի ըլլար այն, որ ինչո՞վ կը զբաղիք հոս։

ՏիկԷ.- Ինչպէս Մարգարը նշեց, մոթելի նման պզտիկ unit-ներ կը շինենք, գիւղէն ահագին աշխատող կայ ատոր վրայ, իսկ յետոյ պիտի յանձնենք մէկու մը, որ business ընէ եւ դարձնէ, որովհետեւ business-ի համար մեր տարիքը անցած է, եւ որեւէ նիւթական ակնկալիք ալ չունինք։ Մտածեցինք, որ Երեւանի մէջ յարկաբաժինի մէջ ապրողները մէկ կամ երկու օրով կ’ուզեն գիւղ երթալ ու տեղ մը մնալ։ Ասոնք ճիշդ մեր արեւմտեան չափանիշներով՝ մաքուր, գեղեցիկ, կահաւորուած՝ մէկ ննջասենեակ, հիւրասենեակ, խոհանոց եւ զուգարանով, պարտէզով unit-ներ են։ Այսպիսով, Ուշին ձեւով մը քարտէսին վրայ կը դրուի։

Երբ աւելի երիտասարդ էինք, գիւղին fabric-ին մէջ շատ փոփոխութիւն ընելու կարելիութիւնը ունեցանք․ սկիզբը դպրոցի նորոգութիւնները ըրինք, մշակոյթի տան նորոգութիւնը, թէեւ ունինք պարախումբ եւ նկարչական խումբ, բայց դեռ կառոյցը իր նպատակին չի ծառայեր, գիւղի լուսաւորութիւնը, յետոյ ամբողջ տուներուն վրայ թիւ դրինք, որպէսզի երբ շտապօգնութիւնը գայ, գիտնայ ո՞ր տունը պիտի երթայ։ Մեր փողոցը մենք ասֆալթապատեցինք։ Գիւղին մէջ 22 կարիքաւոր ընտանիք կայ, ամէն Նոր Տարիին անոնց կապոցներ կու տանք՝ մթերքներ եւ մաքրութեան պարագաներ։ Grand Candy-ի տուփերէն կ’առնենք եւ մշակոյթի տան մէջ ձեռնարկ կ’ընենք ու գիւղի երեխաներուն կը բաժնենք։ Գիւղին մէջ ամէն մէկ երեխայ որ ծնի $100 տոլար կը ստանայ, իսկ եթէ հայկական անունով անուանուի՝ $150։

Բայց չկարծէք, թէ մեր նիւթական միջոցները այդքան բան ընելու կը բաւարարեն, այս ամէնը ազգականներու, բարեկամներու, այցելուներու, բարերարներու միջոցով կ’ըլլայ՝ մարդիկ կը վստահին մեզի։ Երբեմն կ’ըսեմ, որ շատ սխալ մասնագիտութիւն ընտրեր եմ, պէտք է հաշուապահ ըլլայի, որովհետեւ այս բոլորին հաշիւները ես կ’ընեմ։

Հ․- Տիկ․ Էլիզ, տարիներ առաջ, երբ մէկ անգամ առիթ ունեցանք ձեզի այցելելու, գիւղի պզտիկներուն համար դասընթացքներ կը կազմակէրպէիք, կը պատմէ՞ք այդ մասին։ Ի՞նչ կը սորվեցնէիք անոնց։

ՏիկԷ Այո՛, ձեռային աշխատանքներ եւ ձեռագործներ կը սորվեցնէի պզտիկներուն։ Մեր հոս գալը 14 տարի եղաւ, հիմա այդ պզտիկները ամուսնացան, իրենց զաւակներուն համար կը գործեն, նոյնիսկ մշակութային տան մէջ ունինք սորվեցնող խմբակ մը։ Ոմանք ալ գործի վերածած են այդ աշխատանքը՝ քրոշէով խաղալիքներ կը գործեն եւ կը ծախեն։

Պրն. Մ.– Մեր աղջիկները մեծցան եւ ընտանիք ունեցան։ Սերունդը լաւ է, լաւ երեխաներ են։

Հ․- Հայաստան ապրելու եւ մանաւանդ տեղացիներուն հետ շփուելու երկար փորձ ունիք։ Ինչպիսի՞ վատ երեւոյթներ կան Հայաստանի մէջ, որ կ’ուզէիք վերանային եւ ի՞նչ լաւ բաներ, որոնք խրախոսելի են։

Տիկ. Է.– Իրարու օգնելու ցանկութիւնը շատ լաւ է։ Այս մէկը իսկապէս խրախուսելի է։

Քանի մը բան կ’ուզէի վերանան, օրինակ՝ մահուան հետ իրենց կապը, ինծի համար շատ ծանր է անիկա։ Միշտ գերեզմանները աւելի գեղեցիկ են, քան՝ իրենց տուները։ Ամէն տաղաւարներուն փոխանակ եկեղեցի երթան եւ իսկական տօնը նշեն՝ մահ կը նշուի։ Թաղումի ատեն կիները գերեզման չեն երթար, յաջորդ օրը կ՛երթան, կամ հոգեճաշի ատեն կիները առանձին կը նստին, տղամարդիկ առանձին. ասոնք մեր աւանդական սովորութիւնները չեն։ Դժուար է ասոնք փոխելը, երբեմն կը յարմարինք, եբեմն ալ մեր ձեւը կը պարտադրենք։ Ասկէ 10 տարի առաջ Թորոնթոյի մէջ մայրս մահացաւ, եօթնօրէքին տեղացիները ըսին, թէ օղի պիտի խմեն, ըսի՝ «Չէ՛, մամաս եթէ գիտնայ, որ իր եօթնօրէքին օղի հրամցուցեր եմ, զիս գերեզմանէն կ’անիծէ։ Օղին ուրիշ օր մը եկէք խմելու, այսօր մամայիս սիրած խմիչքը՝ թան պիտի խմէք»։ Տարիներու ընթացքին ջանացի մեր սովորութիւններն ալ մտցնել հոս։

Գիտէ՞ք, թէ Նոր Տարին ինչպէս կը նշեն հոս, կը մեղքանամ այդ կիներուն, որոնք շաբաթով ճաշ կ’եփեն։ Նախքան COVID-ը ես ալ Նոր Տարուան գիշերը հարեւաններս կը հրաւիրէի, սեղան կը դնէի, բայց ժամը 12  չեղած կը ձգէին կ’երթային, որովհետեւ Նոր Տարին իրենց տունը պէտք է դիմաւորեն։ Տարիներ առաջ, երբ մեր գիւղի երեխաները փոքր էին, Մարգարը իրենց Ծնունդի երգեր սորվեցուց, որ Յունուար 5-ի գիշերը երթան Աւետեն, ըսին՝ չ’ըլլար, 5-ին ահագին մարդ մահուան ճաշ ունի, եւ չկրցանք ընել, որովհետեւ Աւետիսին տեղ հոգճաշ կ’ընեն, տարօրինակ է, չէ՞։ Բայց եթէ միայն քննադատական աչքով նայիս եւ չյարմարիս, ապրիլը դժուար կ’ըլլայ։ Իսկապէս, որ շատ լաւ յատկութիւններ ալ ունին, որ երբեմն մենք չունինք։ Եկու կողմանի է։ Տեղացիք միշտ մեզի կ’ըսեն.- «Հոս կայ գիւղացի եւ տաչնիկ (տաչնիկը քաղաք ապրողն է, որ գիւղը տուն ունի, բայց միայն շաբաթավերջերուն կու գայ, խոռոված կ’ընէ եւ առանց գիւղացիին բարեւելու կ’երթայ), դուք գիւղացի էք, տաչնիկ չէք, որովհետեւ բոլորին հետ հաւասար կը շփուիք»։ Հիւադանոց ալ, բժիշկի ալ երթալու պէտք ունեցած ենք, միշտ մեր կողքին եղած են։ Անշուշտ այս բոլորը երկկողմանի են։

Երանի՜ դեռ երիտասարդ ըլլայինք եւ նոյն թափով աշխատէինք, որովհետեւ դեռ մանկապարտէզ չունինք եւ մեր երազն է գիւղին մէջ մանկապարտէզ մը ունենալ։ Դպրոցի նորոգութեան ժամանակ քաղաքական վիճակը աւելի հանգիստ էր, կրցանք ընել, բայց հիմա քաղաքական վիճակն ալ չ’օգներ, որովհետեւ երկու օրը մէկ մարզպետ մը կը փոխուի, չես գիտեր ո՞ր մարզպետին հետ ի՛նչ խօսիս, ի՛նչ ընես։

Հ․- Քանի՞ աշակերտ ունի դպրոցը։

Տիկ. Է Հիմա 250 աշակերտ, առաջ աւելի էր։ Դպրոցը այն ատեն անուանեցինք «Նիկոլ Աղբալեան», գրադարանը եղաւ Համաստեղի անունով, թատերասրահը եղաւ  Լեւոն Շանթի անունով։ Մշակոյթի տունը հսկայ շինութիւն է, մեծ գումարներ պէտք եղան նորոգելու համար, բայց շատ լաւ եղաւ։ Օրինակ ձմեռները այս հոգեճաշերը փողոցները կ’ընէին, իսկ հիմա մշակոյթի տունը խոհանոց եւ 400 հոգիի համար ամէն յարմարութիւն ունի։ Ձեւով մը մեր հասկացողութիւնները հոս բերած ենք, կարգ մը բաներ ալ իրենց ուզածին պէս ըրած ենք, բայց ափսոս որ ալ ծերացանք։

Հ․- Բայց արդէն շատ մեծ է ձեր ներդրումը գիւղէն ներս։

Տիկ. Է Այո՛, բայց ըսեմ, որ մենք Թորոնթոյի մէջ ալ շատ աշխոյժ ազգային կեանք ունեցած ենք։ Մարգարը երկար տարիներ դպրոցի տնօրէն եղած է, ես ալ Համազգայինի մէջ անդադար աշխատած եմ, գրադարանին մէջ աշխատած եմ տարիներով։ Միշտ ազգային շրջանակի մէջ եղած ենք։ Հոն ալ կ’ընէին, հոս ալ կ’ընենք։

Հ․- Հայաստանը դժուար ժամանակներէ կ’անցի, ըստ ձեզի իւրաքանչիւր հայ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ի՞նչ ընելիք ունի երկիրը չգնաժամային այս վիճակէն դուրս բերելու համար։

 Պրն. Մ.–  Քաղաքական տեսակէտէ՝ շատ դժուար է, պատասխան չունինք։

Տիկ. Է Դժուար հարցում է, շատ դժուար։ Այսքան վատ քաղաքական վիճակ չէի կրնար երեւակայել։ Գիտէի, որ մարդիկ սուրբ չեն, այս կամ այն սխալը ունին, բայց․․․ իսկապէս անկայուն եւ մտահոգիչ վիճակ է, իսկ ժողովուրդին կեցուածքը անբացատրելի։ Ամենացաւալին այն է, որ մարդոց յիշողութիւնը կարճ է։

Սփիւռքահայերն ալ կարծիք յայտնելէ եւ քնադատելէ պէտք է դադրին, կարելի չէ քննադատել կամ դատել առանց հոս ապրելու, առանց մարդոց մտածելակերպը իմանալու կամ վիճակը տեսնելու: Դուրսէն հետեւիլը չի բաւեր, պիտի կարենաս այդ հանրութեան մէջ մտնել ու յետոյ զիրենք դատել։ Այս ալ երկիր է՝ ուրիշ երկիրներու նման եւ հոս ալ շատ լաւ մարդիկ կան, վատ մարդիկ ալ կան։ Կը կարծեմ, որ արեւմուտքէն առաջ՝մեր արեւելքէն ըլլալը, այսինքն՝ Մարգարին՝ Յունաստանէն, իսկ իմ Հալէպէն ըլլալս աւելի հեշտ կ’ընէ ամէն ինչ։ Արեւմուտքին մէջ ծնածներուն համար քիչ մը աւելի դժուար է։

Պրն. Մ. Հայաստանցիներուն հայրենասիրութիւն պէտք է քարոզենք։

Տիկ Է–  Մայիս 28-էն առաջ դպրոցները կը փակուին, իսկ մեր քով այդ առիթով մեծ տօնակատարութիւն կ’ըլլայ։ Ո՛չ Մայիս 28 կայ, ո՛չ Վարդանանք կայ, ո՛չ բարեկենդան։ Օրինակ եկեղեցին կը պայքարի Halloween-ի դէմ, ինչո՞ւ ատոր դէմ կը պայքարիս՝ դուն բարեկենդանը տարածէ, օրինակ ան յաջողեցաւ Valentine՛s-ի դիմաց Ս․ Սարգիսը դնելով։ Երբեմն մեր թիրախները սխալ կ’ընտրենք։

Սփիւռքահայերը Հայաստանին կրնան օգնել՝ հոս գալով, հեռուէն դժուար է օգնելը։ Ես հանդիպած եմ շատ հայրենասէր մարդոց, որոնք կու գային մեր քով, եւ կ’ըսէին.  «Քիչ մը շտկեցէք այս Հայաստանը, որ գանք»։ Շտկելու գործը բոլորիս գործն է, եթէ շտկուելիք բան կայ՝ ամէնքս ընելիք ունինք։ Ե՛ւ ես․ ե՛ւ Մարգարը կը հաւատանք, որ տեղւոյն վրայ կարելի է ատիկա ընել։ Այս գիւղին մէջ մեր ըրած գործերը հեռուէն, եթէ նոյնիսկ ասոր կրկնակի դրամը դնէինք, չէինք կրնար ընել, որովհետեւ պիտի զգաս ինչի կարիքը կայ հոս։

Հ․- Ձեր վարձքը կատար, Ուշիի մէջ ձեր ունեցած նեդրումը շատ մեծ է։ Երանի շատ մը սփիւռքահայեր ձեր օրինակով առաջնորդուին։

Պրն. Մ.– Երէկ գիւղապետը կ’ըսէր՝ «Պրն․ Մարգար կ’աղօթեմ Աստուծոյ եւ կ’ըսեմ, թէ ի՛նչ կ’ըլլար, եթէ պրն․ Մարգարը քսան տարի աւելի երիտասարդ ըլլար։ Եթէ վաթսուն տարեկան ըլլար ինչե՜ր կրնար ընել ան»։

Տիկ. Է․– Ոչ մէկը թող կարծէ, որ զոհողութիւն է Հայաստան գալը, ո՛չ, զոհողութիւն չէ։ Եթէ նպատակի մը կը հաւատաս եւ այդ նպատակին համար կ’ուզես մէկ պզտիկ լումայ դուն ալ դնել, սա քու կեանքդ կը հարստացնէ, բան մը ըրած ըլլալու գոհունակութիւնը կը զգաս եւ կեանքդ կ’իմաստաւորես։ Այս բաներուն մասին տարիքդ առնելէն ետք աւելի կը մտածես, քան երբ երիտասարդ ես։